Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը դարձեալ վստահուեցաւ Աբրահամ Խաշմանեանին, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Փորձառու մասնագէտին գլխաւորութեամբ Ալաշկերտ երկու անգամ հռչակուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան, իսկ մէկական անգամ ալ` Հայաստանի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր:
Անոր գլխաւորութեամբ կազմը իր փորձերուն պիտի սկսի 10 յունուարին եւ պիտի կատարէ ուսումնամարզական երկու հաւաք` Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Նշուեցաւ, որ կազմին մէջ պիտի կատարուին որոշ փոփոխութիւններ: