Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Օրերու Հեքիաթ. Առնէտները Չքացա՞ն, Իսկ Հայրենի Հողե՞րը…

Դեկտեմբեր 18, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Գերմանիոյ Սաքսոնի շրջանէն` Հեմլըն անունով քաղաքէն մեզի հասած է հեքիաթ մը, որ հիւսուած է 1200-ական տարիներուն, ներշնչման աղբիւր եղած է գրողներու, երաժիշտներու եւ այլ արուեստագէտներու:

Հեքիաթը. Հեմլընի մէջ ատեն մը առնէտները բազմացած են` պատճառ դառնալով հիւանդութեանց ու այլ պատուհասներու: Քաղաքացիք չեն կրցած ձերբազատիլ պոչաւոր պատուհասներէն: Օր մըն ալ քաղաքին մէջ երեւցած է գունագեղ զգեստներով կախարդ մը, որ  քաղաքապետէն մեծ պարգեւի մը խոստումը առնելով` խոստացած է քաղաքը ձերբազատել կրծող չորքոտանիներէն: Կախարդը ունէր սրինգ մը, զոր նուագելով` հրապուրած է առնէտները, զանոնք առաջնորդած է դէպի մօտակայ գետ մը եւ ջրամոյն ընելով` քաղաքը փրկած է պատուհասէն:

Քաղաքապետը դրժած է խոստումը եւ զլացած է պարգեւը: Վրէժ լուծելու համար կախարդը քաշած է իր սրինգը (զինուոր չէր, որ սուր քաշէր) եւ դարձեալ նուագելով` հրապուրած է քաղաքի բոլոր մանուկները ու զանոնք առաջնորդելով քաղաքէն դուրս (քաղաքացիք կ՛աղօթէին եկեղեցւոյ մէջ)` անհետ կորսնցուցած է (տարբերակ մը կ՛ըսէ, որ զանոնք գետը թափած է, ուրիշ մը` բանտարկած է քարայրի մը մէջ): Քաղաքացիներուն զղջումն ու ափսոսանքը մնացած են անհետեւանք:

***

13-րդ դարէն ցատկենք 21-րդ դար` Հայաստան, ուր հիւսուեցաւ մեր օրերու հեքիաթը:

2018. Նիկոլ Փաշինեան, առանց գունագեղ զգեստներու, այլ հռետորական սրինգով մեր ժողովուրդին խոստացաւ երկիրը ձերբազատել երկոտանի «առնէտներէ»: Ժողովուրդը չզլացաւ, այլ զինք պարգեւատրեց` անոր վստահելով վարչապետի պաշտօնը: Փաշինեանի «սրինգը» ախորժալուր հնչեց ամբողջ 2,5 տարի, հրապուրեց հայրենի եւ արտերկրի հայութեան ստուար մէկ հատուածը: Եղան վերապահներ ու զգուշացնողներ, սակայն հրապոյրը կը հնչէր հաւաստի եւ յուսատու: Անիկա պատճառ դարձաւ, որ մարդիկ չլսեն նաեւ մօտակայ եւ հեռաւոր շրջաններ հրկիզող հրդեհներուն ճարճատիւնները:

Եւ եղաւ 27 սեպտեմբեր 2020-ի պատերազմը,

Եւ եղաւ 10 նոյեմբերի ծանօթ համաձայնագիրը:

Մարդիկ արթնցան եւ տեսան, որ Արցախի մեծ մասը կորսուած է վարչապետին ստորագրութեամբ, Զանգեզուրն ու Սիւնիքը վտանգի տակ դրուած են նոյն համաձայնագիրին մէկ յօդուածով, համաձայնագիրին բազմաթիւ կէտերը հիմա կը թուին գամուած ըլլալ անհեթեթի պատին, իսկ թշնամին կը բացայայտէ նոյնինքն Հայաստանը կլանելու ծրագիրներ:

Փաշինեանի սրինգը կը շարունակէ կախարդել շատեր, փակ կը պահէ ականջներ եւ աչքեր, ու մարդիկ կը շարունակեն հաւատալ սրինգէն հնչած այն մեղեդիին, թէ` «հիները պիտի վերադառնան» (յայտնապէս թուրքին ու ազերիին բռնակցումները նախամեծար են, անկախ անկէ, թէ հին «առնէտներու» վերադարձ չկայ օրակարգի վրայ):

Իսկ թէ «առնէտները» չքացա՞ծ են` թող պատասխանը տայ հայրենի ժողովուրդը` ինք, որ տարուած կը մնայ «2,5 տարին բաւարար ժամանակ չէ առնէտները հեռացնելու» նուագով: Իսկ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ 44 օրը բաւարար ըլլայ Արցախի մեծ մասի կորուստին, եւ ահա մէկ ամիսէ ի վեր կը շարունակենք հիներն ու նորերը մեղադրող երգչախումբին համերգը…

***

… Հայաստան-Հեմլընի բնակիչներուն զղջումն ու ափսոսանքը արդեօք պիտի ծնի նորանոր կորուստներէ ե՞տք, եւ իբրեւ մխիթարանք` Արամ Խաչատուրեանի անուան սրահին մէջ պիտի վայելենք «առեւտուր պիտի զարգացնենք եւ բարգաւաճինք»-ի համե՞րգ մը:

Հեքիաթը` հեքիաթ: Կայ դաժան ու լեղի իրականութիւնը, զոր կարելի չէ կուլ տալ, որքան ալ մեղրապատ ըլլայ ծածկոյթը:

 

11 դեկտեմբեր 2020

Նախորդը

Այս Մղձաւանջից Դուրս Գալու Ենք, Իսկ Մոլագարի Դաւաճանութիւնը Ոչ Մի Ճիգով Չի Ջնջուելու

Յաջորդը

Դէպի Ո՞ւր

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?