Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտիկ Ընենք Անտառներու Ձայնը

Դեկտեմբեր 12, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Բնաւ ճամբորդա՞ծ ես ականջներովդ: Շնորհիւ աշխարհի անտառներու ձայներու քարտէսին` դուն պիտի կարենաս համակարգիչիդ վրայ կոճակի մը վրայ կոխելով անցնիլ Նոր Զելանտայի հարաւը գտնուող անտառներէն, հասնիլ մինչեւ Սլովաքիոյ անտառները` մտիկ ընելու համար սոխակներուն:

Փայտի Փառատօնը

Ամէն ամառ Անգլիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ փայտի փառատօնը «Տը թիմպըր ֆեսթիվըլ», երկրին ամէնէն մեծ անտառին մէջ, Պըրմինկհամի մօտ: Շաբաթավերջի մը ընթացքին հազարաւոր անձեր կը հաւաքուին` ներկայ գտնուելու երգահանդէսներու, տեսակցելու արուեստագէտներու հետ, մտածելու եւ երազելու, բնութեան յատկացուած մեծ տօնի մը առիթով: Սակայն, ինչպէս ուրիշ բազմաթիւ ձեռնարկներ, «Քովիտ 19»-ի համաճարակին պատճառով փառատօնը ջնջուեցաւ:

***

Որովհետեւ մարդիկ չէին կրնար հաւաքուիլ Անգլիոյ ամէնէն մեծ անտառին մէջ, «Թիմպըր ֆեսթիվալ»-ի կազմակերպիչները մտածեցին անտառը տանիլ մարդոց մօտ եւ ո՛չ միայն մէկ անտառ, այլ` աշխարհի բոլոր անտառները: Այս ծրագիրը իրականացնելու համար անոնք արձանագրեցին մօտաւորապէս երեսուն երկիրներու մէջ հարիւրաւոր անտառներու ձայները եւ ստեղծեցին համացանցի վրայ ինթըրաքթիվ քարտէս մը: Հետաքրքրուողը կրնայ քարտէսին վրայ դեղին կէտի մը վրայ կոխել, եւ ան պիտի կարենայ լսել Եւրոպայի, Ափրիկէի, Ասիոյ կամ Ամերիկաներու անտառներէն մէկուն ձայները:

Այդ արձանագրութիւններուն մէջ կարելի է լսել թռչուններուն երգերը, կապիկներուն կանչերը, ճիւղերուն ճռոցը, հովին կամ գետի մը ձայնը… Առանց մեր տեղէն շարժելու` մենք կրնանք ճամբորդել Ալասքայի Տենալի արգելոցէն մինչեւ Նոր Զելանտայի Քաօքաօ գագաթը, անցնելով Պրազիլի անտառներէն, Սպանիայէն, Հունգարիայէն… Մեր աչքերը գոցելով` մենք կրնանք տեղափոխուիլ եւ զմեզ գտնել այդ հեռաւոր անտառներուն մէջ: Այս քարտէսը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ, թէ որքա՛ն անտառը կրնայ հանգստացնող ազդեցութիւն ունենալ եւ մեզ կը մղէ երթալու եւ իսկական բնութեան մէջ շրջելու:

Իր այս աշխարհի անտառներու քարտէսը «Թիմպըր ֆեսթիվալ»-ի պատասխանատուները կոչ ուղղած են բնութեան բոլոր սիրահարներուն: Այս ձեւով դուն ալ կրնաս քու ապրած շրջանիդ մօտ անտառ մը երթալ եւ հեռաձայնովդ արձանագրել քեզ շրջապատող ձայները, մէկ վայրկեան: Այս արձանագրութեան կը կցես նաեւ անտառէն նկար մը, եւ համացանցի «Թիմպըր ֆեսթիվալ»-ի կայքէջին վրայ ձեւագիր մը լեցնելէ ետք ղրկել արձանագրութիւնդ, որ պիտի աւելցուի քարտէսին վրայ:

***

Փառատօնը կազմակերպողները կը յուսան հաւաքել մօտաւորապէս հազար ձայներ եւ անոնցմով ստեղծել բոլորին տրամադրութեան տակ գտնուող ձայներու գրադարան մը: Արուեստագէտներ պիտի կարենան այդ գրադարանէն օգտուիլ` հոնկէ առնելով անտառի ձայներ եւ անտառի այդ ձայներով յօրինել երաժշտական կամ ուրիշ գեղարուեստական գործեր: Այդ գործերը պիտի ներկայացուին յաջորդ «Թիմպըր ֆեսթիվալ»-ին ընթացքին, 2, 3 եւ 4 յուլիս 2021-ին:

Աշխարհին Շուրջ

– Աշխարհի ամէնէն փոքրիկ երկիրը Վատիկանն է. ան կը գտնուի Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի կեդրոնը: Ան ունի 18 փոսիկով կոլֆի դաշտի մը մեծութիւնը:

– Սենեկալի մէջ Ռեթպա լիճը վարդագոյն է:

– Ուքրանացիները սարդերը եւ անոնց ոստայնները բախտաբեր կը համարեն: Այս պատճառով է, որ անոնք կեղծ սարդոստայններ կը գործածեն իրենց Կաղանդի ծառերը զարդարելու համար:

– Փերուի մէջ լամաներուն կղկղանքը կը գործածուի իբրեւ վառելանիւթ:

– Աշխարհի ամէնէն տաք ընդարձակ անապատէն` Սահարայէն փոշի եւ աւազ կրնան ճամբորդել մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա մօտաւորապէս մէկ շաբաթէն:

– Աւստրիոյ մէջ Կրին լէյք լիճը ձմրան չոր պարտէզ մըն է, ուր մարդիկ կ՛երթան պտտելու: Ապա շուրջի լեռներուն ձնհալի ջուրերը կը լեցնեն լիճը գարնան վերջաւորութեան, ամրան սկիզբը, մինչեւ 10 մեթր ջուրով: Լիճին մաքուր ջուրերը կանանչ երանգ մը կը ստանան լիճին խորը գտնուած խոտերուն եւ բոյսերուն պատճառով:

Լիճին ջուրերուն մէջ սուզուողները կը տեսնեն ձուկերը, որոնք կը լողան ծառերուն կոճղերուն եւ պարտէզին նստարաններուն միջեւ:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել պատկերներուն իսկական շարքը` հասկնալու համար պատահածը:
Կրնա՞ս գտնել դպրոց հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ հետեւեալ առարկաները. գիրքը, թիթեռնիկը, գաւազանը, սանտրը, լողալու բադիկը, տապակը, մուրճը, գլխարկը, սափորը, մատիտը, վարունգը, գծաքաշը, մկրատը, սքին, օձը եւ հովանոցը:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ (11 Դեկտեմբեր 2020)

Յաջորդը

Բացելով Հայ Եւ Ճափոնցի Ժողովուրդների Պատմութեան Մի Նոր Ու Լուսաւոր Էջ

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?