Սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 20 կրան շլեմի տիտղոսներու, նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
34 տարեկան Նատալ, որ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին («Էյ. Թի. Փի.») կողմէ հրապարակուած վերջին դասաւորման մէջ, 800-րդ շաբաթն ըլլալով մնաց լաւագոյն տասնեակին մէջ, յաջողեցաւ մրցանիշ մը հաստատել:
Նշենք, որ նախորդ նոյեմբերին ան գերազանցեց ամերիկացի Ճիմի Քանըրսի մրցանիշը, որ 789 շաբաթ մնացած էր առաջին 10-ին մէջ:
Նատալ առաջին անգամ լաւագոյն տասնեակին մէջ մտաւ ապրիլ 2005-ին, երբ 18 տարեկան էր:
Այս ցուցանիշով երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր (734 շաբաթ):