Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ռուսիայէն Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Համաձայնութեան Մանրամասնութիւնները Կ՛ակնկալէ

Նոյեմբեր 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիայէն կ՛ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով համաձայնութեան մանրամասնութիւնները: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Ըստ լրատու գործակալութեան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան կը ճանչնան Ղարաբաղի հարցին մէջ Ռուսիոյ ջանքերը, սակայն կը սպասեն համաձայնութեան մանրամասնութիւններուն, ներառեալ` անոր մէջ Թուրքիոյ դերը:

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով հաւաստած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ, Թուրքիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ որեւէ բացատրութեան կարիք ունենան, անոնք պիտի ստանան այդ բացատրութիւնը:

«Կասկած չկայ, որ եթէ Մինսքի խմբակի մեր համանախագահող գործընկերները բացատրութիւններու կարիք ունենան, ապա այդ բացատրութիւնները պիտի ներկայացուին: Աւելի՛ն, մեր դիւանագիտական գերատեսչութիւններուն միջոցով Ղարաբաղի հարցով կանոնաւոր հաղորդակցութիւններ կը կատարուին», ըսած է Փեսքով:

Անոր համաձայն, Քրեմլին չ՛ուզեր մեկնաբանել համանախագահներու երկկողմանի յարաբերութիւնները Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ:

«Մենք ունինք մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնք շատ կը գնահատենք: Ինչ կը վերաբերի մեր համանախագահներու միացեալ կարգավիճակին, ապա, ի հարկէ, մեզի համար գլխաւորը այն է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պահպանել վերջերս հաստատուած խաղաղութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչպէ՛ս ապահովել բոլոր տեղահանուածներու, գաղթականներու վերադարձը եւ այլն: Եւ ինչպէ՛ս վերահսկել այս խաղաղութեան պահպանումը», աւելցուցած է Փեսքով:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին մեկնաբանելով այդ յայտարարութիւնները յայտնած է. «Ինծի համար տարօրինակ էր ատիկա լսելը: Այս տագնապի ամէնէն թէժ փուլի դադրեցման համար Ռուսիոյ գործադրած ջանքերուն սկիզբէն եղած ենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ սերտ կապի մէջ»:

«Անկեղծ ըսելով` կը կարծեմ, որ այդպիսի յայտարարութիւնները կա՛մ կ՛արտացոլեն զանոնք տարածողներու տեղեկացուածութեան պակասը, կա՛մ ալ պարզապէս թիւրիմացութեան արդիւնք կ՛ըլլան», աւելցուցած է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է նաեւ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որուն ընթացքին «ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկուած է Ղարաբաղի հարցը»:

«Ես շուրջ մէկ ժամ այս նիւթով խօսած եմ իմ գործընկերոջս` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ: Մեր ամերիկացի գործընկերները նոյնպէս տեղեկացուած էին արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի մակարդակով` հաշուի առնելով, որ Մայք Փոմփէոն աշխատանքային այցելութիւններով արտերկրի մէջ էր», նշած է Լաւրով:

 

 

Նախորդը

Փոմփէոյի Կարծիքով` Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Պէտք Է Լուծուի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ

Յաջորդը

Լաւրով. «Ամէն Բան Պիտի Ընենք, Որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Եռակողմ Յայտարարութեան Վերաշարադրման Բոլոր Փորձերը Ձախողին»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?