Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

21 Փետրուարը Մայրենի Լեզուի Օր Է. Մայրենի Լեզուներ Վտանգուած Են

Փետրուար 22, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Թող Յաւե՛րժ Լինի Երթդ, Մայրենի՛

2020թ. փետրուարի 21-ին ԵՊՀ Իջեւանի մասնաճիւղում կայացաւ Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան նուիրուած միջոցառում, որը կազմակերպել էր հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնը:

***

Քանի մը լեզուներ պիտի դառնան միջազգային:

Բազմաթիւ մայրենի լեզուներ պիտի անհետանան:

Համաշխարհայնացում, գիտութեան եւ սպառողական ընկերութեան յառաջացուցած նոյնացում, զբօս-ժամանցի ընդհանրացում եւ միօրինականացում, համակարգչային հնարաւորութիւններ եւ ընկերային ցանցեր, հաղորդակցութիւններու համար գործածուող  լեզուի տեսակները կը նուազեցնեն: Ընթացքը այն է, որ քանի մը լեզուներ պիտի ըլլան միջազգային, միւսները պիտի դատապարտուին գաւառականի վիճակին կամ անհետանան:

Մարդու հոլովոյթի ընթացքին ստեղծուած լեզուները փոխհասկացողութեան հրաշալիքներ են, բնութիւնը ճանչնալու եւ անոր հետ խօսելու, հոգեվիճակներ արտայայտելու, կրողները` շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութեան: Իւրաքանչիւր լեզու ունի իր յատուկ ոգեկանութիւնը, հանճարը: Լեզուներու զանազանութիւնը մարդ տեսակի երեւումին եւ դարերու ընթացքին ձեռք բերած հաղորդակցութեան եւ հաղորդութեան ինքնայատուկ միջոցն է, զոր կը ստանանք մայրերէն, ընտանիքէն, ընկերութենէն: Այս պատճառներով կը խօսինք մայրենի լեզուի մասին` մեր ծիներուն չափ կարեւոր մեր ինքնութեան կազմաւորման համար:

Որպէսզի օր մը մարդկութիւնը չդառնայ անինքնութիւն արտադրող եւ սպառող ընկերութիւն, պէտք է պահել լեզուներու այլազանութիւնը, եւ հաւաքականութիւնները իրենց տարբերութիւններով հարստացնեն համամարդկային ընտանիքը: Կը կրկնուի, որ լեզուներ կ՛անհետանան եւ իրենց հետ կը տանին աշխարհայեցողութեան, մտածելու եւ զգալու ձեւեր, աւանդութիւններ օր մը թերեւս հասնելու համար անապատային անգոյն պատկերի:

Աշխարհի ամէնէն շատ խօսուած լեզուներն են` չինարէնը, սպաներէնը, անգլերէնը, հինտին, արաբերէնը, փորթուգալերէնը, պենկալերէնը եւ ռուսերէնը: Ներկայիս կան շուրջ 5000 լեզուներ: Տասնհինգ օրը մէկ լեզու մը կը մեռնի: Լեզուներուն 50 տոկոսը անհետացման վտանգի ենթակայ է,  90 տոկոսը մինչեւ դարավերջ կրնայ կորսուիլ, եթէ զանոնք պաշտպանելու համար նախաձեռնութիւններ չըլլան:

Լեզուն դարերու ընթացքին կազմաւորուած միջոց է: Ան կը պահէ մեր նիւթական եւ աննիւթական մշակոյթը: Տէր ըլլալ մայրենի լեզուին` միայն լեզու մը սորվիլ չէ, ան պաշտպանութիւնն է մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու ինքնութեան, ժողովուրդներու միջեւ հասկացողութեան, հանդուրժողութեան եւ երկխօսութեան` յարգելով տարբերութիւնները:

Ինչո՞ւ շեշտել մայրենի լեզուին կարեւորութիւնը: Ան ինքնաճանաչողութեան եւ ինքնութիւն ունեցող հաւաքականութեան մուտքի դուռն է: Օտար լեզուն որդեգրելով, կամովին կամ պարտադրաբար, կը խզուինք մեր իւրայատկութենէն: Երբ կը կորսուի մայրենին, կ՛որդեգրուին մտածելու ուրիշ ձեւեր եւ աւանդութիւններ, ժամանակ մըն ալ կը պահուին կարգ մը յիշատակներ, կը սկսի այլասերումը, եւ ապա կ՛այլասերինք:

Թիւերու լեզուն սարսափ կը պատճառէ: Մոլորակի բնակչութեան 40 տոկոսը զրկուած է իր խօսած եւ հասկցած լեզուով ուսում ստանալու հնարաւորութենէն: Այսինքն անոնց լեզուները վաղ թէ ուշ պիտի կորսուին: Այս խնդիրը հետաքրքրուողներուն եւ մտահոգուողներու համար նորութիւն չէ: Հարցը այն է, որ վտանգուած լեզուներու ժողովուրդները պիտի ընդունի՞ն իրերու դանդաղ կամ արագ հոլովոյթը, թէ՞ պիտի հակազդեն` պահելով իրենց ինքնութիւնը, տէր ըլլալով իրենց մշակոյթին, շարունակութիւն ըլլալով եւ չայլասերելով:

Միջազգային ճշմարիտ համագործակցութիւնը միայն նիւթական միջոցներու փոխանակութեամբ սահմանափակելը անգիտացումն է մարդուն` որպէս արժէքի, զայն համարել սոսկ արտադրող-սպառող: Այսինքն` իրաւ մարդկային իրաւունքը ջնջել ասդին-անդին մեր պոռացած արժէքներու տախտակէն:

Փետրուար 21-ը Մայրենիի միջազգային օր յայտարարել որոշած է ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի խորհրդաժողովը, նոյեմբեր 1999-ին: 16 մայիս 2007-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընդունած որոշումով, անդամ պետութիւններուն եւ քարտուղարութեան կը թելադրուէր քաջալերել բոլոր ժողովուրդներու խօսուած լեզուներու պահպանումը եւ պաշտպանութիւնը:

Սեփական լեզուով խօսիլ, գրել, ստեղծագործել եւ յարաբերիլ` արժանապատուութեան էական խնդիր է: Գիտակից յարգանք` սեփական անձին հանդէպ, նաեւ` մերձաւորին եւ հեռաւորին: Իւրաքանչիւր լեզուատէր ժողովուրդը ձեռք պիտի առնէ իր ինքնութեան եւ ժառանգութեան խնդիրը:

Հետեւաբար նաեւ` հայը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Կ՛ըսենք, որ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ԼԵԶՈՒ Է: ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԲՆԱԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷ ԶՐԿՈՒԱԾ Է, կը նմանի օտարութեան մէջ մշակուող տարաշխարհիկ (exotique) բոյսի: Արեւմտահայերէնով գրող-արտայայտուողներ կը նուազին, յաճախ ան դադրած է մշակոյթ ստանալու եւ ստեղծելու միջոց ըլլալէ, կը նմանի համեմի: Դիպուկ է եօթանասուն տարի առաջ Շաւարշ Միսաքեանի կատարած բնորոշումը` «հաց պանիրի հայերէն»` ստուար մեծամասնութեան համար: Այս հաստատումը չ՛անտեսեր հաւատաւոր փոքրամասնութիւններու հոսանքն ի վեր նաւարկելու հերոսական ճիգը: Բայց իրողութիւնները յամառութեամբ կը խօսին® Սփիւռքը հետզհետէ նուազ կը պաշտպանէ արեւմտահայերէնը, անոր կենսագործման միջավայրը, ժողովուրդը, ստիպողաբար օտար լեզուներու եւ մշակոյթներու մէջ է: Յամառող բջիջներ կան, բայց բախտաւոր պարագային, ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ շաբաթավերջի հաճոյք է, ան ալ` ոչ միշտ:

Թող թոյլ տրուի ըսել, որ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՆՈՅՆՊԷՍ ՀԱՅԵՐՈՎ ԲՆԱԿՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է ՈՉ ԹԷ ԿՈՐՍՈՒԵԼՈՎ, ԱՅԼ` ԱՅԼԱՆԱԼՈՎ: Վասն գործնականութեան եւ թիւր ու կեղծ յառաջդիմութեան, հայերէնի մէջ անիշխանական եղանակով ներմուծուած են եւ կը շարունակեն ներմուծուիլ ռուսերէն, թրքերէն, ամերիկերէն եւ այլ լեզուներէ բառեր, ասութիւններ, կարծէք` հայերէնը ըլլար նախնական լեզու: Փոխանակ հայերէնը պաշտպանելու իր ինքնուրոյնութեամբ, չես գիտեր` ո՞ր ստորակայութեան զգացումի տուրք տալով, լեզուի աղճատումը կ՛արդարացուի` ըսելով, որ լեզուն կը յառաջդիմէ: Օտար լեզուներ չգիտցող հայը եթէ լսէ խօսուած հայերէնը կամ կարդայ թերթերը, չի հասկնար:

Վտանգուած են հայերէն զոյգ մայրենիները:

Համազգային անտարբերութիւն կայ վտանգին դիմաց: Մտահոգուողներ եւ թումբ կանգնելու ճիգ ընողներ փոքրամասնութիւն են, ներսը եւ դուրսը:

Այս գոյապահպանական խնդիր է, ուստի` ազնիւ քաղաքական:

Այսօր կը դիմագրաւենք քաղաքական, ռազմական, տնտեսական եւ առողջապահական լուծման կարօտ խնդիրներ, բայց անպատասխանատուութիւն պիտի ըլլայ ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՅՐԵՆԻ(ՆԵՐ)ն ոչ անմիջական եւ էական չհամարելու անփութութիւնը` թաքնուելով մասնակի եւ սահմանափակ նախաձեռնութիւններու շպարի ետին:

Եթէ Հայաստան եւ սփիւռք տէր չկանգնին ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՅՐԵՆԻին, մեր փոխարէն` այդ ճիգը ուրիշ ոչ ոք պիտի ընէ: Այս գոյութենական-քաղաքական համահայկական անյետաձգելի հիմնահարց է: Ղեկավարութիւնները տէր պէտք է կանգնին ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՅՐԵՆԻին: Այս չընել` հաւասար է  կամաւոր օտարման (aliénation), որուն դէմ պայքարը գրասենեակներէ եւ սրտցաւ փոքրամասնութեան շրջանակներէ դուրս պէտք է բերել:

Կրկնենք լաւ հնչող բառը` պայքարը քաղաքականացնել:

Այսօ՛ր: Գիտնալով, որ «վաղը միշտ ուշ է»:

Մտածեցի. ինչո՞ւ, Իջեւանի օրինակով, Հայաստանի Ազգային ժողովին, թերթերու խմբագրատուներուն եւ «սուպերմարկետ»-ներու մէջ ալ չկազմակերպել ՄԱՅՐԵՆԻի նուիրուած նման ձեռնարկներ:

16 փետրուար 2021,  Նուազի-լը-Կրան

 

 

Նախորդը

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Ծրագրերը Արցախում Շարունակւում Են

Յաջորդը

Առարկայական Ու Ենթակայական Ազդակներու Փոխազդեցութիւնը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?