Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Լիոն հանդիսացաւ երթի ախոյեան, հակառակ անոր որ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռեննի դաշտին վրայ:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Լիոն, որ ունեցաւ 40 կէտ, կէտի մը առաւելութեամբ կը գերազանցէ երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմենը` որ 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պրեսթին:
Այսպիսով, մայրաքաղաքի կազմին նոր մարզիչը, արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինօ իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց իր կազմին հետ: Ան իր առաջին մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Սենթ Էթիենի հետ:
Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Լիլ, որ իր կարգին ունի 39 կէտ, սակայն համեմատաբար աւելի տկար կոլ-էվըրէյճ մը:
Մարսէյ, որ երկու մրցում նուազ կատարած է, 32 կէտով կը գտնուի 6-րդ դիրքին վրայ:
Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, ամէնէն քիչ պարտութիւնը կրած է Լիոն (մէկ պարտութիւն): Փարիզ Սեն Ժերմեն կրած է չորս պարտութիւն, իսկ Մարսէյ` երեք: