Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան ճանչցուեցաւ իբրեւ Ասթանայի նախորդ տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Ասթանայի կողմէ կատարուած քուէարկութեան արդիւնքին լոյսին տակ, Բարսեղեան ակումբին համակիրներուն կողմէ ընտրուեցաւ լաւագոյնը:
Նշենք, որ Բարսեղեան, Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ 19 մրցումի` նշանակելով 3 կոլ:



