Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հանդիպում Մը Ունեցաւ Մշարրաֆիէի Հետ

February 13, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան հանդիպում մը ունեցաւ ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան մարմնակրթութեան մարզի տարբեր միաւորներու դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ այդ ուղղութեամբ ընկերային հարցերու նախարարութեան դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան արծարծեց նաեւ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան ազգային ծրագիրի մանրամասնութիւնները` նշելով, որ անհրաժեշտ է օժանդակութիւններու հաւասարակշռուած ու արդար բաշխում կատարել եւ նկատի ունենալ հաղորդակցութեան դժուարութիւն ունեցող ընտանիքներու պարագան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան դիտել տուաւ, որ հայ համայնքի կառոյցները այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ ծրագրումը եւ ցուցմունքները պիտի կատարեն, եւ պահանջեց, որ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը այս իմաստով անհրաժեշտ դիւրութիւնները ընծայէ:

Օժանդակութիւնը ստանալու առումով անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր ընտանիք յայտարարուած application-ին վրայ համապատասխան արձանագրութիւնը կատարէ:

«Երիտասարդութեան Հասարակական Գիտակցութեան
Բարձրացում» Ծրագիրը Մեկնարկելու Վարժանիստ

Վ. Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախագահեց «Երիտասարդութեան հասարակական գիտակցութեան բարձրացում» ծրագիրը մեկնարկելու վարժանիստը` ներկայութեամբ նախարարութեան մէջ երիտասարդութեան միաւորի նախագահ Ժոզեֆ Սաատալլայի, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան ներկայացուցիչ գնդապետ Վլատի Շարապժիի, Պիութ Շապապի ֆետերասիոնի նախագահ Ահմետ Ռամատանի, ֆետերասիոնի ծրագիրներու քարտուղար Նետիմ Ապտոյի եւ նախարարի գրասենեակի տնօրէն Նազօ Անտէքեանի:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, մեկնելով երիտասարդներու հոգատարութեան հանդէպ իր յանձնառութենէն, կ’աշխատի մշակել երիտասարդութեան հասարակական գիտակցութեան բարձրացման ծրագիր մը` զանոնք պաշտպանելու համար հասարակական ախտերէն, առողջապահական վտանգներէն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք արձանագրուելիք ընկերային ժխտական ազդեցութիւններէն, որոնց շարքին են թմրամոլութիւնը, ծխելու սովորութիւնը, վատ սննդառութիւնն ու համացանցի մոլութիւնը:

Ռամատան իր կարգին ներկայացուց ծրագիրը:

Վարժանիստի ընթացքին ընդհանուր քննարկում կատարուեցաւ ծրագիրին մեկնարկը լաւագոյն ձեւով կատարելու կարելիութեան մասին` նկատի ունենալով «Քորոնա» համաճարակը: Այս իմաստով կազմուեցաւ աշխատանքներուն հետեւող յանձնախումբ:

Ֆետերասիոններու Ներկայացուցիչներուն Հետ
Հանդիպումները Կը Շարունակուին

Նշենք, որ Վ. Օհանեան-Գէորգեան շարունակեց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունիլ լիբանանեան մարզական ֆետերասիոնները ներկայացնող պատուիրակութիւնները, որոնց հետ քննարկեց երկրին ամբողջական փակումին լոյսին տակ տիրող մարզական իրավիճակը: Հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ նախարարութեան մարմնակրթութեան միաւորի նախագահ Մոհամետ Օուէյտաթ:

Նախարարութեան երէկուան այցելուներէն եղան Ռակպիի եւ Պիլիարտոյի Լիբանանի ֆետերասիոններուն պատուիրակութիւնները:

Միւս կողմէ, Վ. Օհանեան-Գէորգեան նախանցեալ օր ընդունեց Վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Քասուֆը, Պետմինթընի ֆետերասիոնի նախագահ Ժասեմ Քանսոն, Աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէն, Սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Ժիհատ Սալամէն եւ Նշանառութեան ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Ժալըխը:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան լսեց ֆետերասիոններուն պոռթկումը` անոնց դիմագրաւած թեքնիք, վարչական եւ ելեւմտական կացութեան մասին: Ֆետերասիոններուն նախագահներն ու ներկայացուցիչները նկատել տուին, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ արշաւը կազմակերպող գիտական յանձնախումբը բնաւ նկատի չէ ունեցած մարզական ոլորտին իւրայատկութիւնը` աւելցնելով, որ մարզական կեանքին վերսկսումը երկրի աստիճանաբար բացումին 2-րդ փուլին մէջ պէտք է նկատի ունենալ:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան հասկացողութիւն ցուցաբերեց ֆետերասիոններու պահանջներուն նկատմամբ` վերահաստատելով, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ միացեալ ծրագիր եւ ռազմավարութիւն մշակելու, որպէսզի կարելի ըլլայ մարզական կեանքը իր ապահով հունին վերադարձնել, այդ պահանջը փոխանցել «Քորոնա» համաճարակին դէմ արշաւը կազմակերպող նախարարական գիտական յանձնախումբին` ստանալու համար անոր հաւանութիւնը, ապա զայն փոխանցելու համար վարչապետին եւ ստանալու անոր վերջնական որոշումը:

 

Նախորդը

Լիբանան Պիտի Նախագահէ ԷՍՔՈՒԱ-ի Վիճակագրական Յանձնաժողովին 14-րդ Նստաշրջանին

Յաջորդը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Կապուած Հարցեր

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.