Արթուր Դանիէլեան Միացաւ Արարատ-Երեւանին
Հայաստանի ֆութպոլի բազմակի ախոյեան Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Արթուր Դանիէլեան միացաւ կազմին: 22 տարեկան ֆութպոլիստին նախկին ակումբն էր Արարատ-Արմենիան:
Ան ծնած է 9 փետրուար 1998-ին, Ուքրանիոյ մէջ: Ան խաղցած է Մեթալուրկ Տոնեցքի մանկապատանեկան խումբերուն հետ ապա Սթալ Քամենսոքէի կազմին հետ ելոյթ ունեցած է Ուքրանիոյ «Փրեմիեր-Լիկ»-ին մէջ:
Նշենք, որ ան հինգ մրցում կատարած է Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին հետ, ինչպէս նաեւ հրաւիրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական