Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այս Օրերը

Նոյեմբեր 20, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

– Մեղրը Դադիվանքից ենք բերել. մի քիչ համբերէք, տաք փախլաւան մեղրով համեմենք, կը տանք: Համից չէք կշտանայ:

Արցախցի գեղեցկուհին մեղրածոր աչուկներով, ժինկեալով հացերուն մօտ կանգնած, հաղորդեց, ու`

– Սիրիահա՞յ էք,- շարունակեց աչքերուն ցաւոտ շեշտ մը հագցնելով եւ ցաւակից մը գտածի թեթեւ ժպիտով,- էս օրերին լաւ ծանօթ կ՛ըլնէք…

Ըսաւ ու ձայնը մարիլ սկսաւ բերնին մէջ, թաց ժպիտը կը խօսէր աչքերէն եւ կարօտ բուրող, հողի, տունի, օդի, ջուրի պապակ բուրող խօսքերով շարունակեց.

– Էս կրպակի ողջ հասոյթը Դադիվանք ենք ուղարկելու…

Դադիվանք պիտի ղրկեն հասոյթը. իրենք տունէ, տեղէ զրկուած, ապրուստի կարօտ` կը մտածեն վանքին հասոյթ ապահովել, իսկ վա՞նքը, չէր գիտեր գեղուհին, որ օրեր ետք այլեւս մերը պիտի չըլլար ուրիշ բազմաթիւ վանքերու կողքին, պատառ-պատառ խլուածներուն կարգին պիտի դասուէր:

– Տղէս Շուշիում է դեռ:

– Իմը` Մարտունիում:

– Իմը չգիտեմ ուր է` Հադրութո՞ւմ, Բերձորո՞ւմ, դեռ չի զանգահարել…

Եւ հարուած առ հարուած, փողոցը քալած միջոցիդ, կը փոթորկեն հնչող անունները ամբողջ էութիւնդ, աչքերը կը դիտես անցորդներուն, զրուցողներուն, բոլորը նոյն սառոյցը կը կրեն, լեռներու հանգած հրաբուխներուն պէս:

Հիասթափութի՞ւն, զայրո՞յթ, ցասո՞ւմ, յուզո՞ւմ, սո՞ւգ… բոլոր զգացումները քար լռութեամբ տեղ գտած են մարդոց հայեացքներուն մէջ, երբեմն կը ժայթքին անոնց լաւաները` սառը ճեղքելով, կը յորդին ու կը հոսին այտերէն ու բերնէն դէմքը կարմիր ներկելով, այրելով ելած պահուն:

Կը յորդին խօսքի տեսքով, բառեր հագած` ձայն, անարձագանգ… անպատասխան կիրք միայն, որ ժամանակ ունի` օր մը, երկու, շաբաթ մը, ամիս մը… յետո՞յ, յետոյ ի՞նչ. յետոյ միայն կորուստի ճանաչում եւ… ժամանակը կը բուժէ:

Ինչպէ՞ս… ո՞ր կորուստին վէրքը բուժուած է, սպիները միշտ կը բորբոքին, կը փաստեն իրենց գոյութիւնը հնչիւնի մը, վայրի մը, պատկերի մը ներգործութեամբ ու վերապրումները մէկիկ-մէկիկ կը թակեն յուշերուդ դարպասները…

Սուգ կայ աչքերուն մէջ, աւելի քան` նահատակներուն ինկած օրերը: Հիմա է, որ մայրերը, ընտանիքները կ՛ապրին սուգը, կը շօշափեն իսկական կորուստը կամ, ջղագրգիռ վիճակով, «ապարդիւն» արիւնահեղութեան զոհ դարձած կը սեպեն իրենց զաւակները, հիմա է, որ կորուստը ցաւ կը պատճառէ իրենց, քանի զաւակներուն կորուստին վրայ աւելի ծանր բազմեցաւ հայրենիքինը:

Համացանցին մէջ տարբեր մեկնաբանութիւններ կը կարդանք, ոմանք օրը կ՛որակեն` «Մեր պատմութեան ամէնէն սեւ էջը», պարտութեան զգացումն է կարծես, որ կը հիւծէ մեզ, կը չարչրկէ ներքուստ ու արտաքուստ: Անդամահատուածի, հաշմանդամի ապրումները կը կլանեն մեզ, դիւրին չէ հարկաւ տասնեակ օրերու «յաղթելու ենք», «յաղթում ենք», «յաղթել ենք» յանկերգին յանկարծ ուրիշ անանուն զգացում մը փոխարինէ, եւ` «Երանի՛ էսօր, էդպէս էլ չարթնանայի», կը գրէ ուրիշ մը` բոլորիս գրիչը եւ ապրումները շարժելով:

Աչքերը կը կարդան ու հուր հագած` կ՛ուզեն «թքնել մարդկային արդարութեան ճակտին»…

 

 

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեանի Ընտրութիւնը

Յաջորդը

Հրատապ

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?