Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Ո՞ւր

Դեկտեմբեր 18, 2020
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՆԱՆ ԹԱՊԱԳԵԱՆ

– Կրնա՞յ ըլլալ, որ մարդ չսիրէ իր ծննդավայրը` Լիբանանը. մանաւա՛նդ Լիբանանը, ուր ծնած ու տարիներ շարունակ մեծցած ենք անոր հիւրասէր ու տաքուկ գիրկին մէջ:

– Կրնա՞յ ըլլալ, որ նախընտրես լքել ընտանիքդ եւ ընկերներդ:

– Շուարած ենք… Ի՞նչ ընենք:

– Լսեցի՞ք, Ս-ն ալ պիտի ճամբորդէ գործ փնտռելու նպատակով:

Այսօրուան երիտասարդութեան խօսակցութեան հարազատ պատկերն է ասիկա: Համալսարանաւարտ երիտասարդներ, որոնք հպարտ են իրենց ստացած վկայականով, պատրաստ են խանդավառութեամբ նետուելու գործի ասպարէզ, փնտռելու տարբեր հնարաւորութիւններ, ծրագրելու իրենց ապագայի ուղին, այսօր  դէմ յանդիման կը գտնուին ապագայի անորոշութեան, կարծէք կանգնած են մութ փապուղիի մը մէջ` յուսախաբ եւ մտահոգ: Երկրին մէջ իշխած է անգործութիւնը, տնտեսութիւնը օրէ օր կը քայքայուի, քաղաքական անկայուն իրավիճակը աւելիով կը վատթարանայ, վախը պատած է բոլոր լիբանանցիներուն սիրտերը. մէկ խօսքով, ճնշիչ մթնոլորտ մը կը տիրէ ամէնուրեք: Բոլորը նոյնը կ՛ըսեն. «Արդեօք նաւահանգիստի այս վերջին պայթումէն աւելի մեծ աղէտ կրնա՞յ դեռ պատահիլ»: Սարսափելին այն է, որ այս հարցումէն ետք ամէն ոք լուռ է, ոչ ոք քաջութիւնը ունի ըսելու` «կրնայ ըլլալ», միեւնոյն ժամանակ իւրաքանչիւրը  կը փորձէ հայեացքով մը  յոյս ներնշնչել միւսին: Դժբախտաբար սկսած ենք համոզուիլ ու նմանիլ այն վիրաւորին, որուն բժշկելը գրեթէ անկարելի է:

Շատ դժուար է տեսնել ամէն օր մարդոց նոյն տխուր ու անյոյս դէմքերը, իսկ աւելի դժուար է տեսնել, երբ քու դասընկեր- դասընկերուհիներդ, բարեկամներդ մէկիկ – մէկիկ, ի գին ամէն ինչի, բռնած են գաղթի ճամբան: Ամէն շաբաթ կը հաւաքուինք կամ հեռախօսով յաջողութիւն կը մաղթենք արտագաղթող մեր ընկերներուն: Զարմանալին այն է, որ կը ճամբենք ոչ թէ տխրութեամբ, այլ` ուրախութեամբ,  քաջալերելով զանոնք իրենց առած յանդուգն քայլին համար: Երբեմն կէս կատակ – կէս ճիշդ ըսելով. «Դուն գնա՛, լաւ բան մը գտնես, մեզ մի՛ մոռնար»: Երանի կու տանք, որ կրցաւ այս քաոսէն դուրս ելլել` «աւելի լաւ» կեանքի մը հնարաւորութիւն գտնելով. իսկ եթէ մեկնողին ուղղութիւնը դէպի հայրենիք է, բնականաբար ուրախութիւնը կը կրկնապատկուի:

Այո՛, այսօրուան երիտասարդութիւնը «աւելի լաւ» կեանք մը ապահովելու համար կը գաղթէ: Ստիպուած` կը գաղթէ հոն, ուր իրեն համար ալ յստակ չէ, թէ ինչպիսի՛ կացութեան առաջ պիտի գտնուի. պիտի կարենա՞յ յաղթահարել դժուարութիւնները, թէ՞ աւելիով պիտի մխրճուի. արդեօք պիտի ուրախանա՞յ իր առած քայլերուն համար եւ պիտի քաջալերէ՞ իր շրջապատը, թէ՞ պարզապէս պիտի ըսէ` «Երանի հոն մնայի». արդեօք պիտի կարենա՞յ գծել իր կեանքի կանաչ ճանապարհը, թէ՞ ընդհակառակը, պիտի յորդորէ իր ընկերները ու ըսէ` «մի՛ մտածէք գալու մասին»:

Այսօրուան երիտասարդութեան ուղեղին մէջ այս հարցումները, մտահոգութիւնները կարուսելի պէս անվերջ կը դառնան եւ կը մնան անպատասխան:

Դէպի ու՞ր…

Սեպտեմբեր 2020

Նախորդը

Մեր Օրերու Հեքիաթ. Առնէտները Չքացա՞ն, Իսկ Հայրենի Հողե՞րը…

Յաջորդը

Բայց… Ափսո՜ս

RelatedPosts

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը
Զաւարեանական

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը

Օգոստոս 26, 2025
Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը
Զաւարեանական

Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?