Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարտուած Վարչապետը Ժողովուրդի Մանտան Չունի Մեր Պատմական Հայրենիքը Վաճառելու Իր Մօտալուտ Մոսկուա Այցելութեան Ընթացքին

Յունուար 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏՀԱԼՃԵԱՆ

Սիրելի՛ք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յարգելի՛ պատգամաւորներ,

Հայաստանի Ազգային ժողովը շտապ քայլերու պէտք է ձեռնարկէ՝ արգիլելու վարչապետ Փաշինեանին, որ իր յառաջիկայ Մոսկուա այցելութեան ընթացքին ստորագրէ որևէ փաստաթուղթ, որ իրաւական ուժ կու տայ իր անօրէն զիջումներուն:

Պատերազմը պարտուած վարչապետը ժողովուրդի մանտան չունի կնքելու որեւէ նոր համաձայնութիւն, որ վտանգ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին համար։

Աւելի՜ն, պարտուած վարչապետ մը ժողովուրդի և համայն հայութեան մանտան չունի համաձայնելու Հայաստանի տարածքով անցնող, Թուրքիան և Ազրպէյճանը կապող որեւէ ուղիի օրինականացման, նախքան համապարփակ բանակցութիւներու ձեռնարկելը թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ազրպէյճանի հետ:

Այսօրուան հայրենիքը կերտուած է թէ՛ հանրապետութեան հիմնադիր սերունդի զոհողութեամբ եւ թէ՛ նորագոյն պատերազմին ինկած մեր զոհերուն արեամբ: Պարտուած վարչապետ մը ժողսվուրդի մանտան չունի սերունդներու մեծ զոհողութեանբ կերտուած Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն պատկանող որեւէ յաւելեալ հողատարածք զիջիլ թշնամիին, ո՛չ ալ մանտան ունի ամբողջ ժողովուրդի մը հաւաքական արժանապատուութեան հետ խաղալու:

Մեր պարտութիւնը իմաստաւորելու պահն է այսօր: Խորհրդարանական ժողովրդավարական համակարգ որդեգրած պետութեան մը մէջ, պարտուած եւ չլիազօրուած վարչապետի մը նման կերպով որոշումներ կայացնելը անօրինական է, եթէ այդ որոշումին եւ ստորագրուելիք փաստաթուղթին բովանդակութիւնն ու մանրամասնութիւնները ո՛չ խորհրդարանին մէջ, ո՛չ ալ ժողովրդավարական հանրաքուէով քննարկուած են:

Պէտք է անմիջապէս սահմանափակուին վարչապետին որոշ «լիազօրութիւները»՝ իր մօտալուտ Մոսկուա այցելութենէն առաջ:

ճիշդ հիմա է, որ մենք պէտք է վերադառնանք մեր պետութեան խորքային հարցերուն, որպէսզի փրկենք եւ զարգացնենք ինչ որ տակաւին ունինք: Ճիշդ հիմա է պահը, որ մենք գործենք մեր ձեռք բերած ժողովրդավարութեան արժէքներով:

Վերջերս վերստին իրենց (կախ) գլուխները ցցած շահախնդիր «հակահայդատականներուն» կը յիշեցնեմ, որ վարչապետը հայ ժողովուրդի մանտան չունի մեր պատմական հայրենիքը վաճառելու:

Իսկ մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ՝ մեր հաւաքական կամքը թարգմանելով մեր գերագոյն յանձնառութեամբ եւ անտեղիտալիօրէ՛ն, մինչեւ որ կերտենք մեր նահատակներուն վայել հզօր հայկական պետութիւնը։

Նախորդը

Հայրապետական Հռչակագիրի Ընթերցում` Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Թեմերու Եկեղեցիներուն Մէջ

Յաջորդը

Ժողովուրդի Մտաւորականութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?