Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ մարմնամարզութեան տարեվերջի միջազգային աւանդական մրցաշարքը, նուիրուած` ողիմպիական ախոյեան Միխայիլ Վորոնինի յիշատակին, տեղի պիտի ունենայ 17-21 դեկտեմբերին, ռուսական Փենզա քաղաքին մէջ, առանց հանդիսատեսներու:
Այս մրցաշարքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն հաւաքականի յառաջատար, 28 տարեկան Արթուր Դաւթեան եւ 26 տարեկան Արմէն Պետրոսեան: Անոնք երկուքն ալ հանդէս պիտի գան բազմամարտի մրցումներուն:
Նշենք, որ ներկայիս Հայաստանի մարմնամարզութեան տղոց հաւաքականը Մինսքի մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Պիելոռուսիոյ ազգային խումբին հետ:



