Մեսսի Պէտք Ունի Կոլի Մը` Հաւասարելու Համար Փելէի Պատմական Մրցանիշին
Նախանցեալ օր Լեվանթէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Լա Լիկա»), Պարսելոնա արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը (1-0)` շնորհիւ Լիոնել Մեսսիի նշանակած կոլին:
Իր նշանակած այդ կոլին շնորհիւ, արժանթինցին այժմ քայլ մը միայն հեռու է պրազիլցի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Փելէի պատմական մրցանիշին հաւասարելէն:
Արժանթինցին, որ Պարսելոնայի հետ նշանակեց իր 642-րդ կոլը, կոլ մը եւս նշանակելու պարագային պիտի հաւասարի Փելէի հաստատած մրցանիշին: Ան մէկ ակումբի հետ նշանակած է 643 կոլ:
Նշենք, որ Փելէ 1956-էն 1974 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Սանթոսի:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական