«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Յաղթեց Ռոքեթցին` 120-102 Արդիւնքով
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, արձանագրեց տարեշրջանի իր 8-րդ յաղթանակը, երբ 120-102 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հիուսթըն Ռոքեթցի դաշտէն: Վերջինս, որ ցարդ արձանագրած է 3 յաղթանակ, կրեց տարեշրջանի իր 5-րդ պարտութիւնը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լէյքըրզէն Անթոնի Տէյվիս (27 կէտ): Ռոքեթցէն 20 կէտ նշանակեց Ճէյմս Հարտեն:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Լոս Անճելըս քաղաքի երկրորդ կազմը` Քլիփըրզ, որ 130-127 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շիքակօ Պուլզը: Յաղթական կազմէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 35 կէտ, իսկ Պուլզէն 45 կէտ նշանակեց Զեք ԼաՎին:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 106-105 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Թորոնթօ Ռեփթըրզին:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական