Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը Տակաւին Չէ Որոշուած, Ատիկա Պիտի Որոշուի Ապագային» Կ՛ըսէ Փութին

November 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ՊՐԻՔՍ կազմակերպութեան իր գործընկերներուն տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի լուծման մասին` նշելով, որ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը պահպանուին, եւ իրավիճակը կը կայունանայ: Այս մասին կը գրէ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը:

«Ռուսական կողմը ամէնէն աշխուժ ջանքերը թափած է օգնելու դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները մեր երկու բարեկամ պետութիւններուն միջեւ եւ զանոնք դրդել գտնելու փոխզիջումային լուծումներ: Մեր միջնորդութեան շնորհիւ 9 նոյեմբերին համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են ամբողջական զինադադարի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի տեղակայման մասին», ըսած է Փութին:

Ան նշած է, թէ այս բոլորը արձանագրուած են եռակողմ յայտարարութեան մէջ, որ ստորագրած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի նախագահները եւ Հայաստանի վարչապետը:

«Կարեւոր է, որ այդ համաձայնութիւնները կը պահպանուին: Զինուորական գործողութիւնները ամբողջովին դադրեցուած են, իրավիճակը կը կայունանայ: Այսպիսով, պայմաններ ստեղծուած են ճգնաժամի երկարաժամկէտ եւ լայնածաւալ լուծման համար, արդար հիմքի վրայ` թէ՛ ազրպէյճանցի, թէ՛ ալ հայ ժողովուրդներու շահերէն մեկնելով», նշած է Ռուսիոյ նախագահը:

Միւս կողմէ, Փութին «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը տակաւին որոշուած չէ: «Մենք համաձայնած ենք, որ կը պահպանենք սթաթիւս քոն, իսկ յառաջիկային ի՛նչ պիտի ըլլայ` պէտք է որոշել: Կը կարծեմ, որ եթէ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին` վերականգնուին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները, ներառեալ ժողովուրդներուն միջեւ կենցաղային յարաբերութիւնները, անոնք նաեւ պիտի ստեղծեն պայմաններ որոշելու Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը:

«Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի` իբրեւ անկախ, ինքնուրոյն պետութիւն ճանչնալ-չճանչնալուն, ատիկա կարելի է տարբեր կերպ գնահատել, սակայն ատիկա, անկասկած, զգալի հանգամանք էր, ներառեալ վերջերս, յոյս ունիմ, արդէն աւարտած արիւնալի տագնապի ընթացքին: Որովհետեւ ինքը` Ղարաբաղի չճանչցուած ըլլալը, ի միջի այլոց Հայաստանի կողմէ, զգալի հետք կը ձգէր իրադարձութիւններու ընթացքին եւ անոնց ընկալման վրայ:

«Այստեղ անհրաժեշտ է ուղիղ ըսել, որ ժամանակին նախկին վրացական ղեկավարութեան, անկասկած, յանցաւոր գործողութիւններէն ետք, ի նկատի ունիմ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ մեր խաղաղապահները հարուածելը, Ռուսիան ճանչցաւ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութիւնը: Մենք ճանչցանք նաեւ Խրիմ բնակող ժողովուրդի կամքին արտայայտումը, եւ այնտեղ բնակող մարդոց` Ռուսիոյ հետ վերամիաւորուելու ձգտումը արդար է. մենք ընդառաջ գացինք մարդոց, մենք ատիկա կատարեցինք բաց կերպով: Ոեւէ մէկուն ատիկա չի կրնար հաճելի գալ, ոեւէ մէկուն` հաճելի չգալ, սակայն մենք ատիկա ըրինք` մեկնելով այնտեղ բնակող մարդոց շահերէն, մեկնելով Ռուսիոյ շահերէն, եւ մենք չենք ամչնար ատոր մասին ուղիղ խօսելէ:

«Ղարաբաղի նկատմամբ ատիկա չէր կատարուած, ու ատիկա, ի հարկէ, զգալի ազդեցութիւն ձգած է այնտեղ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ», ըսած է Փութին:

«Հոկտեմբերին համոզած էինք Ալիեւը դադրեցնելու Ղարաբաղի մէջ մարտական գործողութիւնները` գաղթականները Շուշի վերադարձնելու պայմանով, սակայն Հայաստանը դէմ եղած է… Ինծի համար անսպասելիօրէն Փաշինեան ըսաւ, որ ատիկա իրենց համար անընդունելի է», յայտնած է Ռուսիոյ նախագահը:

Ան նաեւ բացատրած է, թէ ինչու ՀԱՊԿ-ն չէ միջամտած ղարաբաղեան տագնապին: «Միջազգային օրէնքի համաձայն, Ղարաբաղը միշտ եղած է Ազրպէյճանի անբաժանելի մասը, ՀԱՊԿ-ն չէր կրնար միջամտել, իսկ Հայաստանի վրայ ոչ ոք յարձակած է», ըսած է Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը յայտարարած է, որ Շուշի քաղաքի փոխանցման մասին հարցը երբեք չէ դրուած քննարկութիւններուն մէջ: Ըստ անոր, այդ հարցը յառաջացած է վերջին զինուորական գործողութիւններու ժամանակ: Ան նաեւ ըսած է, թէ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի թիւի բարձրացումը կարելի է միայն կողմերուն համաձայնութեան պարագային:

Խօսելով Հայաստանի մասին` Փութին նշած է, որ «փողոցի ճամբով» իշխանափոխութիւնը լաւ բանի պիտի չյանգեցնէ: Ան ընդգծած է, որ եթէ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ձեռք բերուած համաձայնութենէն հրաժարի, ատիկա երկրին համար անձնասպանութիւն պիտի ըլլար:

Նախորդը

Լաւրով. «Ամէն Բան Պիտի Ընենք, Որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Եռակողմ Յայտարարութեան Վերաշարադրման Բոլոր Փորձերը Ձախողին»

Յաջորդը

Սպանիոյ Քոնկրեսը Ազրպէյճանին Զէնքի Վաճառքը Դադրեցնելու Միջնորդութիւն Որդեգրած Է

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.