Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն` Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Եղիշէ Մելիքեան նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
41 տարեկան մասնագէտին վերջին ակումբը եղած էր Ալաշկերտ Երեւանը: Սակայն վերջինս երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզեց անոր հետ իր կնքած պայմանագրութիւնը:
Բացի Ալաշկերտէն, ան եղած է նաեւ ուքրանական Մեթալուրկի, Սթալի եւ Լվովի մարզիչ:
Ան մաս կազմած է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին` անոր հետ դաշտ ներկայանալով 30 մրցումի ընթացքին:



