Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Պարտուած Ղեկավարը Անկարող Է Լուծելու Կորսնցուցած Պատերազմէն Յառաջացած Հարցերը

Յունուար 22, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Երեք պատճառ կայ, թէ ինչո՛ւ Հայաստան կը գտնուի քաոսային եւ խառնիխուռն վիճակի մէջ.

Առաջին պատճառը այն է, որ Հայաստան` որպէս պատերազմի մէջ պարտուած կողմ, շատ քիչ լծակներ ունի 9 նոյեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի նախագահին, Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսիոյ նախագահին կողմէ ստորագրուած «Յայտարարութեան» կամ համաձայնագրի իրագործման մէջ:

Երկրորդ պատճառը պայմանաւորուած է անով, որ «Յայտարարութեան» գրութիւնը  յստակ չէր, հիմնական մանրամասները դուրս մնացած են` անորոշութիւն յառաջացնելով:

Երրորդ հարցը այն է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` որպէս պարտուած կողմի բարոյալքուած ղեկավար, անկարող է լուծելու կամ նուազագոյնի իջեցնելու պատերազմին պատճառած վնասը: Անոր անարդիւնաւէտութեան պատճառներն են` պատերազմի ընթացքին ունեցած անյաջողութիւնները եւ վարչապետի պաշտօնավարման ամբողջ տեւողութեան երկիրը վատ կերպով կառավարելու ունակութիւնը եւ անփորձութիւնը:

Հայաստանի համար միակ ճիշդ ուղին այն է, որ Փաշինեան իր կամքով հրաժարական տայ` առանց որեւէ ճնշման, ցոյցերու եւ վտանգաւոր ճակատումներու: Թէեւ սարսափելի է, որ պատերազմի ընթացքին Հայաստան պարտուած է արտաքին հզօր թշնամիներէն, սակայն շատ աւելի վատ է, երբ հայերը թշնամաբար կը վերաբերին իրարու հանդէպ: Անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ ոչ ոք կրնայ փոխարինել Փաշինեանը, վիրաւորած կ՛ըլլան հայ ժողովուրդը: Ոչ ոք անփոխարինելի է: Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ կան շատ գրագէտ եւ խելացի հայեր, որոնք կրնան լիիրաւ կերպով կառավարել Հայաստանը: Նոր ղեկավարը պէտք չէ ըլլայ ներկայ իշխանութեան մաս, ոչ ալ` անցեալի: Հայ ժողովուրդը կ՛ընտրէ Փաշինեանի իրաւայաջորդը ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով: Հայաստանին անհրաժեշտ է թարմ ուժ…

Վերադառնալով 9 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագրին` տարօրինակ է, որ անոր շարք մը դրոյթներուն համար սահմանուած էին յստակ ժամկէտներ, ինչպիսիք են` հայկական զօրքերու դուրս բերումը Արցախի յարակից զանազան տարածքներէն, բայց համաձայնագրի 8-րդ կէտի` «ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ մարդոց ու մահացածներու մարմիններու փոխանակման» մասին վերջնական յստակ ժամկէտ չկար: Նախքան համաձայնագիրը ստորագրելը` Փաշինեան պէտք էր պնդէր վերջնական ժամկէտի ձեռքբերման համար: Հազարաւոր հայ ընտանիքներ յայտնուած են ողբերգական ծայրայեղ վիճակի մէջ` չգիտնալով, թէ իրենց սիրելիները ո՞ղջ են, թէ՞ մեռած: Միեւնոյն ժամանակ հայ ռազմագերիներէն շատեր կը խոշտանգուին ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու կողմէ` ի խախտումն Ժընեւի համաձայնագրի: Ազրպէյճանցի զինուորները անամօթաբար տեսագրած են գերեվարուած հայ զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու գլխատումը կամ անոնց ականջակտրումը եւ ոտքերու ու ձեռքերու հատումը: Ասիկա ռազմական շարունակական յանցագործութիւն է, որ պէտք է ներկայացուի միջազգային դատարաններ:

Հայաստան եւ Ազրպէյճան պատերազմէն անմիջապէս ետք փոխանակեցին փոքրաթիւ գերիներ: Գերի տարուած մնացեալ հայ զինուորներու թիւն ու ճակատագիրը կը մնան անյայտ:

Երկարատեւ ու հիասթափեցնող սպասումէ ետք Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարները վերջապէս հանդիպեցան Մոսկուայի մէջ 11 յունուար 2021-ին` որոշումներ կայացնելու համար երկու հիմնական կէտերու մասին. 1) ռազմագերիներու եւ պատանդներու փոխանակում. 2) Արցախի վերջնական կարգավիճակի որոշում` ըստ հանդիպումէն առաջ Հայաստանի վարչապետի գրասենեակի կատարած յայտարարութեան:

Ապշեցուցիչ է, որ մոսկովեան հանդիպումէն ետք երեք ղեկավարները նոր համաձայնագիր ստորագրեցին, որուն մէջ նշուած էր  միայն 9 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագրի 9-րդ կէտը` «Տարածաշրջանի մէջ բոլոր տնտեսական եւ երթեւեկութեան ուղիներու ապաշրջափակումը»: Ասիկա կը նշանակէ, որ Հայաստան կրնայ օգտագործել երկաթուղին, որ կը սկսի Հայաստանի հիւսիսէն, կ՛անցնի Նախիջեւանը եւ դուրս կու գայ Հայաստանի հարաւէն` դէպի Իրան: Հայաստան կրնայ նաեւ օգտագործել երկաթուղին, որ կ՛անցնի Ազրպէյճանի հիմնական տարածքով` հասնելով Պաքու, ապա Մոսկուա: Միւս կողմէ` Ազրպէյճան  պիտի ունենայ երթուդարձի ճամբայ Հայաստանի հարաւով` Նախիջեւանը կապելով Ազրպէյճանի հիմնական տարածքին: Երթեւեկութեան ճամբաներուն առիթով բարձր մակարդակի յանձնախումբեր ստեղծելու համար շատ կարճ ժամկէտեր սահմանուեցան` առանց նշելու ռազմագերիներու փոխանակման եւ Արցախի վերջնական կարգավիճակի մասին: Զարմանալիօրէն վեհաժողովի հանդիպումէն անմիջապէս ետք Փաշինեան յայտարարեց. «Այսօր մենք չկրցանք լուծել ռազմագերիներու հարցը, ասիկա ամէնէն զգայուն հարցն է: Մենք համաձայնեցանք, որ պիտի շարունակենք (բանակցութիւնները)  այս գծով: Կը յուսամ, որ կը յաջողինք կարելի եղածին չափ շուտ հասնիլ յստակ լուծման: Ցաւօք, անկարելի է բոլոր հարցերը լուծել մէկ հանդիպման ընթացքին»: Մոսկուայի հանդիպումը երկրորդ պարտութիւնն էր Հայաստանի համար:

Փաշինեանի մեկնաբանութիւնները պէտք է անընդունելի ըլլան բոլոր հայերուն համար` անկախ անկէ, թէ կը սատարե՞ն անոր, թէ՞ ոչ: Ինչպէ՞ս կրնար ան չորս ժամ նստիլ նախագահներ Փութինի եւ Ալիեւի հետ եւ չպնդել ռազմագերիներու անյապաղ փոխանակման մասին: Հրադադարէն անցած է երկու ամիս, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ ե՛րբ Փութինը, Ալիեւը եւ Փաշինեանը դարձեալ կը հանդիպին այս կարեւոր հարցը լուծելու համար: Այսպէս կարելի չէ պաշտպանել Հայաստանի շահերը` նոյնիսկ հաշուի առնելով պարտուած երկրին ծանր վիճակը: Հանդիպման ընթացքին Փաշինեան պէտք է  յստակացնէր, որ իրեն համար թիւ մէկ առաջնահերթութիւն էր  գերիներու փոխանակումը: Եւ թէ` եթէ քանի մը օրուան ընթացքին գերիներու փոխանակման մասին որոշում չկայացուի, ապա ինք կը հրաժարի անոնց հետ ուրիշ հարց քննարկելէ: Ինչպէ՞ս կրնան Հայաստան եւ Ազրպէյճան քննարկել երկու երկիրներու միջեւ երթեւեկութեան ճամբաներու ապաշրջափակման հարցը, երբ դեռ հայ բանտարկեալներ կը տանջուին Պաքուի բանտերուն մէջ եւ կ՛ենթարկուին  չարչարանքներու: Աւելի՛ն. ո՛չ նոյեմբերեան համաձայնագրին մէջ, ո՛չ ալ անոր յաջորդած մոսկովեան յայտարարութեան մէջ նշուած էր, թէ որո՛նք պիտի վճարեն Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանը Ազրպէյճանի հիմնական տարածքին կապող ճամբուն եւ երկաթուղիի կառուցման համար:

Մինչ Հայաստանի վարչապետը բանակցութիւն կը վարէ թոյլ դիրքերէ, ազրպէյճանական կողմը կը դառնայ աւելի կոշտ` նախազգուշացնելով Հայաստանի ղեկավարները, որ չայցելեն Արցախ, այն բանէն ետք, երբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Արցախ գացած էր: Ազրպէյճան պնդած է, որ այդ մէկը 9 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագրի խախտում է, թէեւ համաձայնագրի մէջ նման արգելք չկայ: Աւելի՛ն. Ազրպէյճան յայտարարած է, որ հայ ռազմագերիները պիտի դատուին իբրեւ «ահաբեկիչներ», հետեւաբար` փոխանակման ենթակայ  չեն:  Թէեւ պատերազմէն ետք Հայաստան կը գտնուի շատ ծանր վիճակի մէջ, սակայն Հայաստանի ղեկավարները պարտաւոր են  հզօր  պայքար մղելու երկրին շահերը կարելի եղածին չափ պաշտպանելու համար: Հայաստանի ղեկավարները որքան ստրկամիտ ըլլան, ազրպէյճանցիները եւ թուրքերը այնքան աւելի պահանջկոտ կը դառնան:

Ցաւօք, կարծես թէ Փաշինեան ինքն իրեն համոզած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երթեւեկութեան ճամբաներու ապաշրջափակումը կը խթանէ Հայաստանի տնտեսութիւնը: Լուրջ կասկածներ ունիմ, որ այսպէս է: Հայ մը կրնա՞յ ինքզինք ապահով զգալ Ազրպէյճանի տարածքով ճամբորդելու կամ ապրանքներ ուղարկելու պահուն: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ զանոնք: Աւելի խնդրայարոյց է Հայաստանի համաձայնութիւնը` թոյլատրել Ազրպէյճանի ճանապարհային  եւ երկաթուղային հաղորդակցութիւն երկու երկիրներու միջեւ` թոյլ տալով Թուրքիոյ անցնիլ Նախիջեւան, իսկ Հայաստանի հարաւային շրջանով հասնիլ Ազրպէյճանի հիմնական տարածք, այնուհետեւ` դէպի Կեդրոնական Ասիոյ թրքական հանրապետութիւններ: Ասիկա Թուրքիոյ փանթուրանական դարաւոր երազանքն է, որ շուտով կրնայ իրականութիւն դառնալ: Այսպիսի երթուղի մը կրնայ խարխլել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ վտանգել անոր գոյութիւնը: Հայ ժողովուրդը եւ անոր կառավարութիւնը պէտք է ամէն ճիգ թափեն` խոչընդոտելու այս փանթուրանական կապը: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հնարաւորութիւն տալը, որ հատեն Հայաստանի տարածքը, բացարձակապէս կապ չունի արցախեան պատերազմին հետ, եւ այսպիսի դրոյթ մը պէտք չէ ներառուէր 9 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագրին մէջ:

Կը վախնամ, որ Հայաստանի անկումը կը շարունակուի անքան ժամանակ, այնքան ատեն որ երկիրը  կը ղեկավարուի վարչապետի մը կողմէ, որ  գլխաւոր  պատասխանատուն  է  հայկական հողերու կորուստին եւ հազարաւոր զինուորներու մահուան:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Նշմար. Կամաւոր Խուլեր Եւ Կոյրեր

Յաջորդը

Վերջին Պատերազմները Եւ Երեխաները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?