Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի սեփականատէր շէյխ Մանսուր Պըն Զայետ (Ապու Տապիի թագաւորական ընտանիքէն) գնեց Անգլիոյ ամէնէն հին բաժակը, որ 1896-1910 թուականներուն ստացած էր Անգլիոյ բաժակակիրը, այս մասին յայտնեց մանչեսթըրեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս բաժակը պիտի ցուցադրուի Մանչեսթըրի մէջ գտնուող ազգային թանգարանին մէջ: Անոր համար շէյխ Մանսուր վճարեց 1,03 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Անիկա այդ թանգարանին մէջ էր 2005-ին: Սակայն անոր նախկին սեփականատէրը` Ուեսթ Համի համասեփականատէր Տէյվիտ Կոլտ, զայն սեպտեմբեր 2020-ին աճուրդով ծախած էր:
Այն մտավախութիւնը կար, որ անիկա դուրս կրնայ բերուիլ Անգլիայէն` նկատի ունենալով, որ գնողին անունը չէր յայտարարուած:
Նշենք, որ 1904-ին Մանչեսթըր Սիթի տիրացաւ այս տիտղոսին:



