Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած գագաթի ճակատումին, իրարու դէմ մրցեցան Ուրարտու եւ «Մետ-Ֆոքս»:
Առաջին քորթըրին Ուրարտու թէեւ առաւելութիւն մը ունէր իր մրցակիցին վրայ, սակայն երկրորդին չկրցաւ զայն պահել:
Բ. կիսախաղի դադարէն ետք, «Մետ-Ֆոքս» բաւական տիրապետեց, սակայն Ուրարտու վերջին վայրկեանին հաւասարեցուց արդիւնքը (83-83):
Երկարաձգման ընթացքին Ուրարտու յաջողեցաւ տիրապետել իր մրցակիցին վրայ եւ տանիլ վերջնական յաղթանակը: