Անցեալ դարու սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը քեսապահայութեան գլխաւոր եկամուտը գիւղատնտեսութիւնն էր, եւ` իբրեւ պարտիզպաններ, այդ ժամանակաշրջանի սկիզբը մշակած են թթենի` օգտուելով անոնց տերեւներէն, շերամապահութեան կամ շերամաբուծութեան նպատակով: Ասոր զուգահեռ, ոմանք զբաղած են արհեստներով, երկաթագործութեամբ, ատաղձագործութեամբ, զինագործութեամբ, եւ սահմանափակ թիւով անձիք զբաղած են առեւտուրով:
Ֆրանսական գաղութատիրութեան սկիզբը սկսած են զբաղիլ ծխախոտի եւ դաբնիի ծառերու մշակումով: Ծխախոտը կը վաճառուէր ֆրանսական հոգատարութեան «Ռէժի» ընկերութեան, որ ստացած էր անոր շահարկման մենաշնորհը, իսկ դաբնիի ծառերէն կը ստանային անոր սեւհատ պտուղները (ձիթապտուղին նմանող) եւ զանոնք մշակելով` թոռելով, անկէ կը ստանային դաբնիի անուշաբոյր ձիթաիւղը, որ կ՛օգտագործուէր նշանաւոր օճառաշինութեան մէջ: Տեղին է նշել նաեւ, որ դաբնիի ձիթաիւղը կ՛օգտագործուի Ս. Միւռոնի պատրաստութեան մէջ` որպէս գլխաւոր անուշաբոյր իւղ. կարգ մը վայրերու մէջ զայն կ՛անուանեն «բալասան», որովհետեւ կ՛օգտագործուի որպէս ցաւազրկիչ սպեղանի… Իսկ դաբնիի ծառերու մշակման աշխարհագրական լաւագոյն տարածաշրջանը կը հանդիսանայ Միջերկրական ծովու հիւսիս-արեւելեան ափը (Պաղեստին, Լիբանան, Սուրիա, Կիլիկիան, Յունաստան…):
Այստեղ մէջբերենք, թէ Քեսապի Գարատուրան գիւղի արտադրած ծխախոտը իւրայատուկ էր իր բոյրով ու հռչակաւոր. իսկ դաբնիի ձիթաիւղով պատրաստուած օճառի քանի մը գործարան ցայսօր կը գործեն (հակառակ 2014-ի տեղահանութեան), եւ արտադրուած օճառը կը շարունակէ իւրայատուկ ու տիրական մնալ սուրիական շուկային մէջ:
Ֆրանսական գաղութատիրութեան երկրորդ տասնամեակին Քեսապ կը ներմուծուի խնձորի մշակութիւնը. այս գործընթացին դրօշակակիրը, նորարարը եւ ջատագովը կը հանդիսանայ ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ Քեսապի որպէս քաղաքապետ նշանակուած, հայազգի Մանուկ Չիպուգճեանը, որ կը յաջողի Քեսապ հասցնել խնձորի նոր տեսակ մը, որ իր անունով, հնչափոխութեամբ մը կոչուած է «Չըպըխչեան» (Sans pareille սորթը)` ի պատիւ ու յարգանք Մանուկ Չիպուգճեանին: Ի դէպ, այս անուանակոչութիւնը ցայսօր ի զօրու է Լաթաքիոյ նահանգին մէջ:
Այստեղ միջանկեալ անհրաժեշտ է արձանագրել, թէ Ալեքսանտրէթի նահանգը Սուրիայէն պոկելու, անջատելու ու Թուրքիոյ կցելու քայլը մեծ հարուած հասցուց Քեսապի տնտեսական կեանքին. Քեսապ, որ շրջակայ գիւղերու արհեստներու ու առեւտուրի կեդրոնն էր, այդ քայլով մեկուսացուեցաւ իր խաչմերուկային վիճակէն ու սեղմուեցաւ սահմանային եռանկիւնի մը մէջ: Բայց այդպէս մնալով հանդերձ, ցայսօր առաջնադիր վիճակ ունի մանաւանդ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ:
Խնձորի մշակութիւնը սկսաւ համատարած դառնալ Սուրիոյ անկախութենէն ետք (1947), իսկ 60-ական թուականներէն ետք դարձաւ գիւղատնտեսական գլխաւոր արտադրութիւնը, դաբնիի պտուղին կողքին:
Սակայն այսօր, 21-րդ դարուս, կլիմայական պայմաններու փոփոխութեան` երկրագունդի ջերմացման պատճառով, խնձորի մշակումը բաւական չափով իր տեղը զիջած է կորիզային պտուղներէն դեղձին ու սալորին…
Ասոր զուգահեռ կամ միատեղ, կարգ մը սակաւահող ու բազմազաւակ քեսապցիներ, անոնց զաւակներէն ոմանք սկսան աշխատիլ զբօսաշրջութեան ծառայութիւններու բնագաւառին մէջ (պանդոկ, ճաշարան, պատրաստ ճաշերու հաստատութիւններ, մանրավաճառներ, բանջարավաճառներ… եւ այլն):
Մեծ հայրս` Կարապետը, որ ուսանած էր Այնթապի քոլեճին մէջ (նախքան Մեծ եղեռնը), ուսուցչութեան իր գործունէութեամբ, վաստկելով «Կէրպօ խոճա» մակդիրը, 1953-ին կը նախաձեռնէ իր փոքր տարածութիւններէ կազմուած պատառ-պատառ կալուածներու մշակումին` տնկելով խնձորի ծառեր, որոնց տունկերը Լիբանանէն բերել կու տար: (Այսօր, այդ թուականէն 68 տարիներ ետք, անոր մշակած ծառերէն 2 հատը տակաւին կ՛ապրին, թէկուզ հասած են իրենց վերջալոյսին):
Պարտիզպանի մը ամենակարեւոր իրերէն մէկն է յօտիչ-մկրատը` մեծ ու փոքր չափերով: Ան ձմեռնամուտին` «քառասունքին», կը սկսի յօտել («սափռել») ծառերը, երբ անոնք ձմրան քունին մէջ կ՛ըլլան, իսկ այս գործընթացը կրնայ տեւել մինչեւ մարտ ամիսը, նախքան ծառերուն բացուիլն ու ծաղկիլը: Անշուշտ այս գործընթացը ունի իր գլխաւոր օրէնքները, սակայն շրջանէ շրջան անոր մանրամասնութիւնները կրնան տարբերիլ:
Պարտիզպան մշակէն կը պահանջուի, որ լաւ ըմբռնած ըլլայ իր ծառերուն իւրայատկութիւնները, տեսակները, պարտէզին վայրը, հողատեսակը եւ մանաւանդ անոնց տրուած սնունդը, ուստի` աճման հասակը ու անոնց առողջական իրավիճակը (վարակներ, երաշտ… եւ այլն): Կը պահանջուի, որ ան ունենայ սուր նկատողութիւն, համբերատարութիւն, բծախնդրութիւն ու քիչ մըն ալ «ճաշակ». այլ խօսքով, ծառերու յօտումի աշխատանքը թէ՛ արհեստ է եւ թէ՛ արուեստ:
Յօտելու այս «արարողութիւնը» կը կատարուի ընդհանրապէս հաւաքաբար. ինչպէս բերքահաւաքի ժամանակ, այս աշխատանքին ալ պարտիզպաններ զիրար կ՛օգնեն, եւ այդ հաւաքական աշխատանքը ունի իր «համն ու հոտը»…
***
Հայրս` Փայլուն Վահանը, մեծ հօրս տնկած այգին ընդարձակեց ու պտուղներուն տեսակները բազմացուց` խնձոր, տանձ, դեղձ, սալոր, խաղող եւ այլն:
Տողերուս հեղինակը, երբ քաղաքի կեանքը (Պէյրութ-Հալէպ) լքած բարձրացայ ծննդավայրս` Քեսապ, հայրս իր աշխատանքին կիզակէտը դարձուց այգին, ինծի յանձնելով իր մանրավաճառի խանութին պատասխանատուութիւնը, սակայն, ինչպէս բերքահաւաքի ատեն, ծառերու յօտելու հանգրուանին ալ կը միանայի հօրս:
Հաւանաբար 2000 թուականին էր, հայրս այգին յօտելու գործին հրաւիրեց Էքիզօլուխ գիւղէն, փորձառու վարպետի համբաւ ունեցող Զարեհն ու Վրէժը` համարեա ինծի տարեկից:
Յօտելու գործընթացը շատ հաճելի անցաւ այդ տարի: Ինչպէս մեր ձեռքերուն մէջ եղող մկրատները կը շարժէին, նոյնպէս մեր բերանները. լեզուները զուարճալի պատմութիւններ պատմելէն կանգ չէին առներ:
Հայրս շատ գոհ էր աշխատանքին որակէն, նոյնիսկ իմ` սկսնակիս աշխատանքէս բաւարարուած էր: Եւ երբ այդ աշխատանքը մօտ 10 օրեր ետք աւարտեցաւ, հայրս Զարեհին եւ Վրէժին հետ պայմանաւորուեցաւ յաջորդ տարուան համար (եթէ Տէրը կամենար… ինչպէս կը մաղթեն հաւատացեալները…):
Սակայն, մեր չար բախտէն, Զարեհը, որ գիւղին ջուրի մատակարարման պետական ընկերութեան պաշտօնեայ էր, չկրցաւ միանալ մեզի. անոր պատասխանատու տնօրէնը խստապահանջ ըլլալով, անոր արգելք հանդիսացաւ յօտելու աշխատանքի երթալ: Ուստի ան իրեն օգնական հրաւիրեց խմբակ մը, 4 անձեր, որպէսզի, արձակուրդի օրերուն աշխատելով, իր խոստացած պարտիզպաններուն խոստումնադրուժ չհանդիսանայ եւ յանձն առած պարտէզներուն յօտելու աշխատանքը աւարտէ նախքան ծառերուն ծաղկիլը:
Զարեհին հրաւիրած խմբակին ամենատարեցը Բարսեղն էր:
Բարսեղ, թէեւ մուտք գործած էր 21-րդ դար, սակայն չէր հրաժարեր 19-րդ դարու իր սովորութիւններէն: Ան տաբատի փոխարէն կը հագնէր արաբական մեծածաւալ շալվար` բամպակէ հիւսուած պատրոյգով ամրացուած իր մէջքին:
Իր արտաքինը, 19-րդ դարու պատկանած ըլլալու համար, որպէս ոտնաման ոտքերուն հագին ունէր Դամասկոսի կամ Հալէպի կարմիր կաշիով կարուած երկարավիզ մոյկեր, որոնց ներքնակը շինուած էր ինքնաշարժի մը անիւի ռետինի կտորէն:
Հապա լեզո՜ւն… Հայերէն հազիւ կը կմկմար, սակայն լաւապէս կը տիրապետէր Քեսապի բարբառին ու այդ բարբառով իր շրթներէն «մեղր» կը ծոռէր. մէկ խօսքով, անոր բերանը հայհոյանքի շտեմարան մըն էր:
Պատմուածք պատմուածքի վրայ, սակայն հայհոյանքներով, լուտանքներով համեմուած ու շպարուած: Իսկ այդ պատմուածքները «ամառնային»` այսինքն «վրան բաց» էին ընդհանրապէս:
Իր նայուածքը, միտքը, փոխան ծառերուն յօտելի ոստերուն վրայ կեդրոնանալու, իր պատմուածքներուն հերոսներուն վրայ կ՛երթային:
Ակներեւ էր, որ հայրս շատ դժգոհ էր` Բարսեղին ներկայութենէն աւելի, անոր խօսակցութենէն: Իսկ Բարսեղին ընկերացող համագիւղացիներուն, ինչպէս նաեւ Զարեհին ու Վրէժին դիմագիծերուն վրայ ընդգծուած էր զուարճութեան մեղմ ժպիտ մը, թէեւ ամէնքը լուռ ունկնդիրներ էին:
Այսպէս, օրը թաւալեցաւ. հայրս, այլ գործեր պատրուակելով, խումբէն բաւական հեռու կը մնար:
Բարսեղին բերանը խօսելէն կանգ չէր առած, նոյնիսկ երբ սուրճ խմելու կամ պատառ մը հաց ուտելու պահը հասած ըլլար:
Հասաւ մեկնումի պահը, որուն հայրս սրտատրոփ կը սպասէր: Համբերութիւնը հատնելու վրայ էր:
Խումբը, երբ աջ ու ձախ սփռուած իրերն ու առարկաները հաւաքելով զբաղած էր, հայրս խորհրդաւոր տեսքով մէկդի հրաւիրեց Զարեհը. խումբէն բաւական հեռանալով` անոր դառնալով ըսաւ.
– Տղա՛ս, Զարեհ, այս պարտէզը, ուր աշխատեցանք, կը տեսնես, թէ թաղէն բաւական հեռու է: Մօտ յիսուն տարիներէ ի վեր զայն տնկած եմ, եւ հոս տասնեակներ եկած ու աշխատած են: Լաւ իմացիր, որ անցնող յիսուն տարիներուն ընթացքին պարտէզս, իր ծառերը ու ես այսքան հայհոյանք, լուտանք ու «վրան բաց» պատմուածքներ չէինք լսած: Ծառերս ու իմ ականջներս այսքան չէին աղաւաղուած: Այսօր, գիւղէն հեռու, վարը աշխատեցանք, սակայն վաղը թաղին մէջ գտնուող պարտէզը պիտի յօտենք: Ես գլուխս ո՞ւր պիտի թաղեմ, եթէ այս անպիտանը նոյն ձեւով կռկռայ ու հայհոյէ:
Ո՜ւֆ, գլուխ շինեց. կռ-կռ, կռ-կռ… գորտի պէս կը կռկռայ ու կը հայհոյէ. խօսածը, ըսածը` անպէտք, անպիտան ու անամօթ: Աղաչեմ քեզի տղաս, այս մարդը վաղը հետդ մի՛ բերեր: Զիս կը հասկնա՞ս` տղա՛ս, Զարեհ…
Յաջորդ օրը, խումբը առանց Բարսեղի ներկայութեան կ՛աշխատէր Գարատուրանի, մեր` Մանճիկեան թաղի պարտէզին մէջ: Հոն խաղաղութիւն կը տիրէր:
Սակայն մոռցած եմ. վարի պարտէզին պտուղները արդեօք այդ տարի հայհոյահա՞մ էին:
Քեսապ
17 փետրուար 2021