Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու յայտնած է, որ Թուզլայի հայկական որբանոցը, ուր Հրանդ Տինք իր մանկութիւնը անցուցած է, պիտի վերածուի «Քամփ Արմէն» ճամբարի երիտասարդական կեդրոնի: Ան նշած է, որ այդ որոշումը միաձայնութեամբ որդեգրուած է Պոլսոյ քաղաքապետական խորհուրդի նիստին ընթացքին:
Էքրեմ Իմամօղլու, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ նկատուող Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ է, Հրանդ Տինքի սպանութեան 14-րդ տարելիցին առիթով գրառում կատարած է «Թուիթըր»-ի վրայ եւ ոգեկոչած Հրանդ Տինքի յիշատակը:
Իմամօղլուի համաձայն, այժմ սկսած են ճամբարի վերականգնման ճարտարապետական նախագիծի աշխատանքները:
Յիշեցնենք, որ «Քամփ Արմէն» հայկական ճամբարը Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող լքեալ ու կիսաքանդ շինութիւն մըն է: 8552 քառակուսի մեթր տարածք ունեցող «Քամփ Արմէն»-ը 1961-ին գնուած է Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին կողմէ եւ ծառայած է իբրեւ ամառնային ճամբար` հայկական դպրոցի չքաւոր ու որբ սաներու համար: Այնտեղ մեծցած են Հրանդ Տինքն ու անոր կինը` Ռաքէլը: Հետագային ճամբարը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ապօրինաբար խլուած է հայ համայնքէն: