Անցնող երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Լոս Անճելըս քաղաքի երկու կազմերը` Լէյքըրզ եւ Քլիփըրզ, շարունակելով իրենց յաջող ելոյթներու շարքը, արձանագրեցին տարեշրջանի իրենց 13-րդ յաղթանակը` յաջորդաբար Շիքակօ Պուլզի (101-90) եւ Օքլահոմա Սիթիի (108-100) դէմ:
Լէյքըրզէն 37 կէտ նշանակեց Էնթընի Տէյվիս:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց տարեշրջանի իր 8-րդ պարտութիւնը` Եութա Ճեզէն` 127-108 արդիւնքով:
Հակառակ իր կազմին կրած այս պարտութեան, Սթեֆըն Քարի, որ նշանակեց 24 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ), հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան երկրորդ ամէնէն շատ թրի փոյնթ (2651) նշանակած մարզիկը` գերազանցելով անցեալին Ինտիանա Փէյսըրզին մաս կազմող Ռեճի Միլըրը:
Մրցանիշը կը պատկանի Ռէյ Էլընին (2973):