Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան յառաջիկայ օրերուն ընթացքին կրնայ դարձեալ վերադառնալ ֆութպոլի դաշտերը:
Ըստ իտալական մամուլին, հայրենի ֆութպոլիստին վերականգնողական շրջանը բաւական յաջող ձեւով կ’ընթանայ եւ ան շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ իր ակումբին կատարելիք յաջորդ մրցումին:
Անոր կազմին յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Հելաս Վերոնա:
Նշենք, որ ան իր մասնակցութիւնը չբերաւ նախորդ շաբաթավերջին Սփեցիայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին` մկանային ցաւեր ունենալուն պատճառով: