Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծնունդը Համազգայինին Հետ

January 12, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՆՈՐ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Անկախ բոլոր դժուարութիւններէն, գաղութիս պատկան մարմինները ճիգ չեն խնայեր  կազմակերպելու իւրօրինակ  նախաձեռնութիւններ, որպէսզի մեր  ընտանիքներուն մէջ պահպանուի հայկական իւրաքանչիւր աւանդութիւն եւ տօն:

Վկայ` Ս. Ծնունդի տօնին առիթով «էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ելոյթը, որ իւրայատուկ էր իր տեսակով: Արդարեւ, ոչ միայն լիբանանահայութիւնը, այլ նաեւ աշխարհասփիւռ հայերը մեծ հաճոյքով  հետեւեցան սփռուած ելոյթին, հայ ընտանիքներ ըմբոշխնեցին  հայկական երաժշտական գործիքներէն բխող ծննդեան երգերն ու եկեղեցական շարականները:

Երախտապարտ ենք կազմակերպիչ մարմիններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պատկերասփիւռի կայաններուն, որոնք իրենց կարգին յատուկ հարցազրոյցներով եւ սփռումներով մեզ համակեցին Ծննդեան խորհուրդով:

Այս քանի մը տողով կու գամ մատնանշելու նաեւ դերակատարութիւնը Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցին, ուր թրծուած պատանիներն ու երիտասարդները` հայ մշակոյթէն մասնիկ մը փոխանցելով իրենց ընտանիքներուն, կը սատարեն հայապահպանման առաքելութեան:

Վարձքը կատա՛ր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հայրենի եւ լիբանանահայ արուեստագէտ դասախօսներու բարձր կատարումներուն, խմբավարներուն, ելոյթի մասնակից իւրաքանչիւր անդամին, որոնք օրն ի բուն կամաւորաբար իրենց կարելին ի գործ դրին կանգուն պահելու «Գուսան» երգչախումբը , որուն երգերով կը հիանայ ոչ միայն հայ, այլ նաեւ օտար հանրութիւնը:

Վարձքը կատա՛ր լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանին, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի եռեակին եւ «Տաւիղ» համոյթին:

Մեծ յարգա՛նք հայ ժողովուրդի գոյերթին հաւատացող հանրութեան:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Կաղանդի Անսովոր Ճեպանկարներ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Դամբանականը` Գառնիկ Մկրտիչեանի Յուղարկաւորութեան

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.