Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՈՒՂԻ՛Ղ ԽՈՆԱՐՀԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՃԻ՛ՇԴ ՀԱՄԱՐՁԱԿԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԵՆԷՆ ՏԱՌԱՊՈՂ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻՆ…

January 23, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, յունուար 14-ին տօնեցինք Ս. Յովհաննէս Մկրտիչը կամ Ս. Յովհաննէս Կարապետը` հայերուս ամէնէն սիրուած ու ժողովրդական սուրբերէն մին:

Այս սէրը, յարգանքն ու ժողովրդականութիւնը կու գան արդէն Դ. դարէն, այո՛, մեր ազգին քրիստոնէացման առաջին տարեշրջանէն, երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ` մեր «հաւատքի հայրը», Կեսարիայէն միասին բերած Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքով եկեղեցի կառուցեց Մամիկոնեաններու Տարօն նահանգին Մուշի մէջ, որ դարձաւ նշանաւոր ուխտավայր:

«Սուրբ Կարապետ»-ին յաջորդեցին բազմաթիւ եկեղեցիներ, վանքեր ու սրբատեղիներ` «Ս. Կարապետին», «Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին» եւ «Յովհաննու Կարապետին» անուններով: Այսօր ալ համարեա չկայ հայահոծ գաղութ մը, որ չունենայ իր հայազգի «Ս. Կարապետը»:

Այսպէս, սուրբը, մեր պարագային` Յովհաննէս Մկրտիչ-Կարապետ, աստուածանման պատկերին ստեղծուած ամէնէն առաջին արուեստագէտը սիրոյ ու հաւատքի, իր էածին ազգութեան պատկանելով իսկ` կը դառնայ այն աշխարհաքաղաքացին, որ հարազատ պատկանելիութիւնն է բոլոր ազգերուն:

Համաշխարհային կամ համամարդկային պատկանելիութեամբ օժտուած Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ-Կարապետը կը սիրեմ շատ, եւ իմ սիրոյս պատճառը չէ այն իրողութիւնը լոկ, որ խարբերդցի-ատանացի պապուկս «Մկրտիչ» եւ հայրս «Կարապետ» կը կոչուէին…

Այլ նաեւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ-Կարապետը կը նկատեմ յա՜ր այժմէական սուրբը, որուն մէջ ամէնէն աւելի կը սիրեմ եւ կը ջանամ ընդօրինակել խոնարհամտութիւնն ու համարձակախօսութիւնը, ինչպէս ալ` յստակատեսութիւնը, գիտակցութիւնն ու հաւատարմութիւնը իր կանչուածութեան «ի վերուստ»:

Այսօր կ՛ուզէի գրել միայն առաջին երկու առաքինութիւններուն մասին, քանի այս երկու բարեմասնութիւններուն ակնբախ բացակայութենէն կը տառապի մեր հայաշխարհը…

Գիրս ուղի՛ղ ապրուած խոնարհամտութեան եւ ճի՛շդ կիրառուած համարձակախօսութեան մասին է, ինչպէս զանոնք կը տեսնենք Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ-Կարապետի անձնաւորութեան ու գործունէութեան մէջ:

Յիսուս Քրիստոսի կօշիկներուն խրացներն իսկ քակելու ինքզինքն անարժան յայտարարող այս խոնարհամիտ մարգարէն եւ առաքեալը կրցաւ ազատ ու խիզախ համարձակախօսութեամբ խարանել բարոյապէս խաթարուած հասարակութիւնը, խարազանել ընկերային անարդարութիւնը, մտրակել հզօրներու անբարոյականութիւնը, բարեպաշտներու մակերեսայնութիւնը, պախարակել օրինապահներու կեղծաւորութիւնը…:

Պահեցողութեամբ, մարախով, վայրի մեղրով եւ ուղտենի կարծր քուրջով ապրած ու շրջագայած հրավառ քարոզիչը, որ նախատեսեալ «ձայն բարբառոյ յանապատի» էր, իր օրինակելի խոնարհամտութեան մէջ ու վարակիչ համարձակախօսութեամբ կրցաւ յանկուցանել զանգուածները` անոնց ընդունիլ տալով «ապաշխարութեան մկրտութիւնը` մեղքերու թողութեան համար» եւ զանոնք դարձի բերելով իրենց մեղսաթաթախ ապրելակերպէն (Մրկ. 1,5-6), ինչպէս նաեւ գիտցաւ առաջնորդել մտքերը, սրտերն ու քայլերը դէպի «Գառն Աստուծոյ» (Յվհ. 1,29), Յիսուս Քրիստոսը` միշտ քարոզելով. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկնքի արքայութիւնը մօտեցած է» (Մտթ. 3,2):

Քրիստոնէական կերպարուեստին ամենասիրուած դէմքերէն մին է Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ-Կարապետ, որ յաճախ կը ներկայացուի իբրեւ անապատական ու ճգնակեաց: Իբրեւ այդպիսի անձնաւորութիւն` հայ մանրանկարչութեան մէջ անոր խորհրդանիշն է նաեւ ծառաբունին խրուած կացինը, որովհետեւ ա՛ն էր, իր խոնարհամտութեան մէջ ու համարձակախօսութեամբ, որ, խօսքն ուղղած անապաշխարողներուն, ընչասէրներուն, կեղեքիչներուն, բռնակալներուն եւ անոնց նմանազգիներուն,  խիզախեցաւ կատարել այս սպառնալից կանխատեսութիւնը. «Ահաւասիկ, տապարը մխրճուած է ծառերու արմատներուն մէջ. ամէն ծառ, որ չի տար բարի պտուղ, պիտի կտրուի եւ կրակին մէջ պիտի նետուի» (Ղկ. 3,9):

Այսօր  ուղի՛ղ խոնարհամտութեան եւ ճի՛շդ համարձակախօսութեան բացակայութենէն տառապող հայաշխարհին կը ներկայանայ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ-Կարապետ իր վերոյիշեալ առաքինութիւններով, բայց մանաւանդ` իր բարեմասնութիւններուն շնորհիւ վարած կենցաղով ու տուած քարոզներով, որոնք դառնալու են յաւերժատար ուղեգիծը մեր ամէնօրեայ կեանքին…

 

 

 

Նախորդը

ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԿԱՄ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՄՇԱԿՈՅԹ

Յաջորդը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.