Եւրոպական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, Հայաստանի բազմակի ախոյեան եւ Հայաստանի կռփամարտի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Կարէն Տօնականեան Վլատիքաւքազի մէջ կը նախապատրաստուի 24 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք իր առաջին արհեստավարժ մենամարտին:
Ան իր փորձերը կը կատարէ փորձառու մարզիչ Վիթալի Սլանովի ղեկավարութեամբ, որ միեւնոյն ժամանակ առաջին ծանր քաշային կարգի աշխարհի ախոյեան ռուս կռփամարտիկ Մուրատ Քասիեւի մարզիչն է:
Անոր հետ միասին ռուսական վերոնշեալ քաղաքը մեկնեցան նաեւ Գուրգէն Մադոյեան (69 քկ) եւ Նարեկ Մանասեան (91 քկ)` իրենց մարզիչ ունենալով Ռոպերթ Պետրոսեանը:
Անոնք բոլորն ալ մինչեւ 22 դեկտեմբեր հոն պիտի մարզուին, իսկ Մոսկուայի մէջ իրենց մենամարտերուն պիտի սկսին 24 դեկտեմբերէն սկսեալ: