ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3369 վարակուածներ եւ 53 մահացածներ:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ. «Այնքան ատեն որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձր է, անկարելի է «սովորական կեանք»-ը վերականգնել»:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապէն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Քֆարհիմի դէպքին վերաբերող հարցեր, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ այդ հարցին լուծումը վստահելու լիբանանեան բանակին: Անոնք ընդգծեցին, որ Լեռնալիբանանի եւ անոր բնակչութեան անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է, եւ ոչ ոք հովանի ունի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մախզումի զօրակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին յայտարարած չէզոքութեան կեցուածքին, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ անկախներու եւ մասնագէտներու կառավարութիւն է, սկսեալ վարչապետէն մինչեւ վերջին նախարարը:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս երէկ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Արիտի հաստատեց, որ տնտեսական-ելեւմտական տագնապին հետեւանքները աղէտալի պիտի ըլլան, որովհետեւ կը գտնուինք իր շահերը գոհացնելու նպատակով գործող իշխանութեան մը դիմաց:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ եթէ ոմանք իրենց մահաքունէն չզարթնին, ապա երկիրը պիտի քանդուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Լիբանան Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրող արաբական վերջին երկիրը պիտի ըլլայ: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլա պէտք է համոզէ հանրապետութեան նախագահը, որպէսզի ան վաւերացնէ իրեն ներկայացուած կառավարութեան կազմը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ինայա Իզէտտին յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ թափած նաւթը, որ հասած է ծովափ` կենսոլորտի իսկական աղէտ պատճառած է Լիբանանին:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին լուծումը քաղաքական է, իսկ չէզոքութիւնը անոր բանալին է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ հաստատեց, որ պէտք է արագացնել կառավարութեան կազմութեան թափը` ընդգծելով, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ լիբանանցիներու հարցերուն լուծումներ գտնելը:
ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը Պալամանտի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրինա Ֆոնթոլաքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Կարեւոր նկատուեցաւ Անտիոքի ուղղափառ համայնքին եւ Յունաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը հաստատեց, որ Լիբանանը կարելի է փրկել միայն չէզոքութեան կեցուածքը որդեգրելով եւ միջազգային որոշումները գործադրելով:
ՏՆՏԵՍԱԳԷՏ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին կը յայտնէ, թէ Լիբանանի ելեւմտական տագնապին լուծումը տակաւին կարելի է` միաժամանակ հաստատելով, որ եթէ Լիբանան շարունակէ առանց կառավարութեան գոյատեւել, ապա երկիրը ահաւոր փլուզումներու պիտի ենթարկուի:
ՍՊԱՆԻՈՅ բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Թէոտորօ Լոփեզ Քալտերոն երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուեցան զոյգ երկիրներու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Զօր. Քալտերոն այցելեց հարաւային Լիբանանի Իպըլ Սաքի շրջանը, ուր կը գտնուի հարաւի մէջ տեղակայուած` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող սպանական զօրամասին զինուորական կեդրոնը:


