Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Վեցեակի Հարթակը` Արգելապատ Արեւմուտքի Տարածաշրջան Թափանցման Դէմ

Դեկտեմբեր 16, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը մինչ սեպտեմբեր 27-ը եզակի այն ձեւաչափն էր, ուր աշխարհաքաղաքական բեւեռային ուժերը համատեղ կ՛իրականացնէին միջնորդական առաքելութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ: Ռուսիոյ դաշնութիւնն ու Միացեալ Նահանգները Եւրոպական Միութիւնը ներկայացնող Ֆրանսայի հետ կ՛աշխատէին տարածաշրջանին մէջ շահերու համընկնումի կէտերու շուրջ համաձայնութիւններ գոյացնել:

Գլխաւոր այս խաղցողներու ներգրաւուածութենէն դժգոհ էին Անգարան եւ Թեհրանը` ձեւաչափէն եւ քաղաքական առեւտուրներէն դուրս մնացած ըլլալու փաստով: Պատահական չէր, որ Պաքուն եւ Անգարան ամէն առիթի կը  քննադատէին Մինսքի խմբակի ապարդիւնութիւնը եւ կ՛առաջադրէին ձեւաչափի փոփոխութիւն: Մինչ Թեհրանը պատեհ առիթը բաց չէր ձգեր պատրաստակամութիւն յայտնելու` միջնորդի դեր վերցնելու:

Ըստ էութեան Մինսքի խմբակի ձեւաչափի սառեցումը իրականացուց Մոսկուան: Մինչեւ պատերազմը քննարկուող փաստաթուղթերուն մէջ կար խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնելու առաջադրանք: Խաղաղապահ ուժերու բաղադրութեան շուրջ չկար միջազգային համաձայնութիւն: Բնականաբար Մոսկուան չէր կրնար արտօնել, որ իր տիրոյթը նկատուող տարածքին վրայ տեղակայուէին ՄԱԿ-ի կամ ՕԹԱՆ-ի ուժեր, իսկ ատոր դիմաց Արեւմուտքը կ՛արգելակէր ռուսական ուժերու ժամանումը Արցախ:

Հիմա որ երկկողմ դիմումով Մոսկուան հրաւիրուած է  արցախեան տարածք, ատիկա արդէն համազօր է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան դուրս մղման քայլի: Բայց այդ մէկը կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց Անգարայի կանաչ լոյսին: Պաքուն միայն Անգարայի թոյլտուութեամբ կրնար դիմել Մոսկուային եւ տալ իր համաձայնութիւնը, որպէսզի իրականացուէր խաղաղապահ առաքելութիւնը:

Ասիկա արդէն կը յուշէ Արեւմուտքի տարածաշրջան թափանցման արգելապատի մասին, որ աւելիով կը փորձեն աղիւսել վեցեակի հարթակով: Երեւութապէս` պատժամիջոցներու ենթարկուող Մոսկուան, Թեհրանն ու Անգարան յայտնուած են նոյն հարթակի վրայ: Թիֆլիսն ու Երեւանը ներառելու փորձով կ՛առաջադրուի կառուցել այդ արգելապատը` դուրս ձգելով Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը: Մոսկուայի համաձայնութիւնը վեցեակին ներառուելու կը յանգեցնէ Երեւանի համաձայնութեան, յատկապէս ներկայ պայմաններուն մէջ: Խնդիրը Թիֆլիսի միանալն է. վեցեակի ստեղծման մասին Անգարայի հնչեցուցած առաջարկի նոյն օրը Վրաստանի նախագահը առաջադրեց խաղաղութեան կովկասեան հարթակ ստեղծելու գաղափարը: Այս մէկը կրնայ դիտարկուիլ իբրեւ խուսանաւում` մերժելու Անգարայի առաջարկը եւ գուցէ ստեղծելու զուտ կովկասեան հանրապետութիւններու միացեալ հարթակ: «Առաջարկ առաջարկի դիմաց» դասական բանաձեւով մերժելու թրքական նախաձեռնութիւնը: Այդ պարագային տակաւին չի փակուիր տարածաշրջանի արեւմտեան պատուհանը, ինչ որ  հակառակ ուղղութեամբ կ՛ուրուագծէ Վրաստանի մեկուսացման տանող ճանապարհը:

Մինսքի խմբակի երկու երրորդ անդամներու այցը տարածաշրջան, Արցախի մէջ հանդիպման չեղեալ նկատուիլը եւ այս բոլորէն ետք անբովանդակ յայտարարութիւն հրապարակելը առաւել եւս կը համոզեն, որ ներԵԱՀԿ-եան առումով Մինսքի խմբակի մէկ երրորդը կը պայքարի երկու երրորդին դէմ:

Այս բոլորը չեն ենթադրեր անշուշտ Մինսքի խմբակի պաշտօնական կազմալուծում: Կարգաւորման բանակցութիւնները պիտի վերաձեռնարկուին: Այստեղ սակայն կան ճշդելի կէտեր: Երեւանը բանակցութիւններուն կը մասնակցէր իբրեւ Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր: Այդ հանգամանքը կը թուի, թէ ձեւական է այլեւս, եւ ըստ էութեան այդ կարգավիճակի տէրը Մոսկուան է:

Վեցեակը աշխատելու պարագային, իր  անդամները սկզբունքով պէտք է լուծեն իրար միջեւ յամեցող խնդիրները. իսկ վեցեակի ձեւաչափը կը յուշէ, որ խնդիրները չեն վերաբերիր միայն Ստեփանակերտին եւ Պաքուին, այլ նաեւ` Անգարային եւ Երեւանին:

«Ա.»

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ցոյցերը Հետզհետէ Յաւելեալ Թափ Կը Հաւաքեն. Բազմահազար Հայորդիներ Կը Միանան Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջին

Յաջորդը

«Ամերիկեան Պատժամիջոցները Ցնցեցին Ուաշինկթընի Հետ Դաշինքի Բոլոր Հիմերը» Կ՛ըսէ Աքար

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?