Գերմանական Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ ստացաւ «Կոլտըն Պոյ»-ի մրցանակը, որ կը տրուի Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան լաւագոյն ֆութպոլիստին:
Այս տարի այս մրցանակին համար պայքարը ընթացաւ 20 ֆութպոլիստներու միջեւ:
Բայց եւ այնպէս, այդ մրցանակին տիրացողը եղաւ նորվեկիացի Հաալանտ:
Նշենք, որ 2017-ին այդ մրցանակին տիրացած էր Քիլիան Մպափէ, 2018-ին` Մաթիաս Տը Լիխթ, իսկ 2019-ին` Ժոաու Ֆելիշ: