Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԿԷՏԵՐ

January 27, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ արուեստի այս գործը ծանօթ կը թուի ձեզի, հաւանաբար պատճառը այն է, որ անիկա մաս կը կազմէր վիճարկութեան մը, զոր Էնն կը կատարէր քանի մը օր առաջ այս կայքին մէջ հրապարակուած յօդուածով մը: Ան կ՛ըսէր, թէ 15-րդ դարուն Ֆլորանսի մէջ արտադրուած գեղանկարները «բառին բուն իմաստով կը շշմեցնեն: Կը դիտենք զանոնք, եւ հազիւ կրնանք շնչել», եւ թէ` պատճառը չի կրնար ըլլալ այն, ինչ որ սովորաբար կը նշուի արուեստի պատմութեան գիրքերու մէջ, այսինքն` միջազգային տնտեսութեան մէջ Ֆլորանսի առաջատար դիրքին վերադարձը` մարդասիրութեան եւ բանապաշտութեան գաղափարներուն յայտնութեան զուգընթաց: Էնն բառերով եւ պատկերներով կը վիճէր, թէ այս գեղեցկութեան հզօրութիւնը հաւանաբար արդիւնք էր այն ահաւոր աղէտներուն, որոնք պատուհասած էին Ֆլորանսը, ինչպէս` 1333-ի ողողումները, 1346-ի դրամական քայքայումը, 1346-ի եւ 1347-ի երաշտը, եւ ի վերջոյ` 1348-ի Սեւ մահը:

Այստեղ վիճելի բան չկայ: Այլ խօսքով` նպատակս վիճիլ չէ Էննի հետ: Սակայն անոր վիճարկութեան մէջ ներկայացուած վերջին գործը` Սանտրօ Պոթիչելլիի 1489-ին իրագործուած «Յայտնութիւն»-ը զիս մղեց մտածելու ոչ միայն այն հարցին մասին, թէ ուրկէ՛ եկած էր 15-րդ դարու Ֆլորանսի արուեստը, այլ` թէ ո՛ւր պիտի առաջնորդէր անիկա: Աւելի ճիշդ` զիս մտածելու մղեց գեղանկարին մէջ պատկերուած պատուհանը:

Ֆլորանսի 1333-ի ողողումէն հարիւր տարի ետք, տեղացի ճարտարապետ Ֆիլիփփօ Պրունելեսքի կը յայտնագործէր գծային հեռանկարը (փըրսփեքթիւ), որ կու գար լատիներէն փերսփիսերէ բառէն, որ կը նշանակէր «նայիլ` ընդմէջէն»: Ասիկա նորարարութիւններու ժամանակաշրջանին ծնունդ առած այլ նորութիւն մըն էր, սակայն բազմաթիւ դիտանկիւններէ` նոյնինքն այս ժամանակաշրջանը բնորոշող նորարարութիւն մըն էր: Աշխարհը լեցուն էր նոր բաներով, զորս կարելի էր տեսնել, ինչպէս` վերայայտնաբերուած հնադարեան գրութիւններ, ովկիանոսները կտրող նաւագնացութիւններ` դէպի հեռաւոր ցամաքամասեր, հեռաւոր ցամաքամասեր, որոնք գլխիվայր կը շրջէին հնադարեան գրութիւններու ուսուցումները: Նոր ժամանակներու արուեստը ստեղծողները յայտնագործած էին դիտելու նոր ձեւ մը: Անոնք երկու տարաչափութեամբ մակերեսի մը վրայ կը կիրարկէին ճարտարապետութեան սկզբունքները եւ ի յայտ կը բերէին ձեւ մը` ներկայացնելու երեք տարաչափութեամբ աշխարհի մը մէջ տեսնուող բաները: Անոնց ձեռքերուն մէջ կ՛աներեւութանար ոսկեգոյն կամ սեւ վարագոյրներով երբեմնի սրբազան խորապատկերը, որոնց դիմաց հրեշտակներն ու Աստուածածինը, սուրբերն ու Փրկիչը կը կատարէին խորհրդանիշներով հագեցած իրենց թատերական պատկերները: Փոխարէնը` այն,  ինչ որ կը բացայայտուէր եւ կը դառնար յաւիտենական, առօրեայ կեանքի մանրամասնութիւններն էին. պատեր, դռներ, պատուհաններ, եւ այն, ինչ որ կը տեսնէինք անոնց ընդմէջէն, ինչպէս` ծառեր, ջուր, երկինք:

Այսուհանդերձ, որքան ալ յանդուգն թուէր Ֆլորանսի փողոցներուն մէջ կատարուած գեղարուեստական փոփոխութիւնը, նոյնքան ցնցիչ էր այն խոր պատկերացումը, որ կ՛ընկերակցէր անոր, թէ` պէտք էր վար առնել վարագոյր մը: Երկիւղած ականատես մը Պրունելեսքիի եւ անոր հետեւորդներուն կիրարկած հնարքները նկարագրած է հետեւեալ բառերով. «Դիտողը այնպէս կը զգար, թէ կը տեսնէր իրական տեսարանը»:

Նախորդ ժամանակներու գեղանկարներուն բնորոշ միակտուր խորապատկերը ներկայութիւն մըն էր, որ ամբողջութեամբ կը բացայայտուէր միայն իր բացակայութենէն ետք: Եւ միայն այդ ժամանակ էր, որ կը դրսեւորէր իր գաղտնիքները, թէ` ինչպէ՛ս կը կատարէր աներեր եւ աննկատ հաստատում մը, թէ ինչպէ՛ս իր ոսկեգոյն կամ սեւ մակերեսով կը կրէր որոշ զգացողութիւն մը, թէ` ինչպէ՛ս այս զգացողութիւնը կ՛արտացոլէր միայն մէկ հայեցակէտ. սուրբերը կը պատկերուէին որոշ չափով, Աստուածամայրը` իրեն յատուկ չափով եւ Յիսուսը` այլ չափով մը: Այս բոլորը կը դասաւորուէին այնպիսի կարգով, որ միայն Աստուծոյ ուղեղէն կրնար ծնիլ: Սակայն այժմ վերացած էր այս: Զայն փոխարինած էր այնպիսի հայեցակէտ մը, որ կրնար ծնունդ առնել միայն մարդկային աչքէն եւ` այնպիսի աչքէ մը, որ աշխարհը կը դիտէր այնպէս` կարծէք առաջին անգամ կը տեսնէր զայն:

Կամ` Կալիլէոյին պէս, որ երկու դար ետք, 1609-ին ձեռքին բռնած գործիք մը, զոր մկրտած էր փերսփիչիլիում անունով, այսինքն` դիտողական խողովակ, եւ ինչ որ պիտի կոչէինք հեռադիտակ. այլ խօսքով` աչք մը, որ տիեզերքը կը դիտէր այնպէս` կարծէք առաջին անգամ կը տեսնէր զայն:

Մէջբերելով Էննը` «այստեղ պիտի կատարեմ վիճարկութիւն մը, սակայն ոչ թէ բառերով, այլ` ժամանակագրական եւ տեսողական միջոցներով», պիտի շարունակեմ այն կէտէն, ուր կը սկսի Էնն` Սիմոնէ Մարթինիի «Յայտնութիւնը» գեղանկարով, որ իրագործուած է ջրհեղեղի տարին, 1333-ին եւ պիտի աւարտեմ` վերարտադրելով պատկեր մը, առնուած` հեռադիտակէ մը, որ կը կրէ անունը գիտնականի մը, որուն մէկ վիճարկութիւնը պիտի կատարէի ե՛ս այսօր, եթէ պիտի նախընտրէի դիմել բառերու. «Աստղագիտութեան պատմութիւնը պատմութիւնն է աստիճանաբար հեռացող հորիզոններու»:

 

 

 

 

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

Յաջորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՄԸ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.