Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2020-ին Թուրքիոյ Մէջ Հայաստանի Քաղաքացիներուն Թիւը Նուազած Է Շուրջ 30 Առ Հարիւրով

Փետրուար 16, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ վիճակագրական կազմակերպութիւնը (ԹԻՒԻՔ) հրապարակած է 2020 թուականին Թուրքիոյ բնակչութեան թիւին վերաբերեալ տուեալներ, որոնք մշակուած են ըստ բնակութեան հասցէներու: Այս մասին կը հաղորդէ «էրմենիհապեր»-ը:

Հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, Թուրքիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած օտարերկրացիներու թիւը, ի տարբերութիւն նախորդ տարուան, 2020-ին նուազած է 197 հազար 770-ով (13 առ հարիւրով)` կազմելով 1 միլիոն 333 հազար 410:

Ինչպէս նախապէս, 2020-ին եւս Թուրքիա բնակութիւն հաստատած օտարերկրացիներու մէջ յառաջատարները իրաքցիներն են: Անոնց թիւը 281 հազար 74 է: Իրաքցիներուն կը յաջորդեն ԱՖղանիստանի քաղաքացիները` 158 հազար 252: Ցանկին մէջ երրորդ են Գերմանիոյ քաղաքացիները` 92 հազար 284:

Թուրքիոյ մէջ զգալի թիւ կը կազմեն նաեւ Թուրքմենիստանի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի քաղաքացիները:

Կը նշուի, որ 2020-ին Թուրքիոյ մէջ ամէնէն շատ բնակութիւն հաստատած են ԱՖղանիստանի քաղաքացիները: Աճած է Գերմանիոյ, Աւստրալիոյ, Պուլկարիոյ, Անգլիոյ, Յունաստանի, Դանիոյ, Ռուսիոյ, Քանատայի, Զուիցերիոյ, Քուէյթի եւ Սոմալիի քաղաքացիներուն թիւը: Իսկ Միացեալ Նահանգներու, Ուքրանիոյ, Մոլտովայի, Շուէտի, Նորվեկիոյ, Իտալիոյ, Ռումանիոյ, Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի քաղաքացիներուն թիւը նուազած է:

Յատկանշական է Քաթարի քաղաքացիներու թիւի աճի ցուցանիշը. հակառակ թուրք-քաթարական յարաբերութիւններու անընդմէջ զարգացման, անիկա փոքր է` ընդամէնը 711: Նախորդ տարի յիշեալ երկրի քաղաքացիներուն թիւը 676 էր:

2020 թուականին Թուրքիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու թիւը զգալիօրէն նուազած է` 1760-էն դառնալով 1257:

Կտրուկ նուազած է Քուպայի քաղաքացիներուն թիւը` 528-էն դառնալով 261:

 

 

Նախորդը

Ըստ Անոր Նախկին Խորհրդականին. Թրամփ Ուզած Է Սպաննել Ասատը

Յաջորդը

Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւմուտքին Մէջ Բախումներ` Թրքամէտ Խմբաւորումներու Միջեւ

RelatedPosts

Աւելի Քան 2 Ժամ Տեւողութեամբ Փութին-Թրամփ  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն.  Թրամփ. «Ռուսիան Եւ Ուրքանիան Անմիջապէս  Զինադադարի Հաստատման Բանակցութիւններու Պիտի Սկսին»
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 2 Ժամ Տեւողութեամբ Փութին-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Թրամփ. «Ռուսիան Եւ Ուրքանիան Անմիջապէս Զինադադարի Հաստատման Բանակցութիւններու Պիտի Սկսին»

Մայիս 20, 2025
Նեթանիահու. «Կազայի Բոլոր Շրջաններուն Վրայ  Վերահսկողութիւն Պիտի Հաստատենք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Կազայի Բոլոր Շրջաններուն Վրայ Վերահսկողութիւն Պիտի Հաստատենք»

Մայիս 20, 2025
Օճալան. «Պիտի Վերցնենք Թակարդները,  Որոնք Քիւրտ-Թրքական  Յարաբերութիւները Կը Քանդեն»
Միջազգային

Օճալան. «Պիտի Վերցնենք Թակարդները, Որոնք Քիւրտ-Թրքական Յարաբերութիւները Կը Քանդեն»

Մայիս 20, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?