Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Այ.Էս.Էս.

Նոյեմբեր 21, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Չորս աստղանաւորդներ կիրակի գիշեր ընթացան դէպի Այ.Էս.Էս. տիեզերանաւը, անձնական ընկերութեան մը տիեզերանաւուն միջոցով` «Սփէյս Էքս» հրթիռով:

27 ժամուան «թռիչքէ» մը ետք հրթիռը հասաւ Այ.Էս.Էս.` հետը փոխադրելով երեք ամերիկացի եւ մէկ ճափոնցի աստղանաւորդները: Ճամբորդութիւնը դիւրին անցաւ, որովհետեւ «Սփէյս Էքս» գլխաւորաբար ինքնավար ձեւով կը բանի:

Այս հրթիռը ՆԱՍԱ-ի անջրպետային փոխադրութեան նոր միջոցն է: Ան կը պատկանի անձնական ընկերութեան մը` «Սփէյս Էքս»-ի միլիառատէր Էլըն Մասքի ընկերութեան:

Աստղանաւորդները Այ.Էս.Էս. անջրպետային կեդրոնին մէջ պիտի միանան հոն գտնուող ուրիշ երկու ռուս եւ մէկ ամերիկացի աստղանաւորդներու: Անոնք այս շրջուն գիտաշխատանոցին մէջ պիտի մնան վեց ամիս` դառնալով երկրագունդին շուրջ, մեր գլուխներուն վրայ, 400 քմ բարձրութեան վրայ:

Ընդամէնը «Սփէյս Էքս» պիտի արձակէ բնակուած ուրիշ երկու թռիչքներ` ՆԱՍԱ-ի հաշուոյն, 2021-ին, եւ ուրիշ չորս պարենաւորումի թռիչքներ` յառաջիկայ 15 ամիսներու ընթացքին:

 

20 Տարիներէ Ի Վեր…

… Ան կը գտնուի երկնքին մէջ, մեր գլուխներէն 400 քմ հեռու: Ան Այ.Էս.Էս. անջրպետի մէջ գտնուող կեդրոնն է, որ 20 տարիներ առաջ կ՛ընդունէր իր երեք առաջին աստղանաւորդները:

1998 թուականին է, որ կառուցման այս հսկայական աշխատանքը սկսած էր մեր գլուխներուն վրայ, 400 քմ բարձրութեամբ: Գաղափարը` ստեղծել ֆութպոլի դաշտի մը չափ ընդարձակ անջրպետային կեդրոն մը:

Այս ծրագրին կը մասնակցին տասնվեց երկիրներ` Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ճափոն, Քանատա, Իտալիա, Պելճիքա, Հոլանտա, Դանիա, Նորվեկիա, Ֆրանսա, Սպանիա, Գերմանիա, Շուէտ, Զուիցերիա, Անգլիա եւ Պրազիլ: Այս խմբակին մէջէն տասը երկիրներ անդամ են ԷՍԱ-ի` եւրոպական անջրպետային կեդրոնին: Ծրագրին ծախսը` 150 միլիառ տոլար:

Այս թուականէն ի վեր այս հսկայական տիեզերանաւը կը դառնայ երկրագունդին շուրջ` շրջանակ մը գծելով: Անոր արագութիւնը միջին հաշուով ժամական 27.600 քմ է:

***

Երկրագունդին կողմէ մեր վրայ բանեցուած ձգողական ուժը արգելք կ՛ըլլայ, որ մենք գետնէն բարձրանանք: Անջրպետին մէջ առարկաները միշտ կը քաշուին դէպի երկրագունդ, սակայն հոն ձգողական ուժը կը նուազի երկրագունդին շուրջ դարձող տիեզերանային արագութեան պատճառով:

Այս պատճառով Այ.Էս.Էս.-ին մէջ ձգողական ուժը նուազ է: Գիտնականները կ՛օգտուին այս երեւոյթէն` տիեզերանաւուն մէջ կատարելու երկրագունդին վրայ անկարելի գիտական փորձեր:

Այս ձեւով Այ.Էս.Էս.-ը դարձած է ընդարձակ գիտաշխատանոց մը, ուր աստղանաւորդները փորձեր կը կատարեն:

 

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Տիեզերքը այնքան ընդարձակ է, որ գիտնականները հաշիւներ կատարելու համար կը գործածեն լոյսի տարի: Լոյսի տարի մը կը ներկայացնէ այն հեռաւորութիւնը, որ լոյսը կը կտրէ մէկ տարուան ընթացքին, մօտաւորապէս 9,46 թրիլիոն քմ (թրիլիոն= հազար միլիառ):

– Արեւը կրնայ իր մէջ առնել մէկ միլիոն երկրագունդներ: Հակառակ ասոր, ան կը համարուի միջակ չափի աստղ մը:

– Այ.Էս.Էս.-ը կը կշռէ 390.908 քիլօ, եւ ան անդադար բնակուած եղած աստղանաւորդներու կողմէ, 2 նոյեմբեր 2000-էն ի վեր:

– Անջրպետին մէջ տաքութիւն գոյութիւն չունի: Միայն անջրպետին մէջի տարրերը, առարկաներ ունին տաքութիւն:

– Երկրագունդը մեր արեգակնային դրութեան միակ մոլորակն է, ուր ջուր գոյութիւն ունի:

– Արուսեակ մոլորակը ծածկուած է ամպի հաստ խաւով մը, որ կը ցոլացնէ արեւուն լոյսը, եւ այս ձեւով ան կը դառնայ գիշերային երկնքին մէջ ամէնէն փայլուն մոլորակը:

– Գիտէի՞ր, թէ Ուրանիւս մոլորակին լուսիններուն տրուած են անգլիացի նշանաւոր թատերագիր Ուիլիըմ Շէյքսփիրի կերպարներու անունները:

– Որովհետեւ Ուրանիւսը ունի ծռած դիրք մը, մոլորակէն իւրաքանչիւր բաժին կը ստանայ 42 տարի արեւ, եւ ապա 42 տարի մթութիւն:

– Հրատը ունի երկու լուսին` Ֆոպոս եւ Տէրմոս. երկուքն ալ ունին գետնախնձորի ձեւ:

– Հին եգիպտացիները Հրատը կը կոչէին «Հէր Տէշէր», «Կարմիրը»:

– Արուսեակի վրայ արեւը կը ծագի արեւմուտքէն եւ մար կը մտնէ արեւելք:

– Երեւակի Էնսէլատուս լուսինը ծածկուած է 100 մեթր ձիւնով:

– 1967-ին հաստատուած է միջազգային օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ որեւէ մէկ երկրի` սեփականացնել մոլորակներ, աստղեր, կամ անջրպետին մէջ որեւէ մէկ առարկայ:

– Արեւը ճերմակ կը թուի անջրպետին մէջ գտնուող աստղանաւորդի մը:

– Երկրագունդը ունի մէկ լուսին, Լուսնթագը` 50- կամ աւելի, մինչ Փայլածուն լուսին չունի:

 

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու նուագախումբերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 65` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել օդակայան հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած` փողկապը, մոմը, սանտրը, թագը, գաւաթը, ձուկը, կարթը, պատառաքաղը, ձեռնոցը, կիթառը, մուրճը, մազի ժապաւէնի հանգոյցը, հեռաձայնը, նապաստակը, գուլպան եւ ակռայի վրձինը:
Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Իսկ Հիմա Ի՞նչ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. «Զ. Մուքահալ Հիմնարկը» Կ՛եռապատկէ Իր Օժանդակութիւնը Մեսրոպեան Վարժարանին Հոգալու Համար 109 Աշակերտներու Կրթաթոշակին Մէկ Երրորդը

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?