Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՄԸ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ

January 27, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Առնոյի ջուրերը բարձրացան մինչեւ այստեղ»:

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԾՆՈՒՆԴ Կ՛ԱՌՆԵՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՅԵՂԱՇՐՋՈՂ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ: ՈՐՔԱ՞Ն ԺԱՄԱՆԱԿ ՊԷՏՔ Է ԱՆՑՆԻ ԱՂԷՏԷ ՄԸ ԵՏՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐԸ ՍԿՍԻՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿՐԱԾ ՍԱՐՍԱՓՆԵՐՆ ՈՒ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: ԵՒ ԱՊԱ` ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՔԱ՞Ն ԿԸ ՏԱՐԱԾՈՒԻ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՎՐԱՅ ԵՒ Ի՞ՆՉ ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵԼՈՎ ԿԸ ՊԱՀՊԱՆՈՒԻ: ԷՆ ՖԻՆՔՊԱՅՆԸՐ «ՏԸ ԼԱՍԹ ՈՒԸՐՏ ԱՆ ՆԱԹԻՆԿ» ԱՆՈՒՆՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՊԼՈԿԻ ՄԸ ՄԷՋ ՆՈՐ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏՈՎ ԿԸ ԴԻՏԷ ՖԼՈՐԱՆՍԻ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԹՈՀՈՒՓՈՀՈՎ ՅԱՏԿԱՆՇՈՒԱԾ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ԱՊԱՑՈՅՑՆԵՐՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՂԷՏՆԵՐԸ Ի ՎԵՐՋՈՅ ԽՄՈՐԱԾ ԵՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԸ: ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՅԼ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՄԸ` ՌԻՉԸՐՏ ՓԱՆԵՔ` ՆԵՐՇՆՉՈՒԱԾ ԱՅՍ ՈՒՐՈՅՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄԷՆ, ՆՈՅՆ ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ՔԱՅԼ ՄԸ ԱՆԴԻՆ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ՖԻՆՔՊԱՅՆԸՐԻ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻ ՄԸ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԱԾ ՊԱՏՈՒՀԱՆԻ ՄԸ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ԿԸ ԴԻՏԷ ՀԵՌԱՆԿԱՐԻ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ` ՄԻՆՉԵՒ ԱՆՋՐՊԵՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ (ՏԵՍՆԵԼ` ՎԱՐԻ ՍԻՒՆԱԿՆԵՐԸ):

Ասիկա Ֆլորանսի (Իտալիա) Ամենայն Սրբոց եկեղեցիին` Օնիսանթիի շրջափակին մէջ է: Պատկերին մէջ չենք տեսներ զայն, սակայն փոքր սանդուխներուն վերեւ, դրան վերի մասին մօտ, հոն, ուր կամարը կը միանայ պատին, արձանագրուած է փոքր նշան մը: Անիկա կը նմանի վարը արձանագրուած այլ նշանի մը, որ կ՛ըսէ. 4 նոյեմբեր 1966-ին Առնոյի ջուրերը բարձրացան մինչեւ այստեղ:

Ֆլորանսը լեցուն է նման նշաններով: Անոնց մեծ մասը արձանագրուած է 1966-ին, ինչ որ յաճախակի ողողումներով յատկանշուած դարերու նորագոյն եւ յոռեգոյն տարին է: Նման ողողումներ տեղի կ՛ունենան շուրջ 15 տարին անգամ մը: 56 ողողումներ տեղի ունեցած են 1177-ի պատմական առաջին ահաւոր ողողումէն ի վեր: Առնօ գետը կը յորդի, որովհետեւ Ֆլորանսի օդերեւոյթը ահաւոր կերպով կը տարուբերի չոր եւ անձրեւոտ կլիմաներու միջեւ: Իսկ երբ կ՛անձրեւէ, անդադար կը տեղայ: 2010-ին, երբ այցելած էի Ֆլորանս, 10 օր շարունակ անձրեւեց: Թէեւ Առնոն չյորդեցաւ, սակայն օրերով տգեղ էր. կ՛արշաւէր խիտ սրճագոյն ցեխոտ ջուրերով, լեցուն` ալիքներով եւ ոլորապտոյտ յորձանքներով, տեւական խուլ որոտ մը դղրդացնելով: Իսկ երբ կը յորդի Առնոն, անիկա արմատախիլ կ՛ընէ կամուրջները, մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց բնակարաններն ու աշխատավայրերը, կ՛աւերուին հնադարեան արուեստներն ու գիրքերը, կը մեռնին բնակիչները: 1333-ի ողողումը յոռեգոյնը չէր, սակայն անիկա կը զուգադիպէր վատ ժամանակներու. յաջորդ 15 տարիներուն Ֆլորանսը պիտի ենթարկուէր իրերայաջորդ աղէտներու: Եւ այս աղէտներուն պիտի յաջորդէր Վերածնունդի ժամանակաշրջանը:

Ֆլորանս 1333-էն քանի մը տարի առաջ քաղաքական, մշակութային եւ դրամական այնպիսի՛ հարստութիւն մը կերտած էր, որ տեղւոյն իշխանութիւնները պարտաւորուած էին հրապարակել ծայրայեղ փարթամութիւնը կաշկանդող օրէնքներ: Սակայն 1333-ին անձրեւ տեղաց օրեր շարունակ: Նոյեմբեր 4-ին Առնոն արդէն քշած էր ու տարած` քաղաքին չորս կամուրջներէն երեքը եւ պարիսպներէն մաս մը: Գետը յորդած էր փողոցներուն մէջ ու մինչեւ խորանները ողողած էր եկեղեցիները, եւ անոնց զանգերը կը ղօղանջէին աղօթքով: Շուրջ 300 հոգի մեռած էր: Ասիկա Աստուծոյ դատավճիռն էր իրենց դէմ, կ՛ըսէին մարդիկ: 1342-ին Ֆլորանսի իշխանութեան ղեկը ստանձնեց բռնատէր մը, եւ բնակչութիւնը հակազդեց յաջող ապստամբութեամբ մը: Սակայն յաջորդ կառավարութիւններուն ապահովութիւնը վտանգուած էր: Ֆլորանսի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի տնտեսութիւններուն հիմը կազմող քաղաքին դրամատուները 1346-ին թագաւորութեան մը հարստութեան չափ դրամ փոխ տուած էին Անգլիոյ Էտուըրտ Գ. թագաւորին` պատերազմի մը ծախսերը հոգալու համար: Սակայն, երբ Էտուըրտ պարտուեցաւ եւ չյաջողեցաւ վճարել իր պարտքը, դրամատուները քայքայուեցան, ինչպէս նաեւ` տնտեսութիւնները: Նոյն տարին եւ յաջորդ տարիներուն բերքերը փճացան եւ մարդիկ, որոնք արդէն գործազուրկ դարձած էին, սկսան սովամահ դառնալ: Ապա` 1348-ի գարնան Սեւ մահը շրջեցաւ Ֆլորանսի մէջ եւ խլեց շուրջ 60 հազար հոգիի կեանքը: Մարդիկ մեռան ահաւոր ձեւով, եւ այնքան արագ,  որ սգալու ժամանակ չկար: Լեցուեցան եկեղեցիներու գերեզմանատուները, ապա` անոնց շուրջ նոր բացուած խրամները: Մարդիկ կը պատմէին, թէ մեռելները ապրանքի նման իրարու վրայ կը թափուէին: 60 հազար մեռելը համազօր էր բնակչութեան շուրջ 60 առ հարիւրին:

Դժուար է ընկալել այս բոլորը: Աստուած բարկացած էր, պետութիւնը չէր գործեր, տնտեսութիւնը քայքայուած էր, մարդիկ գործազուրկ էին, չէին կրնար սնունդ ճարել, եւ` կը հասնէր համաճարակը, կը վարակէր բոլորը անխտիր: Եթէ ունէիր հինգ պաշտօնակից, երեքը արդէն մեռած էին: Եթէ ունէիր հինգ բարեկամ, երեքը մեռած էին: Ունէիր ընտանիքի հինգ անդամ, երեքը մեռած էին: Մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի հակազդէին այս վիճակին, ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւէին այս տեսակի կորուստ մը, ինչպէ՞ս պիտի շրջանցէին զայն եւ յառաջ ընթանային:

Աղէտները սովորաբար կը դիմագրաւուին անշուշտ արուեստներու ճամբով: Աղէտներէն առաջ, Ճիոթթոյի եւ անոր արուեստի դպրոցին շնորհիւ, Ֆլորանսը արուեստի քուրայ մըն էր: Արուեստի պատմութեան գիրքեր կ՛ըսեն, թէ աղէտներուն յաջորդող երկու տասնամեակներուն Ֆլորանսի մէջ գեղանկարչութիւնը կաղապարուած էր, խորհրդանշական էր եւ` մահուամբ համակուած: Եւ ճիշդ է, որ արուեստի պատմութեան մէջ ամբողջ դասընթացք մը պարունակող Ուֆիցի թանգարանին մէջ Ճիոթթոյէն ետք իրագործուած գեղանկարներ պարունակող ցուցասրահներուն մէջ շրջիլը դժուար է: Գոյները աղօտ են հոն, սուրբերն ու նահատակները անանձնական երեւոյթ մը ունին, անոնք ընդունած են իրենց ճակատագիրը եւ յուսահատ են: Ոչ մէկ լաւ բան տեղի կ՛ունեայ այս աշխարհին մէջ:

Սակայն յաջորդ ցուցասրահներուն մէջ, որոնք կը պարունակեն համաճարակէն առնուազն 50 տարի ետք իրագործուած գեղանկարներ, աստիճանաբար դէմ յանդիման կու գանք յայտնութեան մը: Արուեստի պատմութեան գիրքեր կը նշեն, թէ շուրջ 1400-ին Ֆլորանս սկսած է հետաքրքրութիւն ցուցաբերել մարդասիրութեան, բանականութեան եւ դասականութեան նկատմամբ, եւ թէ` անոր տնտեսութիւնը այնքա՛ն բարելաւուած էր, որ առեւտրական իշխաններ եւ միջազգային դրամատուներ սկսած էին արուեստի գործեր ապսպրել: Սակայն այս բոլորը միակ բացատրութիւնը չեն կրնար ըլլալ, որովհետեւ ստեղծուած արուեստը իրապէ՛ս ապշեցուցիչ է: Ուֆիցիի մէջ Ճիոթթոյի գեղանկարներուն յաջորդող չորրորդ ցուցասրահը կ՛ընդգրկէ ընդհանուր յուսահատութենէն միայն 50 տարի ետք իրագործուած գեղանկարներ. ուրկէ՞ եկած են անոնք: Կ՛այցելենք յաջորդ սրահը, ապա` միւսը եւ կը նկատենք, թէ ձեւով մը յաջորդ գեղանկարները շատ աւելի անդին գացած են. անոնք բառին բուն իմաստով կը շշմեցնեն: Կը դիտենք զանոնք, եւ հազիւ կրնանք շնչել:

Արդեօք մարդասիրութեան եւ բանապաշտութեան ուժը այսքան հզօ՞ր էր: Արդեօք համաճարակը այս ուժը չունէ՞ր: Մշակոյթ մը որքա՞ն ժամանակի կարիքը ունի` շրջանցելու համար հսկայական կորուստ մը: Չեմ կարծեր, թէ ոեւէ մէկը ուսումնասիրած է այս: Գիտեմ, թէ Ողջակիզումի զոհերուն զաւակներն ու թոռները մինչեւ այսօր կը դիմագրաւեն մարդկային չարիքին հետեւանքները: Մայրս Ամերիկայի Տնտեսական մեծ անկումի ժամանակաշրջանին հասակ նետած մանուկ մըն էր վարձու առնուած ագարակի մը մէջ, իսկ ես մինչեւ այսօր կը լուամ կերպընկալէ տոպրակները` զանոնք դարձեալ գործածելու համար:

Այստեղ պիտի կատարեմ վիճարկութիւն մը, սակայն ո՛չ թէ բառերով, այլ` ժամանակագրական եւ տեսողական միջոցներով: Վիճարկութիւնը հետեւեալն է. Ֆլորանս ապրեցաւ սարսափը, դաժան մահն ու վիշտը եւ ստեղծեց գեղեցկութիւնը:

Ստորեւ տրուած գեղանկարները անպայման չեն գտնուիր Ուֆիցի թանգարանին մէջ, սակայն բոլորն ալ Ֆլորանսի արտադրութիւններ են կամ գէթ` Թոսքանայի, որուն մաս կը կազմէ Ֆլորանսը: Գեղանկարիչները բոլորն ալ կը հետեւէին մէկզմէկու աշխատանքին եւ աւելի կանուխ ստեղծագործած արուեստագէտներու:

 

Ճիոթթօ. «Յայտնութիւն» (1305):

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սիմոնէ Մարթինի. «Յայտնութիւն» (1333):

 

 

 

 

 

 

 

 

Եաքոփօ տի Չիոնէ. «Յայտնութիւն» (1371):

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ֆրա Անճելիքօ. «Յայտնութիւն» (1440):

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ֆրա Ֆիլիփփօ Լիփփի. «Յայտնութիւն» (1449):

 

 

 

 

 

 

 

Սանտրօ Պոթիչելլի . «Յայտնութիւն» (1489):

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Յօդուածին տեղեկութիւններուն մեծ մասը կու գայ չորս գիրքերէ. «Ֆլորանս. է պայոկրաֆի աֆ է սիթի» (հեղինակ` Քրիսթաֆըր Հիպըրթ), «Ֆլորանս. տը կոլտըն էյճ» (Ճին Պրուքըր), «Տի արթ աֆ Ֆլորանս» (հեղինակներ` Կլեն Անտրէս, Ճոն Հանիսաք եւ Ռիչըրտ Թըռնըր) եւ «Տը սիթի աֆ Ֆլորանս» (հեղինակ` Ռ.Ու.Պ. Լուիս):

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Նախորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԿԷՏԵՐ

Յաջորդը

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Ս. ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ԽՈՐԱՆԻ ՕԾՈՒՄ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.