Ծաղկաձորի մէջ իրենց աւարտին հասան Հայաստանի ձիւնի վոլիպոլի ախոյեանութիւնները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին աղջկանց 10 եւ տղոց 12 խումբեր:
Տղոց աւարտական մրցումին, «ՖԻՄԱ-1», 2-0 արդիւնքով յաղթելով «ՖԻՄԱ-3»-ին, տիրացաւ տիտղոսին:
Իսկ աղջկանց աւարտականին, «Վան-1»-ը, նոյն արդիւնքով յաղթեց «Աւան-1»-ին:
Տիտղոսակիրները Հայաստանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին կողմէ պարգեւատրուեցան բաժակներով, մետալներով, պատուոյ գիրերով եւ նուէրներով:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի ուսանողական ֆետերասիոնի նախագահ Յովհաննէս Գաբրիէլեան: