Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Բարեկենդանի շրջանը զուարճութեան եւ ազատութեան ժամանակ մըն է, որուն ընթացքին ամէնօրեայ կեանքին օրէնքները վայրկեան մը կը դադրին, եւ ամէն մարդ կրնայ դառնալ իր ուզած աձը: Կարծէք աշխարհը շրջուած ըլլայ. մարդիկ կը ծպտուին, համով բաներ կ՛ուտեն, ճամբան կ՛երգեն, կը պարեն: Կարգ մը քաղաքներ նոյնիսկ կը կազմակերպեն Բարեկենդանի մեծ տողանցքներ, ինչպէս` Ռիօ տը Ժաներօ` Պրազիլի մէջ, Վենետիկ` Իտալիոյ մէջ, կամ Նիս` Ֆրանսայի մէջ:
Որովհետեւ այդ զուարճութիւններէն ետք պիտի սկսին Մեծ պահքի 40 օրերը, Մեծ պահքը, որ պիտի վերջանայ Զատիկին օրը:
Այս տարի մենք Զատիկը պիտի տօնենք 4 ապրիլին. հետեւաբար Բարեկենդանը տեղի պիտի ունենայ 14 փետրուարին: Հետեւաբար ժամանակն է մէջտեղ հանելու մեր ձեռային աշխատանքի առարկաները` թուղթ, զարդարանքներ, ներկեր, մկրատ, խէժ եւ պատրաստելու մեր դիմակները:
Ճիշդ է, որ այս տարի հաւանաբար մենք առիթը չունենանք ընկերներով հաւաքուելու` միասնաբար Բարեկենդան տօնելու համար, բայց ասիկա ըսել չէ, որ մենք չենք կրնար դիմել ուրիշ միջոցներու` կապ պահելու մեր ընկերներուն հետ եւ, ինչո՞ւ ոչ, արտասովոր ձեւով տօնելու այս տարի Բարեկենդանը:
***
Այս էջին մէջ դուն պիտի գտնես դիմակներու կարգ մը առաջարկներ: Հիմնականօրէն պէտք ունիս աչքերը ծածկող պարզ դիմակի մը օրինակին, զոր պիտի զարդարես քու փափաքած ձեւովդ:
– Կրնաս դիմակդ ներկել եւ ծայրը քանի մը կեղծ փետուրներ փակցնել` թռչունի մը տեսքը տալու համար:
– Կրնաս նաեւ եռանկիւն խաւաքարտեր փակցնելով դիմակիդ վրայ եւ անոնց ծայրը փոքրիկ զանգակներ անցնելով` անոնց տալ իսկական վենետիկեան դիմակներու կերպարանքը:
– Կրնաս նաեւ քրեփոն կամ շատ բարակ գունաւոր թուղթերով շինել ծաղիկներ եւ ստանալ գարնանային դիմակ մը:
– Իսկ եթէ կ՛ուզես իւրայատուկ ձեւ մը տալ դիմակներուդ, ձեռքերուդ շրջագիծը գործածէ իբրեւ կաղապար` դիմակդ շինելու համար:
Խաղանք
Առցանց Բարեկենդան
Ճիշդ է, որ այս տարի մենք Բարեկենդանը պիտի չկարենանք տօնել աւանդական ձեւով, մեծ հաւաքոյթով, ծպտուելու մրցանքներով.. Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ մենք բնաւ Բարեկենդան պիտի չտօնենք:
Հետեւաբար պատրաստենք մեր դիմակները, շինենք քուքիները եւ նստինք համակարգիչին պաստառին առջեւ` կապուելու մեր ընկերներուն հետ եւ առցանց հաճելի ժամանակ անցընելու` խաղեր խաղալով:
***
Ո՞վ եմ ես
– Այս խաղը ձեզի առիթը պիտի տայ վերյիշելու քիչ մը պատմութիւնը, գիտութեան աշխարհը, կամ նոյնիսկ ձեր ընդհանուր զարգացման գիտելիքները:
– Խաղը պարզ է: Խաղցողներէն մէկը կ՛ընտրէ անձնաւորութիւն մը, առարկայ մը կամ անասուն մը, զոր ինք պիտի մարմնաւորէ:
– Երբ ան կ՛որոշէ իր ներկայացնելիքը, ան միւս խաղցողներուն կը հարցնէ` «Ո՞վ եմ ես»: Բանավէճէ խուսափելու համար ան սկիզբէն կրնայ իր ընտրած անձնաւորութեան, առարկային, անասունին անունը գրել թուղթի մը վրայ: Երբ իր կարգը կը վերջանայ, ան կրնայ թուղթը ցոյց տալ իր ընկերներուն:
– Միւս խաղցողները իրեն հարցումներ կ՛ուղղեն գիտնալու համար իր ներկայացուցած անձնաւորութիւնը, առարկան, անասունը:
– Սակայն ան կրնայ պատասխանել միայն «այո» կամ «ոչ» եւ իրաւունք չունի որեւէ ցուցիչ տեղեկութիւններ տալու:
– Առաջին անձը, որ կը գտնէ ճիշդ պատասխանը, կը յաղթէ:
Ի՞նչի մասին կը մտածեմ
– Խաղցող մը կը նշանակուի: Ան պէտք է ընտրէ բոլոր խաղցողներուն կողմէ ծանօթ անձ մը, առարկայ մը կամ անասուն մը:
– Ան պէտք է գտնէ երկու ցուցիչ տեղեկութիւններ, որոնք կրնան միւս խաղցողներուն գաղափար մը տալ իր ըտրանքին մասին:
– Այս առաջին խաղցողը կու տայ առաջին տեղեկութիւնը եւ կը հարցնէ, թէ ի՞նչի մասին կը մտածէ ինք:
– Խաղցողները պիտի կռահեն, թէ ան ի՞նչի մասին կը մտածէ:
– Խաղի ընթացքին խաղցողը կրնայ ուրիշ տեղեկութիւններ տալ, մինչեւ միւս խաղցողները գտնեն ճիշդ պատասխանը:
Կապիկին խաղը
– Խաղը սկսելու համար առաջին խաղցողը այբուբենէն գիր մը կ՛առաջարկէ:
– Յաջորդ խաղցողը կը մտածէ այդ գիրով սկսող բառի մը մասին եւ ապա բարձր ձայնով կ՛ըսէ իր մտածած բառին երկրորդ գիրը:
– Օրինակի համար, առաջին խաղցողը կ՛առաջարկէ «գ» տառը, երկրորդ խաղցողը կը մտածէ «գրել» բառին մասին եւ կ՛առաջարկէ «ր» տառը:
– Երրորդ խաղցողը պիտի մտածէ երրորդ տառին մասին: Եթէ առաջին երկու խաղցողներուն առաջարկած տառերը «գր» էին, երրորդ խաղցողը, օրինակի համար, պիտի մտածէ «գրիչ» բառին մասին, հետեւաբար պիտի առաջարկէ «ի» տառը:
– Խաղը այս ձեւով կը շարունակուի մինչեւ որ բառ մը ամբողջացուի:
Խոհագիր
Բարեկենդանի Քուքիներ
Այս համեղ քուքիներն ալ Բարեկենդանի համար ծպտուած են գոյնզգոյն գնդիկներով:
Պէտք ունիս – 225 կրամ ալիւրի, 110 կրամ կակուղ կարագի, 110 ճերմակ շաքարի, 110 կրամ տուրմի կոտրտուքներու, 80 կրամ գունաւոր գնդիկ տուրմերու (Սմարթիզ, ՄՄ…), 1 հաւկիթի, 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըրի, քիչ մը վանիլայի, մեծ խորունկ ամանի մը, փայտէ դգալի մը:
Պատրաստութիւն
1.- Կարագը եւ երկու տարբեր շաքարները դիր խորունկ ամանի մը մէջ, եւ զանոնք շատ լաւ զարկ մինչեւ խառնուրդը ճերմկնայ:
2.- Աւելցուր հաւկիթը եւ շարունակէ զարնել:
3.- Աւելցուր ալիւրը եւ պէյքինկ փաուտըր եւ լաւ խառնէ:
4.- Աւելցուր տուրմի կտորները, եւ եթէ պէտք ըլլայ, ձեռքերովդ խառնէ:
5.- Փուռի ափսէի մը վրայ փուռի յատուկ թուղթ դիր:
6.- Թուղթին վրայ խմորի պզտիկ գունդեր դիր: Կրնաս այս գործողութիւնը կատարել 2 ապուրի դգալներով:
7.- Քուքիներուն վրայ Սմարթիզները զետեղէ:
8.- Քուքիները 180 աստիճան տաք փուռին մէջ եփէ 8-15 վայրկեան, մինչեւ քուքիներուն ծայրերը կարմրին: