Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տրիան Եւ Փոմփէօ Քննարկած Են Արցախի Հարցը

Նոյեմբեր 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ, կը փափաքին յստակացնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ ստորագրուած համաձայնագիրի մանրամասնութիւններն ու ատոր մէջ Թուրքիոյ դերը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի հանդիպումին մանրամասնութիւնները:

«Անոնք մանրամասնօրէն խօսած են Լեռնային Ղարաբաղի մասին: Իբրեւ համանախագահներ` անոնք կիսած են նոյն տեսակէտը. մենք առաջուան պէս հաւատարիմ ենք Մինսքի խմբակի ընթացակարգին մէջ մեր դերին, կը ճանչնանք Ռուսիոյ կողմէ ձեռնարկուած քայլերը, որոնք յանգեցուցած են զինադադարի հաստատման, որ գործնականին մէջ կը պահպանուի շուրջ մէկ շաբաթէ ի վեր, սակայն կան նաեւ համաձայնագիրին վերաբերող հարցեր, որոնք ռուսերը պէտք է պարզաբանեն, ներառեալ` թուրքերուն դերը», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը նաեւ յայտնած է, որ ռուսերը համանախագահները Մոսկուա հրաւիրած են` հարցը յստակացնելու, նաեւ տեղի ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լը Տրիան տեղեկացուցած է, որ զրուցած է իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ, որ նշած է, թէ իրենք քայլերու ձեռնարկած են կանխարգիլելու այն, ինչ որ իրականութեան մէջ մարդասիրական աղէտ էր, սակայն կան հարցեր, որոնք տակաւին պէտք է քննարկուին:

 

Նախորդը

«Կարելի Չէ Արտօնել Ազրպէյճանն Ու Նախիջեւանը Իրար Կապող Միջանցքի Ստեղծումը, Որովհետեւ Ատիկա Պիտի Թուլացնէ Հայաստանը» Կ՛ըսէ Պելճիքացի Երեսփոխանը

Յաջորդը

Փոմփէոյի Կարծիքով` Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Պէտք Է Լուծուի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?