Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրենիին Նահատակութեան Արմատները – Գ.- Լեզուի Կոմիտէի Նուաճումներէն, Եւ` Անդին

Դեկտեմբեր 15, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Նուաճում բառը դիտմամբ չչակերտեցինք, որովհետեւ չենք ուզեր շուքի մէջ ձգել կամ արհամարհել այն աշխատանքը, որ կը կատարուի բուռ մը մասնագէտներու եւ լեզուագէտներու կողմէ: Լեզուի կոմիտէն ենթակայ է գիտութեանց, կրթութեան, մշակոյթի եւ սպորտի (մարմնամարզ կամ մարմնակրթութիւն ըսողին լեզուն կը չորնայ) նախարարութեան:

Դրական երեսը: Եթէ ոեւէ մէկը ժամանակ տրամադրէ այցելելու այս կառոյցին կայքէջը, հոն պիտի գտնէ գոհունակութիւն առթող շատ բան: (Նոյն տրամաբանութեամբ ալ նշենք, որ նախորդ գլուխներուն տակ մեր կատարած մէջբերումներէն անդին` դրական շատ բան կայ անկասկած): Օրինակի համար, հոն կան օտար բառերու համապատասխան հայերէն բառերու սիւնակ, յորդորակներ, տեսանիւթեր, ուր լեզուական անճշդութիւններու սրբագրումին համար մատչելի բացատրութիւններ կը տրուին, կարգ մը ժապաւէններու մէջ սխալ բառամթերքի կամ օտարաբանութեանց սրբագրում եւ` նման բարիքներ: Այս միաւորը նաեւ մերթ ընդ մերթ հրապարակ կը հանէ բառացանկեր` ցոյց տալու համար, թէ ինչպիսի՛ օտարաբանութիւններ կը վիրաւորեն մեր լեզուն, եւ թէ` որքա՜ն սիրուն են համազօր` հայերէն եզրերը: (Կոմիտէն ու ենթամարմինները կազմուած են մօտաւորապէս 20 գործողներէ ու մասնագէտներէ):

Անցնինք կայքէջին վրայ տեղ գրաւած բացասական երեսին` օտարաբանութիւններուն եւ արձանագրենք քանի մը աղաղակող պարագայ, որ ինքնաբերաբար համազօր է ինքնադատապարտումի:

Կրնանք առաջին հերթին կանգ առնել այս մարմինին անուան մէջ տեղ գտած ԿՈՄԻՏԷ եզրին վրայ: Բոլորս ալ գիտենք, որ սա օտարաբանութիւն է. ընթացիկ հայերէնին մէջ վաղուց տեղաւորուած այս եզրը ձեւով մը նուիրականացում գտած է կուսակցական ոլորտի մէջ, ձեւով մը հայացած է: Հետեւաբար, եկէ՛ք, երկար կանգ չառնենք անոր վրայ, առանց անտեսելու այդ սահմանափակ նուիրականացումէն անդին` այս օտարաբանութեան առատ գործածութիւնը քիչ մը ամէն տեղ: Հայերէն համազօր եզրին գործածութիւնը` ամէն տեղ, դէպի յառաջ քայլ պիտի ըլլայ անկասկած:

Կոմիտէին ենթակայ մարմիններէն, աշխատանքի մասնագիտական խումբերէն մէկուն անուան մէջ կայ տերմինաբանութիւն եզրը: Էջին վրայ կարելի է գտնել կոմպետեցիա, ակտ, ֆիլմեր, ստաժ եւ նման օտար եզրեր: Բնականաբար մարդ գոհունակութեամբ կը տեսնէ, որ այս կոմիտէն նախանձախնդիր է մանուկներու յատուկ ժապաւէններու լեզուի առողջութեամբ (յիշատակենք գոնէ մէկ օրինակ. «Անահիտ» ժապաւէնին մէջ տեղ գտած օտարաբանութեանց կամ ժողովրդային հասարակ տեղիք արտայայտութեանց մատնանշումն ու սրբագրութեան առաջարկը): Սակայն առ նուազն զարմանալի է, թէ Լեզուի հսկողութեան բաժանմունքը ինչո՞ւ ինքզինք պարտաւոր չի զգար հետեւելու դրուած օրէնքներուն եւ սրբագրելու սեփական կայքէջին վրայի աչք ծակող սայթաքումները: Արդեօք հոն կը տիրէ «ուրիշին աչքի շիւղը տեսնելու եւ սեփականին գերանը անտեսելու» տրամաբանութի՞ւնը…

Քիչ մը աւելի մանրամասնենք: Երբ այցելէք կայքէջը, պիտի տեսնէք սիրալիր ողջոյն մը` կոմիտէին վարիչին լուսանկարին կողքի. այսպէս (հոս ալ կը պահենք Հայաստանի մէջ գործածուող «ուղղագրութիւն»-ը).

Բարի գալուստ Լեզվի կոմիտեի կայք

Յետոյ կան բացատրութիւններ, տեղեկութիւններ եւ առաջադրանքներ, որոնցմէ կը քաղենք հետեւեալները` առանց երկար մեկնաբանութեան կամ ընդգծուած օտար բառերուն հայերէն եզրերուն յիշատակութեան.

– Հիմնական թեմաներն են ՀՀ կառավարության ծրագրում լեզվաքաղաքականությունը եւ լեզվավիճակի ուսումնասիրությունները:

– Հեռուստատեսային եթերը պետք է մաքրվի հանրային հարաբերություններին փոխադարձ արհամարհանքի եւ ագրեսիվութեան ենթատեքստ հաղորդող բովանդակությունից, ինչպես նաեւ լեզվական ցածրորակ արտադրանքից:

– Ֆիլմեր, մուլտֆիլմեր եւ այլն միջոցով գրական հայերենի (այդ թվում` արեւմտահայերենի) իմացության ամրապնդումը Հայաստանում եւ սփյուռքում:

– «Ինտերնետ հանրություն» ՀԿ-ի գործակցությամբ կոմիտեն նախաձեռնել էր հայատառ դոմենային անուններ գրանցելն ու կիրառելը խրախուսող միջոցառումներ:

– ՀՀ Լեզուի կոմիտեն եւ Խ. Աբովյանի անվ. ՀՊՄՀ Լեզվաբանական հետազոտությունների լաբորատորիան  2020թ. ապրիլի 17-ին համատեղ կազմակերպում են հանրապետական գիտաժողով`

– տերմինաբանական բառարաններ, թարգմանական բառարաններ, գրաբարի բառարաններ:

– ՀԱՅԵՐԵՆԻ ԲԱՌԱՔԵՐԱԿԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹՅՈՒՆԸ. ԱԶԳԱՅԻՆՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆԸ ՆՐԱ ՏԵՐՄԻՆԱԳՈՐԾԱԾՈՒԹՅԱՆ ՄԵՋ:

– XIX դարն ավարտեց աշխարհաբար լեզվի դարեր առաջ սկսված գրականացման ու նորմավորման ընթացքը:

– Նրան կից 1995-ից գործում էր Տերմինաբանական կոմիտեի իրավահաջորդ Հայերենի բարձրագույն խորհուրդը:

– … Հեռուստատեսային ռեպորտաժներն ու հաղորդաշարերն դասակարգվել եւ պահպանվում են:

– Հետեւե՛ք մեզ. մենք ակտիվ ենք նաեւ սոցիալական կայքերում, որտեղ տարածում ենք…

– Համահայկական օլիմպիադայի աշխատանքները…

– Կոմպետենցիա (բացատրութիւն կայ հայերէնով-Ս. Մ.), ակտ, հեռուստառադիո ընկերութիւն, ֆիլմեր, տերմինարան, ստաժ…

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆԸ` այլապէս օգտակար եւ երախտաշատ գլուխին տակ, հոն` ուր նպատակը սրբագրել է եւ լեզուն օտարաբանութիւններէ ախտազերծել, չես գիտեր ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս տեղ գտած են հետեւեալները.

– ՀԱՇՎԵԳՐԵԼ | Բանկային, ֆինանսական, հաշվապահական …

– ԻՆՔՆԱԳՈԼ | Թիմային մարզական խաղերում…

Սա` թիմային եզրը իր փառաւոր տեղը ունի նաեւ ոչ մարզական աշխարհին մէջ: Այդքա՜ն հետաքրքրական եւ օգտակար «Հայ ասպետ» մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական յայտագիրը (որուն հոգեհանգիստը կատարուեցաւ չես գիտեր` ինչո՞ւ), նաեւ այլ պատկերասփռուող յայտագիրներու մէջ, մրցումները տեղի կ՛ունենան ԹԻՄ-երու միջեւ: Թիմ-ը ներկայ է նաեւ քաղաքական կեանքին մէջ` կառավարութենէն մինչեւ խորհրդարան, քաղաքապետութիւններէն մինչեւ նահանգային, կուսակցական եւ այլ ոլորտներու մէջ: Եթէ ԽՈՒՄԲ եզրը գործածուի, լսողը հաւանաբար կը կարծէ, թէ այլամոլորակայիններու մասին է խօսքը: Այսքա՛ն պարզ ու անվիճելի բառին օտար եզրը նոյնքան հեզասահօրէն սահած-հասած է սփիւռքեան մամուլ, կէտեր նշանակած է նաեւ բանաւոր արտայայտութիւններու բերդէն ներս: Եւ սա` միայն պարզ օրինակ մը:

***

Մեր այս մատնանշումներուն համար կը բաւականանանք հիմնականին մէջ պաշտօնական հասցէներով, այսինքն` սահմանադրութեան բանաձեւով, լեզուի մասին օրէնքով եւ Լեզուի կոմիտէի պաշտօնական կայքէջով: Կրնայինք նաեւ արձանագրութիւններ վերցնել այլ կայքէջերէ, որոնք ճամբայ ելած են նոյն մտահոգութենէն` օտարաբանութեանց առթած ընդվզումէն, սակայն իրենք եւս ինկած են օտարաբանութեան ծուղակին մէջ:

Հարց տանք: Սահմանադրութեան եւ Լեզուի կոմիտէի արտայայտութեանց մէջ օտար եզրերու ներկայութիւնը պէտք է ընդունիլ իբրեւ կատարուած իրականութի՞ւն, սխալին ամրագրո՞ւմն ու նուիրականացո՞ւմը, որոնք կը մնան անսրբագրելի: Լեզուի մաքուր պահպանման առաջադրանքը ամրագրելու առաքելութիւնը ունեցողներ արդեօք գիտակի՞ց են այս խոտորումներուն: Անկախ` թէ նման հարցումի պատասխանը այո է կամ ոչ, անտեսողը եւ սրբագրելու մէջ թերացողը յանցաւոր է ու դատապարտելի, չունի մտային մերկութիւնը քողարկելու թզենիի տերեւ մը անգամ:

Բայց որպէսզի չկարծուի, որ ճամբայ ելած ենք միայն սխալները մատնանշելով եւ մեր վիճելի քննադատութիւնը հիմնաւորելու մօտեցումով, յաջորդիւ քանի մը խօսք` դարմանումի, սրբագրումի միջոցներուն մասին: Հոս միայն արձանագրենք, որ անկարելիին եւ անմատչելի բարձունքներու մասին պիտի չըլլայ մեր խօսքը, այլ անհրաժեշտ է սկսիլ… ծուռ գանակը շտկելով:

27 ապրիլ-12 մայիս 2020

Նախորդը

Ամէնագէտներ Դրախտային Բուրաստանին Մէջ

Յաջորդը

Հերմինէ Աւագեան. Իմ Ու Քո Պատերազմը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?