Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Նախարար Այվազեանի Արցախ Այցելութեան Մասին` Ալիեւ. «Այսպիսի Ուղեւորութիւններուն Պէտք Է Վերջ Տրուի, Այլապէս…»

January 9, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի` Արցախի Հանրապետութիւն կատարած այցելութեան` նշելով. «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնատարներու Արցախ այցելութիւնները կը խոչընդոտեն յարաբերութիւններու կարգաւորումը»:

«Թող չմոռնան պատերազմի մասին: Այդ ուղեւորութիւններուն պէտք է վերջ տալ: Կը նախազգուշացնենք` եթէ այդպիսի սադրիչ գործողութիւններ ձեռնարկուին, ապա Հայաստանը առաւել եւս պիտի զղջայ», յայտարարած է Ալիեւ:

Ան յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ քայլեր կը ձեռնարկուին յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ:

«Ռուսիան կողմերուն առաջարկած է իր միջնորդական կարելիութիւնները: Վերջերս Հայաստան եւ Ազրպէյճան այցելած Ռուսիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը հիմնականին մէջ քննարկած է այդ նիւթերը: Եթէ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին, ինչի՞ համար են այդպիսի սադրիչ այցելութիւնները: Այդ պատճառով բոլոր ուղեւորութիւններուն պէտք է վերջ տրուի», ըսած է ան:

Անոր համաձայն, «ո՛չ մէկ օտարերկրեայ քաղաքացի, ո՛չ մէկ միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, բացառութեամբ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին, կրնան Լեռնային Ղարաբաղ մեկնիլ առանց Ազրպէյճանի արտօնութեան»:

Ան սպառնացած է` նշելով, որ եթէ նման ուղեւորութիւնները կրկնուին, ապա պատասխանը շատ կարծր պիտի ըլլայ:

Ալիեւ յայտնեց, որ այս պահուս Նախիջեւանի միջանցքի բացման ուղղուած որոշակի աշխատանքներ կը կատարուին: Ան յայտարարեց, որ Ռուսիան Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Իրանի հետ պիտի կարենայ օգտուիլ Նախիջեւանով անցնող նոր փոխադրամիջոցային միջանցքէն:

«Չեմ ուզեր իրադարձութիւններէն առաջ անցնիլ, սակայն այդ միջանցքի բացումը արտացոլուած է 9 նոյեմբերին կնքուած յայտարարութեան մէջ: Այդ պատճառով միջանցքը անպայման պիտի կառուցուի, ինչ որ շրջանին մէջ նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ: Այդ ճամբայէն պիտի օգտուի թէ՛ Ազրպէյճանը, թէ՛ ալ Ռուսիան, Հայաստանն ու Իրանը: Այդ ճամբան յատուկ նշանակութիւն պիտի ունենայ բազմակողմանի համագործակցութեան համար», ըսած է Ալիեւ 2020 թուականի արդիւնքներուն նուիրուած տեսակապի ժամանակ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն, Վարչապետ Հարիրի Եւ Այլ Անձնաւորութիւններ Կը Շնորհաւորեն Հայկական Ս. Ծնունդը

Յաջորդը

Վազգէն Մանուկեանի Կոչը` Արտաքին Գործոց Նախարարին, ԱԱԾ-ի Եւ Զինուած Ուժերու Ղեկավարներուն

RelatedPosts

«Հայփոստ»-ը Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ  Պահուող Հայերուն Նամակներ Փոխանցել
Հայկական

«Հայփոստ»-ը Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերուն Նամակներ Փոխանցել

October 19, 2026
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.