ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ ՄԱԿԱԼԻ
Շատ հաւանական է, որ` գտնուելով օտար երկրի մը մէջ, իբրեւ սփիւռքահայ երիտասարդ, հանդիպինք ծագումով ոչ հայ լիբանանցիի մը, որուն հետ Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին երկխօսութիւն մը ունենանք: Ասիկա բնական է, որովհետեւ մեծամասնութիւնս ընկերային կամ գործի բերումով յաճախ կը գտնուինք ոչ հայկական հաստատութիւններու կամ միջավայրերու մէջ:
Քանի մը օր առաջ համալսարանական մարզումիս ժամանակ, երբ հանդիպեցայ դասախօսիս գրասենեակը, ան ինծի հարցուց Արցախի վերջին դէպքերուն մասին: Վստահաբար կ՛ուրախանանք, երբ օտար մը հետաքրքրուի մեր հարցերով: Իսկ ես, ինքնավստահօրէն, որոշ տեղեկութիւններ տուի: Հարկ է նշել, թէ առաջին անգամը չէր, որ ան կը զրուցէր այս նիւթով, սակայն այս անգամ տարբեր աւարտ ունեցաւ մեր երկխօսութիւնը:
Յանկարծ ան արտայայտուեցաւ ու ըսաւ. «Այս թուրքերը պէտք է պատժուին, հայերը ո՛չ առաջին ազգն էք, որուն վնաս ուզեցին հասցնել, եւ ո՛չ ալ վերջինը: Բայց ես կը զմայլիմ ձեր միասնական ուժին ու անսահման կամքին վրայ: Պէտք չէ այլեւս ոեւէ անձ քաջալերէ թրքական արտադրութիւններն ու զբօսաշրջութիւնը իր երկրին մէջ»: Շատ գոհ մնացի այս քանի մը նախադասութեամբ ու մեղմ ժպիտով` «Այո՛» պատասխանեցի: Սակայն ան շարունակեց իր խօսքը ըսելով. «Բայց գիտե՞ս, ես կը ճանչնամ հայ մեծաթիւ բարեկամներ, որոնք կը ճամբորդեն Թուրքիա` ըսելով, որ հոն աւելի յարմար է, եւ նոյն ժամանակ իրենց խանութները կը բերեն այդ «հերետիկոսութիւնը»: Ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ օտարը դադրի թրքականը քաջալերելէն, երբ դուք` կարգ մը հայեր, ինքնավստահութեամբ կը յայտարարէք այս մէկը»:
Պահ մը զգացի, որ պատասխան չունէի, խորհեցայ` ի՞նչ պատասխանել: Վստահաբար ան իրաւունք ունէր… չկրցայ իրեն ըսել, որ կարգ մը հայեր միայն առերեւոյթ հայ են: Բոլորովին տարբեր ոճով, նուազ ինքնավստահ, պատասխանեցի. «Այո՛, ճիշդ ես, բայց այս խմբակը ամբողջը ազգը չի ներկայացներ»:
Սիրելի՛ ընթերցողներ, կրնայ ըլլալ, որ ձեզի հետ ալ պատահած է նոյնանման դէպք մը, ամբողջը հաստատեմ, որ մէկը չի փափաքիր գտնուիլ այսպիսի կացութեան մը մէջ, մանաւանդ` այս դժուարին օրերուն: Սիրտս կը ցաւի` ըսելով, որ այս անձին արտասանած խօսքերը քանի մը ժամ մնացին ականջիս մէջ ու չհեռացան մտածումներէս:
Բոլորս ալ գոնէ գիտենք մէկ կամ երկու հայ անձեր, որոնք քանի տարի առաջ զբօսաշրջութիւն կը կատարէին Մարմարիս, Անթալիա, Զմիւռնիա, Պոլիս եւ, առանց ամչնալու, Թուրքիա կատարած իրենց այցելութեան նկարները կը տեղադրէին Դիմատետրի իրենց էջերուն վրայ: Եւ այսօր այդ նոյն անձերը, ջնջելով այդ պատկերները (մաս մըն ալ, ոչ տակաւին), իրենց ընկերային ցանցերուն վրայ կը հրապարակեն հայ կամաւորներու կամ զինուորներու նկարները` անոնց կցելով#ArtsakhStrong #StopAzerbeijaniAgression hashtag-ները, առանց որեւէ խղճի խայթ ունենալու: Արդեօք այս մէկը պատճառներէն չէ՞, որ մենք այսօր հոս հասանք: Արդեօք մտածեցի՞ն այդ մասին` նախքան թրքական հեռատեսիլի ֆիլմշարերը դիտելը կամ թրքական արտադրութիւններ գնելը: Բայց ափսո՜ս, շատ ուշ է եւ անիմաստ է այս կէտերուն անդրադառնալ:
Այսօր այդ նոյն թշնամին չէ՞, որ նորէն կը ջարդէ ու կը սպաննէ հայ զինուորներն ու անմեղ ժողովուրդը, այդ նոյն թուրանական շարժումը չէ՞, որ կը քանդէ հայկական եկեղեցիները, դպրոցները, մշակութայի կեդրոններն ու բնակելի վայրերը: Նոյն թրքական շարժումն է, որ ահ ու սարսափ կը սփռէ ամէնուրեք: «Որքա՜ն երեխաներ անհայր մնացին, ու որքան տղաներ այդպես ալ հայր չդարձան»: Հայ մանուկներ դարձեալ որբացան, իսկ մայրեր դարձեալ հագան սեւ: Շա՜տ ուշ է:
Ի զուր չէր, որ մեր ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի անդամները կատարեցին նախազգուշական աշխատանքներ` «Ո՛չ թրքականին» կարգախօսով: Ի զուր չէ, որ հայ վաճառականներու դռներուն վրայ փակցուցին պիտակներ, բաժնեցին կոչեր: Արդեօք այդ յիշեցումներուն կարիքը կա՞ր, կամ սկիզբէն արդէն պէտք չէր թրքական կայաններ դիտել կամ թրքական արտադրութիւններ գնել, պէտք չէր երբեք իբրեւ զբօսաշրջիկ այցելել Մարմարիս կամ Պոտրում: Ամօ՛թ… ԼԵՄ-ականներն ու ԶՈՄ-ականները տարբեր ժամանակներու տեղի ունեցած ձեռնարկներուն ընթացքին բանախօսութիւններու ճամբով վերյիշեցուցին մեզի այս բոլորին մասին: Այս յիշեցումներուն բնաւ կարիք պիտի չզգային ԼԵՄ-ն ու ԶՈՄ-ը, եթէ չըլլային այսպիսի հայեր:
Մեր պայքարը անմահ է, իսկ մեր թշնամին տակաւին նոյնն է: Յուսամ արցախեան 2020-ի պատերազմը այդ բոլոր հայերուն վերջնական դաս մը կ՛ըլլայ ու կը դրոշմուի իրենց զգացումներուն վրայ: Ուշ է զղջալը կամ երանիներ շարելը, սակայն երբե՛ք ուշ չէ բարի օրինակ դառնալն ու գալիք սերունդին մեր այս սրբազան պատգամը փոխանցելը:
Փորձենք առաջին առիթով իսկ արմատախիլ ընել իրենց տգեղ սովորութիւնները, որպէսզի յաջորդին օտարին առիթը չտանք մեզի այսպիսի պատասխան տալու:
Այո՛, ես կրնայի ըսել իմ դասախօսիս. «Դուք` լիբանանցիներդ, անտարբեր էք Թուրքիոյ հանդէպ, որ 400 տարիներ շարունակ իշխեց ձեր հողերուն, իսկ դուք անոր հանդերձ չյարգեցիք ձեր նահատակները, երբ 6 մայիսի նահատակաց օրը պաշտօնական տօներու պետական ցանկէն վերցուցին»: Բայց ոչ, ես այդպիսի պատասխան չտուի: Գիտէ՞ք ինչու, որովհետեւ ես փոքր տարիքէս մեր ակումբներուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն ու մեր տուներուն մէջ սորված եմ, որ մենք միշտ եղած ենք յատուկ ու տարբեր ազգ մը, որ չենք կրնար բաղդատուիլ որեւէ ուրիշ ազգի հետ:
Բայց դժբախտաբար արդէն իսկ նոյեմբեր 9-ին կորսնցուցինք մեր շատ սիրելի Արցախին մեծ մասը` ունենալով հազարաւոր վիրաւորներ, հազարաւոր նահատակներ, եւ այս մէկը` 44 օրուան պատերազմին ընթացքին… Պարզապէս, որովհետեւ մեր մէջ ունէինք հայ ազգի վեհ ու նուիրեալ զաւակներ:
Ինչպէս Գարեգին Նժդեհ ըսած է. «Մեր դժբախտութիւնը այն չէ, որ աշխարհում կան թուրքեր, այլ այն, որ կան թուրքանման հայեր»:
Արդեօք հիմա ի՞նչ պիտի պատասխանեմ …