Արեւմուտքը կը սադրէ հայ եւ ազրպէյճանցի ազգայնականներուն` խափանելու համար Ղարաբաղի մէջ զինադադարի մասին համաձայնութիւնները: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքին:
«Մեր ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն, արեւմտեան որոշ երկիրներ իրենց հասանելի ուղիներով հայ եւ ազրպէյճանցի ազգայնականները կը դրդեն վարկաբեկել եւ խախտել զինադադարի մասին համաձայնութիւնները», յայտարարած է Նարիշքին:
«Անոնք կը փորձեն համոզել հայերը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւնը պարտութիւն է Երեւանի համար, յառաջ կը բերուի պատերազմի յաղթական աւարտի անհրաժեշտութեան գաղափարը: Ազրպէյճանցիներուն կ՛ըսեն ընդհակառակը, որ Քրեմլինը «գողցած է իրենց յաղթանակը», երբ ազրպէյճանական բանակը մէկ քայլ հեռաւորութեան վրայ էր Ստեփանակերտի գրաւումէն», աւելցուցած է ռուս պաշտօնատարը:
Նարիշքինի համաձայն, «նման գործողութիւնները անգամ մը եւս վկայութիւն են այն բանի, որ Միացեալ Նահանգները եւ անոնց եւրոպացի ընկերները, ինչպէս միշտ, կը լուծեն իրենց խնդիրները հասարակ մարդոց, այս անգամ` հայերու եւ ազրպէյճանցիներու շահերուն հաշուոյն»:
«Ամերիկացիներն ու եւրոպացիները չեն անհանգստանար, որ իրենց սադրանքները կրնան յանգեցնել նոր արիւնահեղութեան եւ շրջանը տանիլ լուրջ զինուորական բախման», ըսած է Նարիշքին: