Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թէ՛ Վարչապետը, Թէ՛ Նախագահը Հաւատարիմ Են Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Համաձայնութեան Իրագործման» Կ՛ըսէ Լաւրով

November 24, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շաբաթ օր Երեւան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձաւ 9 նոյեմբերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ստորագրած եռակողմ յայտարարութեան, որով  դադրեցուած են Արցախի մէջ զինուորական գործողութիւնները:

Ան նշեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին երկու կողմերը գլխաւորաբար ուշադրութիւն դարձուցած են յայտարարութեան յստակ եւ լիարժէք իրագործման առնչուած խնդիրներուն: «Հայաստանի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին բոլոր կողմերը ընդունած են, որ Ղարաբաղի հարցով 9 նոյեմբերի յայտարարութիւնը այլընտրանք չունի. մենք հանդիպած ենք նաեւ Հայաստանի նախագահի հետ, թէ՛ ան, թէ՛ վարչապետը ընդգծած են, որ այս յայտարարութիւնը օգնած է լուծել լրջագոյն խնդիրներ, փրկել կեանքեր: Անոնք ամբողջովին հաւատարիմ են այսուհետեւ այս համաձայնութեան իրագործման», ըսած է Լաւրով:

Լաւրովի համաձայն, տուեալ յայտարարութեան վերատեսութեան վերաբերեալ փորձերը անընդունելի են:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ան յոյս յայտնած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն մեծ աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յուշարձաններու պահպանման հարցին մէջ: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Լաւրով մէկ օր առաջ զրուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ղեկավար Օտրէ Ազուլէի հետ` նշելով. «Պէտք է, որ կազմակերպութիւնը գոյութիւն ունեցող ուխտին համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ ատոր շուրջ մշակութային, քաղաքակրթական եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման հարցին մէջ առաւել նախաձեռնողական կերպով հանդէս գայ իր ծառայութիւններու գործադրման առաջարկներով, ինչ որ կարեւոր ներդրում պիտի ըլլայ այս հնագոյն շրջանին մէջ միջկրօնական, ազգամիջեան հաշտեցման եւ ներդաշնակութեան ապահովման համար»:

«Յոյս ունինք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն այստեղ առաւել աշխուժ գործունէութիւն պիտի ծաւալէ, քան Սուրիոյ մէջ` նախ եւ առաջ Հալէպի եւ Փալմիրի մէջ` ի պատասխան մշակութային յուշարձաններու պահպանման վերաբերեալ ստացուած մեծաթիւ դիմումներու. պարզ խօսքով` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մեր ընկերները իրենք զիրենք այնքան ալ գործօն չեն դրսեւորած», նկատած է նախարարը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը Երեւան իր կարճատեւ այցելութենէն ետք նաեւ մեկնեցաւ Պաքու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան յայտարարած է, թէ յոյս ունի, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը միանան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 9 նոյեմբերին ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններուն հիմամբ մարդասիրական առաջադրանքներու լուծման:

«Մենք կը գնահատենք, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հետեւողականօրէն կը շեշտէ շրջանին մէջ հաշտեցման խնդիրի իրագործումը, որուն մէջ մեր խոր համոզմամբ կը կայանայ հետագայ աշխատանքներու ամբողջ իմաստը, եթէ մտածենք բացառապէս միայն մարդոց մասին, եւ ոչ թէ որեւէ այլ շահի», ըսած է Լաւրով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին:

Լաւրով ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական խնդիրներու լուծման գործին մէջ միջազգային կազմակերպութիւնները ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը:

«Մենք մեր խաղաղապահներուն միջոցով ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ, ինչպէս նաեւ հայկական կողմին մասնակցութեամբ, աշխուժ կերպով կը համաձայնեցնենք մարդասիրական առաջադրանքներու լուծումը` ի շահ վերադարձող բնակչութեան: Ատիկա թէ՛ քաղաքային ենթակառոյցներու վերանորոգման հարցին լուծումն է, թէ՛ փոխադրամիջոցային ու տնտեսական ապաշրջափակման համար անհրաժեշտ բոլոր հաղորդակցութիւններու կազմակերպումը: Եւ անկասկած յոյս ունինք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, որոնք Ռուսիոյ հետ երկար տարիներ կը ղեկավարեն քաղաքական հոլովոյթը, կը միանան այդ առաջադրանքներու որոշման` հաշուի առնելով 9 նոյեմբերին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները», նշած է Լաւրով:

Նախորդը

«Պահպանել Միասնականութիւնը». Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին Պատգամը` Նահատակուած Հերոսներու Յիշատակի Արարողութեան

Յաջորդը

Հայաստանի Վարչապետը Հանդիպում Ունեցած Է Արցախի Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.