9. Եթէ ծրագիրներդ չազդուին արտաքին գործօններէ, ե՞րբ կը մտածես արտագաղթել:
Ինչպէս արդէն նշած էինք, մասնակցողներուն 272-ը կը մտածեն Լիբանանէն արտագաղթելու մասին:
Ուրեմն, հեռանկար մը ունենալու համար, պէտք է հասկնալ, թէ ի՛նչ են նուազագոյն եւ առաւելագոյն ժամանակահատուածները, որոնց ընթացքին արտագաղթելու մասին մտածող ուսանողութիւնը կը մտածէ իսկապէս արտագաղթելու մասին:
Արտագաղթելու մասին մտածող անձերէն 80-ը (29 առ հարիւր) կը նախատեսէ արտագաղթել յառաջիկայ մէկէն երկու տարուան ընթացքին: 68-ն (25 առ հարիւր) նշած է, որ կը նախատեսէ արտագաղթել 2 տարուընէ ետք, իսկ այլ 68-ը (25 առ հարիւր) անձեր տակաւին չեն գիտեր եւ չեն նախատեսած իրենց արտագաղելու մօտաւոր թուականը: Մասնակցողներէն 22-ը (8 առ հարիւր) կը նախատեսեն արտագաղթել յառաջիկայ 6-էն 12 ամիսներուն միջեւ, 19-ն (7 առ հարիւր) հարցախոյզը պատասխանած թուականէն մինչեւ 3 ամիս, իսկ 15-ը (6 առ հարիւր) կը մտածեն արտագաղթել 3-էն 6 ամսուան ընթացքին:
10. Ո՞ր երկիրը մտածած ես արտագաղթել (եթէ յստակ որոշում ունիս, նշէ՛ մէկ երկրի անուն, եթէ ոչ` առաւելագոյնը 3 երկիրներ):
Երբ կը խօսինք արտագաղթի մասին, պէտք է նաեւ խօսիլ թիրախ հանդիսացող երկիրներուն մասին: Հասկնալու համար, թէ լիբանանահայ ուսանողութիւնը դէպի ո՞ւր կը մտածէ արտագաղթել, հարցախոյզին մէջ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը ընդգրկեց այս հարցումը:
Մասնակցողներէն նշանակալի տոկոս մը (107 անձեր) նշած է, որ կը մտածէ հաստատուիլ Հայաստանի մէջ: Պէտք է նշել, որ այս հարցումին կարելի էր ընտրել առաւելագոյնը 3 պատասխաններ: Երկրորդ դիրքը գրաւած են Միացեալ Նահանգները (89 անձեր), իսկ երրորդ դիրքը գրաւած է Քանատան (77 անձեր):
Մնացեալ պատասխանները կը տեղադրենք ստորեւ կցուած տախտակին մէջ:
Մասնակցողներէն 40-ը նշած է, թէ տակաւին չէ որոշած արտագաղթի վայրին մասին:
11. Չեմ որոշած պատասխանողներուն համար բացուեցաւ այլ հարցում` կը մտածե՞ս Հայաստան երթալու մասին:
Նկատի առնելով, որ նախորդ հարցումին 40 մասնակցողներ նշած էին, որ չեն որոշած, թէ դէպի ո՛ւր պիտի արտագաղթեն, անոնց հարցուեցաւ հետեւեալ հարցումը. «Կը մտածե՞ս Հայաստան երթալու մասին»:
40 մասնակցողներէն 21-ը պատասխանած են «այո», իսկ 19-ն` «ոչ»:
12. Այս անգամ անոնք, որոնք Հայաստան եւ անորոշ չէին զատած` եթէ հաստատուիս այլ երկրի մը մէջ (Հայաստանէն բացի), կը կարծե՞ս, որ գաղութային կեանքին մաս կը կազմես (հայկական կազմակերպութիւններու անդամակցութիւն, ձեռնարկներու երթալ, եկեղեցական կեանք եւ այլն):
Հայկական սփիւռքի կազմակերպման աշխատանքները լաւապէս ծրագրելու համար, պէտք էր հասկնալ, թէ արդեօք արտագաղթի մասին մտածող երիտասարդութիւնը հետաքրքրուա՞ծ է գաղութային կեանքով: Այս նպատակով, բոլոր անոնք, որոնք 11-րդ հարցումին «Հայաստան»-էն եւ «Անորոշ»-էն բացի պատասխան մը ընտրած էին, ստացան հետեւեալ հարցումը. «Կը կարծե՞ս, որ գաղութային կեանքին մաս կը կազմես (հայկական կազմակերպութիւններու անդամակցութիւն, ձեռնարկներու երթալ, եկեղեցական կեանք եւ այլն)»:
Անոնցմէ 90-ը պատասխանած է «Այո»` հաստատելով, որ անոնք մաս պիտի կազմեն հայկական գաղութային կեանքին, 28-ն կը գտնուի անորոշ վիճակի մէջ, իսկ 8-ն պատասխանած է ոչ: Այս իմաստով, «Հայաստան» եւ «Անորոշ» չպատասխանողներուն 71,4 առ հարիւրը, իր արտագաղթած երկրին մէջ, կ՛ուզէ մաս կազմել հայկական գաղութային կեանքին, 22,2 առ հարիւրը անորոշ վիճակի մէջ է, եւ տակաւին չէ կողմնորոշուած այս հարցին գծով, իսկ 6,4 առ հարիւրը հաստատօրէն նշած է, որ չ՛ուզեր մաս կազմել գաղութային կեանքին:
13. Այս անգամ բոլոր անոնց, որոնք ըսած էին, ոչ թիւ 11 հարցումին մէջ` եթէ հաստատուիս այլ երկրի մը մէջ (Հայաստանէն բացի), կը կարծե՞ս, որ գաղութային կեանքին մաս կը կազմես (հայկական կազմակերպութիւններու անդամակցութիւն, ձեռնարկներու երթալ, եկեղեցական կեանք եւ այլն):
Նախորդ հարցումը նաեւ հարցուեցաւ այն մասնակցողներուն, որոնք 10-րդ հարցումին մէջ իրենց արտագաղթելիք վայրը «անորոշ» ճշդած էին, իսկ 11-րդ հարցումին մէջ հաստատած էին, որ անոնք չեն մտածեր Հայաստան երթալու մասին (19 մասնակցողներ, որոնք 11-րդ հարցումին մէջ «ոչ» պատասխանած էին):
19 մասնակցողներէն 11-ը հաստատած է, որ իր արտագաղթելիք երկրին մէջ կ՛ուզէ մաս կազմել հայկական գաղութային կեանքին: Անոնցմէ 6-ը անորոշ վիճակի մէջ է, իսկ 2-ը չեն ուզեր մաս կազմել գաղութային կեանքին:
14. Հոն հաստատուելու պարագային, Հայաստանը վերջնակա՞ն հանգրուան մը կը նկատես, թէ՞ ժամանակաւոր հանգրուան մը, որմէ ետք ուրիշ երկիր մը կ՛ուզես հաստատուիլ:
Կեդրոնանալով Հայաստան հաստատուիլ ուզող լիբանանահայ ուսանողներուն վրայ, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կ՛ուզէր հասկնալ, թէ հոն հաստատուիլ ուզող ուսանողը Հայաստանը իբրեւ վերջնական հանգրուան կը նկատէ՞:
Հաշուելով Հայաստան հաստատուիլ ուզողներուն թիւը, նախորդ հարցումներուն արդիւնքներէն կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ այս հարցախոյզին մասնակցողներէն 127-ն կը մտածեն Հայաստան հաստատուելու մասին: 127-ին մէջ են նաեւ անոնք, որոնք սկիզբը անորոշ նկատած էին իրենց արտագաղթելիք վայրը, սակայն յետոյ նշած էին, որ կը մտածեն Հայաստան հաստատուելու մասին:
127-էն 50-ը (39 առ հարիւր) անորոշ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ չի գիտեր, եթէ Հայաստանը իբրեւ վերջնական հանգրուա՞ն կը նկատէ, թէ՞ ժամանակաւոր հանգրուան մը: Անոնցմէ 47-ն (37 առ հարիւր) Հայաստանը վերջնական հանգրուան կը նկատեն, իսկ 30-ը (24 առ հարիւր) Հայաստանը կը նկատեն իբրեւ ժամանակաւոր հանգրուան մը, որմէ ետք ուրիշ երկիր մը կ՛ուզեն հաստատուիլ:
15. Ի՞նչ պատճառներու բերմամբ Հայաստանը ժամանակաւոր հանգրուան կը նկատես:
Հայաստանը ժամանակաւոր հանգրուան նկատելու պատճառը հասկնալու համար, նախորդ հարցումին մէջ «Հայաստանը ժամանակաւոր հանգրուան» նկատող 24 մասնակցողներուն հարցուեցաւ նշուած հարցումը:
Պէտք է նշել, որ այս հարցումին կարելի էր ընտրել մէկէ աւելի պատասխաններ:
21 անձեր նշած են, որ Հայաստանը իբրեւ ժամանակաւոր հանգրուան մը նկատելու պատճառը կամ պատճառներէն մէկը գործի ոչ լաւ նիւթական վարձատրումն է: 10-ը անձեր պատճառը կամ պատճառներէն մէկը նկատած են Հայաստանի մէջ աշխատանք գտնելու դժուարութիւնը: Մասնակցողներէն 9-ն նշած է, որ Հայաստանը ժամանակաւոր հանգրուան մը նկատելու պատճառը կամ պատճառներէն մէկը ուսման հետ կ՛առնչուի, իսկ 4 այլ անձեր նշած են, որ մշակութային տարբերութիւններու պատճառով, Հայաստանը ժամանակաւոր հանգրուան կը նկատեն:
Վերջապէս, մասնակցողներէն 2-ը նշած են, թէ քաղաքական անապահովութեան զգացումը կրնայ պատճառ հանդիսանալ Հայաստանը վերջնական հանգրուան մը չնկատելու:
Մէկ հոգի ընտրած է «Այլ» տարբերակը եւ նշած, որ կարգ մը մասնագիտութիւններու իմաստով, յառաջդիմութեան լուրջ խնդիր կը տեսնէ Հայաստանի մէջ:
16. Ո՞ր երկիրը կը նկատես իբրեւ վերջնական կանգառ: Ընտրել մէկ կամ քանի մը հաւանական երկիրներ:
Հայաստանը ժամանակաւոր հանգրուան նկատողներուն հարցուեցաւ, թէ Հայաստանը լքելէ ետք, ո՞ւր կը կարծեն կ՛ըլլայ իրենց վերջնական հանգրուանը: Անոնցմէ 11-ը ընտրած է Միացեալ Նահանգները, 9-ն Քանատա, 7-ն տակաւին չէ կողմնորոշուած, իսկ 3 անձեր նշած են, որ հաւանականութիւն կը տեսնեն կրկին Լիբանան վերադառնալու:
Այս հարցումին կարելի էր ընտրել մէկէ աւելի պատասխան:
Ամբողջական տախտակը ստորեւ կարելի է գտնել:
17 .Եթէ հաստատուիս այլ երկրի մը մէջ (Հայաստանէն բացի), կը կարծե՞ս, որ գաղութային կեանքին մաս կը կազմես (հայկական կազմակերպութիւններու անդամակցութիւն, ձեռնարկներու երթալ, եկեղեցական կեանք եւ այլն):
Այս նոյն հարցումը ստացան բոլոր անոնք, որոնք սկիզբը Հայաստան արտագաղթելու մասին իրենց հետաքրքրութիւնը յայտնելով հանդերձ, հարցախոյզի ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ անոնք Հայաստանը իբրեւ ժամանակաւոր հանգրուան կը նկատեն:
Ուրեմն, Հայաստանը ժամանակաւոր հանգրուան նկատողները, որոնք ապագային կը մտածեն այլ երկրի մը մէջ վերջնականապէս հաստատուիլ, այս հարցումին պատասխանեցին հետեւեալ ձեւով.
Անոնցմէ 22-ը կ՛ուզէ իր երթալիք երկրին մէջ հայկական գաղութային կեանքին մաս կազմել, իսկ 2-ը չեն ուզեր:
(Շար. 2 եւ վերջ)