Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիւանագիտութեան Գերզգայուն Հարթակը Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Մէջ

Փետրուար 22, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կասկած չկայ, որ կովկասեան եւ միջինարեւելեան տարածաշրջաններու անկայուն իրականութեան մէջ Հայաստանի դիւանագիտութեան վերապահուած է բացառապէս կենսական դերակատարութիւն: Յիշենք անգամ մը եւս, որ հայ անկախ պետականութեան արտաքին սպառնալիքները դիմագրաւելու համար մենք ունինք երկու լրացուցիչ առաջնագծեր` ՌԱԶՄԱԿԱՆՆ ու ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆԸ, որոնք փոխսնուցիչ ուժականութիւններ են մեզի համար եւ պէտք է ապահովեն մէկզմէկու թիկունքը եւ միասնաբար երաշխաւորեն անկախ պետականութեան լինելիութիւնը: Այդ երկու առաջնագծերը միասնաբար կը գոյաւորեն մեր պաշտպանական համակարգը: Այս երկու զուգահեռ ճակատներուն վրայ է, որ միաժամանակ եւ նոյն ուժականութեամբ պիտի գործէ մեր երկրի լինելիութեան ռազմավարութիւնը:

Այլապէս մեր պաշտպանական համակարգը դատապարտուած է ձախողութեան իր մեծապէս ճակատագրական հետեւանքներով:

Այս երկակի ռազմավարութեան կենսական կարեւորութիւնը հաստատուած է քանիցս Հայաստանի երեսնամեայ կենսափորձով: Ան կը բխի մեր երկրի աշխարհաքաղաքական բնախօսութենէն (physiology): Ամէն երկիր ունի իր «բնախօսական» անապահովութիւնները, որոնց դէմ ան ստիպուած է պաշտպանուելու (եւ զանոնք չէզոքացնելո՛ւ) կեանքի կոչելով մշտապէս զգաստ եւ հեռատես քաղաքականութիւն: Հայաստանի «բնախօսական» թերութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ պատմական հանգամանքներու բերմամբ անկախ Հայաստանը կը գտնուի խիստ թշնամական հարեւանութեան մը մէջ եւ այս մէկը (առայժմ գէթ) կարելի չէ փոխել:

Ո՛չ բազմադարեան փորձի տիրապետող ցեղասպան Թուրքիան եւ ո՛չ նորաբոյս Ազրպէյճանը որեւէ անկեղծ տրամադրութիւն ունին այսօր հայ անկախ պետականութեան գոյութիւնը ընդունելու: Անոնք կ՛ապրին փանթուրքիզմի ծաւալապաշտ մոլորութիւններով եւ իրենց սերունդներու ազգային ինքնագիտակցութիւնը կը դարբնեն այդ գաղափարին շուրջ: Պարզ խօսքով, Հայաստանը բնաջնջուած (կամ մշտապէս պատանդուա՛ծ) տեսնելու հիւանդկախ տեսլականին շուրջ: Հետեւաբար պատերազմը իրական եւ անզանցառելի վտանգ մըն է Հայաստանի կեանքին մէջ, նոյնիսկ երբ կ՛ապրինք երեւութապէս խաղաղ օրերու մէջ:

Հայաստանը պիտի ունենայ մշտապէս թարմ ռազմական պատրաստականութիւն (preparedness)` դիմագրաւել կարենալու համար թշնամիի նախայարձակումը (aggression), զոր Հայաստան պէտք է ակնկալէ ամէն քայլափոխի: Միաժամանակ ան պիտի ունենայ ամուր եւ վստահելի կարողականութիւն երկրորդ առաջնագծին համար, որ դիւանագիտականն է,  եւ որ կը տարածուի մեծապետական աշխարհի մայրաքաղաքներէն ներս: Այստեղ եւս Հայաստանը պիտի պահպանէ բարձրորակ ուժականութիւն` կարենալ նաւարկելու համար միջազգային փոխյարաբերութիւններու ականուած ջուրերուն մէջ: Պարզ խօսքով, մենք թշնամին մեր դէմ ունինք երկու առաջնագծերուն վրայ մշտապէս: «Ամէն օր եւ ամէն ժա՛մ»՝  Աղբիւր Սերոբի կողակից եւ զինակից Սօսէի անմոռանալի բառերով:

Ուրեմն կարիք կա՞յ կրկնելու, որ հայ պետականութիւնը այսօր կը գտնուի կենաց-մահու մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման (վերի երկու առաջնագծերու առումով), եւ մենք չունինք սխալելու պերճանքը: Այդ թանկ «հաճոյք»-ը մեզի համար չէ: Մենք վաղուց սպառած ենք այդ լուսանցքը (ենթադրելով պահ մը, որ ունէինք այդպիսի ապահովութիւն): Մենք «զէնքի տակ» ենք առանց բացառութեան. ուզե՛նք կամ չուզենք: Առաջնագիծը ըլլայ ռազմակա՛ն, թէ դիւանագիտական:

Հայ պետականութեան պարտադրուեցաւ համաշխարհային տարողութիւն ունեցող պատերազմ մը` ռուսական, արեւմտեան եւ իսրայէլեան գերարդիական զինատեսակներու անխնայ եւ ապօրինի գործածութեամբ: Հայ պետականութիւնը ենթարկուեցաւ ֆիզիքական եւ տնտեսական հսկայածաւալ փլուզումներու եւ հայրենազրկման: Արցախի ինքնորոշման դատը, որ հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան դատն է, այժմ մտած է դիւանագիտական փակուղի: ԵՒ ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ԳԵՐՏԷՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹՈՅԼԱՏՈՒ ԱՉՔԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ: Եւ այս բոլորը` կործանարար համավարակի պայմաններուն մէջ: Հետեւաբար կարիք կա՞յ յիշեցնելու, որ լրջօրէն վտանգուած է մեր երկրի ապագան: Մեր նորահաս սերունդներո՛ւ ապագան: Մենք պէտք է վերաշինենք մեր երկրի կամուրջները արտաքին աշխարհին հետ: Ասկէ նաեւ կը հետեւի, որ այսօր մենք առաջնահերթ խնդիր ունինք վերականգնելու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան շէնքը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերստին ամրագրել մեր տեղը աշխարհակարգի բարդ աղիւսակին մէջ:

Վերոյիշեալ կացութիւնը կը պարտաւորեցնէ մեզ սեղան բերելու Հայաստանի պետական դիւանագիտութեան խնդիրը: Կը կրկնե՛մ: Հայաստանի դիւանագիտական մեքենան անքակտելի մասն է Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանական համակարգին, որ մշտականօրէն համալրուած պէտք է ըլլայ կարող, փորձառու եւ արհեստավարժ կազմերով:

Այս առումով, կ՛ուզեմ հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռել Հայաստանի Ուաշինկթընի դեսպանութեան բանալի դերակատարութեան վրայ: Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը մեծ տարբերութիւն մը ունի դիւանագիտական աշխարհի մնացեալ մասին հետ իր համեմատութեամբ: Աշխարհի դիւանագիտական եռուզեռի ջղակեդրոնն է ան ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանի երկկողմ յարաբերութիւններու առումով, այլեւ ամբողջ աշխարհի հետ բազմակողմ յարաբերութիւններու կնճիռը վերահսկելու իր հասողութիւններով: Միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ իրենց յաջող գործունէութեամբ գերակշռող երկիրները այն իսկ երկիրներն են, որոնք իրենց ամէնէն որակեալ դիւանագէտները կը հաւատարմագրեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային մայրաքաղաքին մէջ ծառայելու առաքելութեամբ: Նոյն տրամաբանութեամբ, Ուաշինկթընի մէջ գործող դեսպանները յաճախ կը վայելեն արտգործնախարարի զուգակից հեղինակութիւն` իրենց կառավարութիւններէն ներս: Յարգելով հանդերձ իրենց արտգործնախարարներու հանգամանքը, անոնք յամենայն դէպս չեն դադրիր իրենց կառավարութեանց պետերու alter ego-ն ըլլալէ: Անոնք կը դիտուին որպէս տուեալ երկիրներու արտաքին քաղաքականութիւնը դարբնող դէմքեր իրենց արտգործնախարարներու եւ վարչապետներու հետ միասին եւ նոյն վերին խմբակին պատկանելու լիարժէք իրաւունքներով:

Նկատի ունենալով վերոյիշեալը` պէտք է անվարան բարձրաձայնել, երբ յանկարծ Հայաստանի կառավարութիւնը կ’որոշէ որպէս դեսպան Ուաշինկթըն գործուղել դիւանագիտական ասպարէզին հետ դոյզն առնչութիւնն իսկ չունեցող քաղաքական գործիչ մը. այս պարագային` յանձին տիկին Մակունցի: Այսպիսի նշանակումը քաղաքական է իր բնոյթով եւ լրջօրէն կը տկարացնէ Հայաստանի եւ Արցախի բարդ դիւանագիտութեան յաջողապէս տիրութիւն ընելու մեր կարողութիւնը: Ցարդ Հայաստանի դեսպանները Ուաշինկթընի մէջ իրենց պաշտօնը ստանձնած են առաջին օրէն իսկ լիարժէք պատրաստականութեամբ: Անոնք եկած են բարձրորակ փորձառութեամբ: Անոնք մարզուած դիւանագէտի համբաւ վայելած են Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի մեծապէս պահանջկոտ խաղաբեմին վրայ: Ուաշինկթընը քաղաքական նշանակումներու տեղը չէ: Այստեղ չեն գար սորվելու: Ասիկա արհեստավարժ գործի հարթակն է: Գերնուրբ յարաբերութիւններու մեղուային ոլո՛րտը, ուր դեսպանները պիտի տիրապետեն` հարցերու պատմական յիշողութեան, քաղաքական բարդ գործընթացներու գիտութեան, համաշխարհային այս մայրաքաղաքի թաքուն բնազդներուն եւ յաւիտենապէս ձեւաւորուող տեղեկոյթի բազմաշերտ պաշարներուն, մանաւանդ որ կը գտնուինք բացառապէս խնդրայարոյց ժամանակաշրջանի մը սեմին: Նախագահ Պայտընի կառավարութիւնը նոր միայն կը մտնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան ոլորտը` ստանձնելով աշխարհակարգի իր պատասխանատուութիւնները: Միւս կողմէ` պատերազմէ դուրս եկած հայ պետականութիւնը կը գործէ տարածաշրջանային վտանգաւոր ճնշումներու տակ: Դժուար է երեւակայել աւելի բարդ դիւանագիտական միջավայր մը Հայաստանի համար, քան այն, ինչ որ գոյութիւն ունի այս պահուն: Զրկել Հայաստանն ու Արցախը Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լաւագոյն կարողականութիւններէն` հսկայ ռիսք մըն է, որուն իրաւունքը պարզապէս չունի որեւէ իշխանութիւն:

Մենք լուրջ տարակարծութիւններ ունինք պրն. Փաշինեանին հետ` Հայաստանի պետական գործի մէկէ աւելի բեմերուն վրայ: Դիւանագիտութեան բեմը անոնցմէ մէկը չէ: Մենք վաղուց ըսած ենք: Քաղաքականութիւնը կանգ կ՛առնէ հոն, ուր կը սկսի դիւանագիտութիւնը: Ան կանգ կ՛առնէ մեր պայքարի առաջնագծերուն վրայ: Ան կանգ կ՛առնէ, երբ հայ անկախ պետականութեան գերագոյն շահերն են խնդրոյ առարկայ: Բծախնդրութեամբ պահպանե՛նք այս ոսկեայ սկզբունքը եւ չտրուինք քաղաքական նշանակումներ ընելու վնասակար եւ անմիտ փորձութեան:

10 փետրուար, 2021
Ուաշինկթըն

Նախորդը

Ուաշինկթըն – Անգարա Յարաբերութիւններուն Ապագան Այնքան Ալ Փայլուն Չէ

Յաջորդը

Մեծ Պահքի Խորհրդածութիւն. Երեք Հողերը

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?