Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԿԱՄ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՄՇԱԿՈՅԹ

January 23, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

«Դարը փոխուած է», կ՛ըսենք օրն ի բուն: Կեանքի բնական ընթացքին կը վերագրուի այս բանաձեւը: Քարէ դարէն մինչեւ օրս ինչ-ինչ փոփոխութիւններ եղած են մարդկային կեանքին մէջ: Կենսաձեւ, մշակութային զանազան արտայայտութիւններ, որոնք երէկ կային, այսօր չկան: Արհեստները հապա՞: Այսօր կրնանք հաշուել բազմատեսակ արհեստներ, որոնք երէկ կային, այսօր չկան: Անցեալին ձեռքով իրագործուած աշխատանքները ներկայիս մեքենայացած են: Եթէ մէկիկ-մէկիկ թուենք կորսուած կամ մոռցուած արհեստները, էջերով գրականութիւն մը պիտի ստեղծուէր:

Ըսինք` կեանքի բնական ընթացքով կը զարգանայ գիտութիւնը, կու գայ նոր դարուն ստեղծած նորութիւնը, որուն կը հետեւին մարդը, ընկերութիւնը:

Փոխուած դարը մեզի ցոյց կու տայ նաեւ փոխուած սովորութիւններ, մոռցուած աւանդութիւններ, իւրաքանչիւր ազգ` իր ձեւով: Հայ ժողովուրդը անմասն չի մնար այս հոլովոյթէն, երբեմն ալ` յառաջ անցնելով, փոխանակ զգուշաւորութեամբ հետեւողի դիրքը որդեգրելու: Հայը արարչագործ է, ինքն ալ նորութիւններ, նոր գիւտեր կրնայ հնարել եւ յանձնել աշխարհին:

Ընտանեկան կեանքէն մինչեւ ընկերային եւ մշակութային կեանք, փոփոխութիւնները արագացնողը եղաւ անշուշտ համացանցի, համակարգչային դրութիւնը: Ամէն աշխատանք, ամէն իրագործում ներկայիս կը վստահուի պարոն Պիլ Կէյցին եւ իր գործակիցներուն հնարած գիւտերուն: Փոխանակ բարեկամութիւն կատարելու իրարու քով գալով զրուցելու, կը դիմենք մեր կայքէջին ցուցմունքին, կը փնտռենք նոր բարեկամներ` մոռնալով մեր կողքին նստողը: Չենք գիտեր ինքնութիւնը նոր փնտռուած անձին, կը հետեւինք անոր խօսքերուն, քանի որ սորված ենք միջազգային լեզու մը: Փա՜ռք անգլերէնին…

Փոխուած է մինչեւ իսկ մեր խոհանոցին համն ու հոտը. կը գերադասենք ամերիկեանը, եւրոպականը, չինականը եւ միւսները: Ո՞վ պիտի ուտէ մեր մայրերուն եփածները…

Ո՞ւր մնացին նամակաբերին բերած քարտերը: Նամակատան մեր տուփերուն մէջ քարտեր չենք գտներ: Քարտ վաճառողներ ալ չկան, մեքենան ձեզի կու տայ ձեր ուզածը: Նայուածք մը կը բաւէ տեսնելու համար ձեր հասցէին ուղղուած քարտը, անշուշտ նաեւ` նամակները: Քարտերու մշակոյթը ոչ եւս է, զարմանալու կամ ափսոսալու կարիք չկայ: Կը բաւէ հեռանալ հինէն, նախկինէն: Պէտք է հիանալ նորին, մեքենային ստեղծածին: Հոն կը գտնենք «անկեղծ» բարեկամները, հոն կը զարգացնենք հայոց լեզուն, հոնկէ կը ճաշակենք մեր սիրած ճաշերը,  մաման կամ տանտիկինը չի յոգնիր, տելիվըրին ողջ մնայ:

Աւանդութիւն… Շատերուն համար այս բառը նշան է տգիտութեան, յետամնացութեան: Տակաւին ճշգրտօրէն չենք գիտեր այս բառին համարժէք իմաստը, որ խորքին մէջ կը նշանակէ «Ծանիր զքեզ»: Այսինքն մի՛ մոռնար ինքնութիւնդ, արմատներդ, ազգային հայակերտ դիմագիծդ:

Աչքերդ եւ ականջներդ տասը բաց, դիտէ, դատէ տեսածներդ: Նորագոյն գիւտերուն մէջ ո՞րն է քեզի օգտակարը, իւրացո՛ւր զայն, բայց միւս անպէտքը շպրտէ, հեռացո՛ւր քեզմէ, որովհետեւ մենք ունինք անկէ լաւը: Մի՛ մոռնար, որ մենք թագաւորութիւն ունեցած ենք արեւմտեան աշխարհներէն շա՜տ-շա՛տ առաջ: Այս տարի ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ տպագրութեան 500-ամեակը պիտի տօնենք, տեղեակ էք անշուշտ: Այդ օրերուն ո՞ւր էր Ամերիկան: Որդեգրած ենք անոր պայ-պայը, մոռցած ենք մեր աղօթաշունչ «մնաք բարով, երթաք բարով»-ները: Յո՞ երթաս, ժողովո՛ւրդ հայոց: Մշակոյթները մոռացութեան տալով` մենք կը կորսուինք: Տէր ըլլանք մեր մշակոյթին: Եթէ օր մը ելեկտրականութիւնը դադրի հոսանք տալէ, կը մարի օրտինաթէօրը, բայց մատիտը պէտք չունի ելեկտրականութեան, ոչ ալ` գիրք կարդալը: Կար ժամանակ` լուսնի լոյսով ալ կը կարդայինք: Հետեւինք բնութեան օրէնքներուն, մեր ազգային դիմագիծը եւ մեր լեզուն պահպանելու անհրաժեշտութեան:

Չկորսնցնենք մենք զմեզ…

 

 

Նախորդը

ՄԵՆՔ ԵՆՔ` ՄԵՐ ՑԱՒԵՐԸ. ՃԱԹՌՏԱՆ ԿՈՉԵՐԷՆ ՈՒ ԴԻՐՔԵՐԷՆ ՀԵՌՈՒ ՄՆԱԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՈՒՂԻ՛Ղ ԽՈՆԱՐՀԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՃԻ՛ՇԴ ՀԱՄԱՐՁԱԿԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԵՆԷՆ ՏԱՌԱՊՈՂ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻՆ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.