«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքին մէջ Պոսթըն Սելթիքսի թուրք մարզիկ Էնես Քանթեր կրկին քննադատած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:
«Բռնապետ Էրտողանի վարչակարգը աշխարհի մեծագոյն ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն մէկն է», գրած է Քանթեր «Թուիթըր»-ի մէջ:
Յիշեցնենք, որ շաբաթ մը առաջ Քանթեր գրած էր. «Ահաբեկչութիւնը ունի նոր դէմք: 10 տարուան ընթացքին 31 տագնապ` 10 երկիրներու (Յունաստան, Ռուսիա, Կիպրոս, Սուրիա, Լիպիա, Իրաք, Հայաստան, Ֆրանսա, Սէուտական Արաբիա, քիւրտեր) հետ:
«Աշխարհը պէտք է հասկնայ, որ Էրտողանի բռնակալ եւ անգութ վարչակարգն է այդ տագնապներուն հեղինակը եւ ոչ թէ Թուրքիան: Պէտք է կեցնենք այդ ընթացքը եւ աշխարհին տանք խաղաղութիւն», ըսած էր թուրք պասքեթպոլիստը:
Այս անգամուան արձանագրութենէն ետք, Էրտողան անպայման պատուոյ դատ պիտի բանայ մարզիկին դէմ:
Մի՛ զարմանաք, եթէ դատը Թուրքիոյ նախագահը շահի:
Արդարութիւնը այսպէ՜ս կ՛ըլլայ: