Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ տարին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հայրապետական յատուկ հռչակագիրով հռչակեց «Արցախի տարի»:
Արդարեւ, կիրակի, 10 յունուար 2021-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին ընթերցուեցաւ հայրապետական հռչակագիրը` Շահան արք. Սարգիսեանի կողմէ: Հայրապետական հռչակագիրի ընթերցում կատարուեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ:
Հայրապետական հռչակագիրին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք հետագային: