Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Հարիրի Քննարկեցին Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Խնդիրներ

Փետրուար 13, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր` Հարիրիի կատարած արտաքին այցելութիւններուն լոյսին տակ:

Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նշանակուած վարչապետը կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ նորութեամբ ներկայացած է նախագահական պալատ:

Միւս կողմէ, հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի այցելած է` արաբական կարգ մը երկիրներ կատարած այցելութիւններէն ետք, որպէսզի անոր ըսէ, թէ իր կատարած այցելութիւններուն նպատակը Լիբանանի եւ արաբական այդ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերաշխուժացնելն է:

Ան նշեց, որ Ֆրանսա կատարած իր վերջին այցելութիւնը յատուկ խանդավառութիւն մը ստեղծած է կառավարութեան կազմութեան առումով: Հարիրի ընդգծեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ծրագրած ուղեգիծը, որուն համաձայն գտնուեցանք` Լիբանանի ֆրանսական դեսպանատան մէջ, եւ որուն նպատակն է Լիբանանը փրկել, երկրի վիճակին վատթարացումը կասեցնել եւ Պէյրութի նաւահանգիստը վերակառուցել, ամբողջութեամբ պատրաստ է:

«Հարցը այն է, որ մասնագէտ եւ անկուսակցական նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան չգոյութեան պատճառով կարելի չէ այս աշխատանքը կատարել: Իսկ եթէ կայ մէկը, որ կը մտածէ, թէ կառավարութեան մէջ քաղաքական անձնաւորութիւններ ներառելով կարելի պիտի ըլլայ միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնը ապահովել, ապա ան չարաչար կը սխալի: Հիմնական նպատակը մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան մը կազմութիւնն է: Նախարարներ, որոնք քաղաքական ոչ մէկ ուժի ընդվզում կը պատճառեն եւ կը գործեն ի խնդիր իրենց ներկայացուելիք ծրագիրին գործադրութեան», ըսաւ ան:

Հարիրի աւելցուց, որ ինք հանրապետութեան նախագահին հետ խորհրդակցութիւնը շարունակած է եւ պիտի շարունակէ: «Ճիշդ է, որ տակաւին ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է, սակայն անոր ուշադրութեան յանձնեցի մեր դիմաց գտնուող ոսկեայ առիթը եւ ընդգծեցի կառավարութիւնը անյապաղ կազմելու անհրաժեշտութիւնը: Այսուհետեւ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ թող ստանձնէ իր կեցուածքներուն պատասխանատուութիւնը», ըսաւ ան:

Կառավարութեան անդամներու թիւին մասին լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով` Հարիրի շեշտեց, որ ինք անշեղ կը մնայ իր կեցուածքէն: «18 նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, ուր քաղաքական ոչ մէկ կողմ կառավարութեան որոշումները արգելակելու մէկ երրորդ կ’ունենայ, իսկ բոլոր նախարարները կ’ըլլան մասնագէտներ: Այս պայմանները անփոփոխ են», եզրափակեց Հարիրի:

Նախորդը

Նետերլանտներու Խորհրդարանի Անդամներ Երկրի Կառավարութեան Կոչ Ուղղած Են Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մեկնաբանութիւնը` ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութեան Մասին

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?