Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ստորագրութիւնը կոչած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ համաձայնութիւններու անշրջելիութեան երաշխիք: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Ռուսիոյ նախագահի անձնական դերը, եռակողմ յայտարարութեան տակ անոր ստորագրութիւնը չափազանց կարեւոր ներդրում է խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ եւ այս հոլովոյթի անշրջելիութեան երաշխիք է», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Մեկնաբանելով Փութինի հարցազրոյցը, որուն մէջ ան կը խօսէր լարուած կացութեան մեղմացման մասին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ Պաքուն «բարձր կը գնահատէ այն ջանքերը, որոնք ռուսական կողմը կը ձեռնարկէ հայ-ազրպէյճանական, ղարաբաղեան տագնապը լուծելու համար»:
«Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ է եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահող երկիրներէն միակ երկիրն է, որ ուղղակիօրէն սահմանակից է մեր շրջանին եւ անոր հետ ունի երկարատեւ պատմական կապեր: Ասիկա կը բացատրէ Ռուսիոյ անմիջական շահագրգռուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման հարցին մէջ», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ Պաքուն «ամբողջովին կը կիսէ» Ռուսիոյ նախագահի գնահատականը, ըստ որուն, եռակողմ յայտարարութեան կարեւոր ձեռքբերումը արիւնահեղութեան դադրեցումն է: